Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ»ը Թուրքիոյ Մէջ Ցուցադրելու Առաջարկ


 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ» ֆիլմը Թուրքիոյ մէջ ցուցադրելու հարցը կրկին օրակարգի վրայ է, այս անգամ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին «The Cut» ֆիլմի բեմադրիչ, գերմանաբնակ թուրք Ֆաթիհ Աքինի կողմէ։
«Արարատ»ը Թուրքիոյ մէջ ցուցադրելու իրաւունքը 12 տարի առաջ գնած էր թրքական «Պելկէ ֆիլմ» ընկերութեան սեփականատէր Սապահետտին Չեթինը, սակայն ֆիլմը ցարդ Թուրքիոյ մէջ չէր ցուցադրուած, քանի որ Չեթին կը վախնայ, որ նման քայլ մը վտանգէ սրահներու սեփականատէրերու ապահովութիւնը:
Չեթին այժմ կը կարծէ, որ Թուրքիա փոխուած է եւ կը փափաքի Թուրքիոյ մէջ ցուցադրել ֆիլմը: Ան տեղեկացուցած է, որ ֆիլմը ցուցադրելու առաջարկներ ստացած է բազմաթիւ սրահներէ, սակայն չէ յստակացուցած, թէ ե՛րբ կրնայ տեղի ունենալ առաջին ցուցադրութիւնը:
Աքին յայտնած է, որ իր ֆիլմը Թուրքիոյ մէջ կրնայ ցուցադրուիլ Հոկտեմբերին:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.