ՀՕՄականները Այցելեցին Արցախի Հաշմանդամներուն


ԵՐԵՒԱՆ.– Հաշմանդամներու միջազգային օրուան առիթով ՀՕՄի Արցախի մեկուսի միաւորի անդամները այցելեցին Արցախի մէջ հաշմանդամներու հարցերով զբաղող «Վիտա» հասարակական կազմակերպութիւն: ՀՕՄականները իրենց փոքրիկ նուէրները տուին հաշմանդամներուն:
«Վիտա» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Արեւիկ Պետրոսեանի համաձայն՝ առաւօտ կանուխէն կազմակերպութիւն այցելողներուն եռուզեռը չէ դադրած: Հաշմանդամները յատուկ ուշադրութեան արժանի են։ Նոյնանման նախաձեռնութիւններու ամբողջ շարք մը նախատեսուած է։
Արեւիկ Պետրոսեան նշած է, որ թէեւ զգալի է պետութեան կողմէ հոգածութիւնն ու աջակցութիւնը, սակայն առ այսօր հասարակութեան ընկերային ծանր պայմաններ դիմագրաւող խաւին մաս կը կազմեն նաեւ հաշմանդամները:
ՀՕՄի Արցախի մեկուսի միաւորի ատենապետ Արմինէ Յարութիւնեան իր խօսքը ուղղելով հաշմանդամներուն՝ յայտնած է, որ անոնք իրենց ապրելակերպով օրինակ կը ծառայեն բոլորին: «Ձեզնից շատերը հաշմանդամութիւն են ստացել պատերազմի հետեւանքով: Դա արժանի է ակնածանքի ու խոնարհումի», շեշտած է Ա. Յարութիւնեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.