ՀՅԴ Երեւանի Կառոյցը Մայրաքաղաքին Մէջ Քաղաքական Ամէնօրեայ Ներկայութիւն Պիտի Ըլլայ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Երկիր».– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երեւանի կառոյցը շարք մը առաջարկներ ներկայացուցած էր Երեւանի քաղաքապետարանին՝ Երեւանի զարգացման 2014 թուականի ծրագիրին եւ պիւտճէին առնչութեամբ՝ մեկնելով ՀՅԴի արժէքային համակարգէն, նախընտրական ծրագիրներէն, հանրութեան տուած խոստումներէն, բայց, անշուշտ, իբրեւ առանցք ունենալով Երեւանին ու երեւանցիին շահը։
ՀՅԴ Երեւանի նորընտիր կառոյցի ներկայացուցիչ Լիլիթ Գալստեան լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին խօսած է այս մասին՝ յայտնելով. «Ցաւօք, ՀՅԴն Երեւանի աւագանիում ներկայացուած չէ, եւ այնտեղ իր տեսակէտները քաղաքական ֆորմալ ձեւաչափով արտայայտելու հնարաւորութիւն չունի, բայց դա չի նշանակում, թէ քաղաքապետին կից հանրային խորհուրդներում այդ տեսակէտները չի կարող արտայայտել»։ Անոր համաձայն, քաղաքապետին կից հանրային խորհուրդներուն մէջ ՀՅԴ Երեւանի մարզային կոմիտէն աշխոյժ կերպով պիտի ներկայացնէ իր մօտեցումներն ու տեսակէտները:
«Ամենակարեւորը՝ քաղաքական ուժի, կուսակցութեան խնդիրը նախեւառաջ մօտեցումների հրապարակայնացումն է: Եւ մեր միւս կողմում ոչ այնքան իշխանութիւններն են, որքան մեր համաքաղաքացիներին մեր մօտեցումները հասկանալի դարձնելը եւ նրանց իրաւունքների պաշտպանը լինելը», դիտել տուած է Լ. Գալստեան:
Ան նաեւ անդրադարձած է այն խնդիրներուն, որոնք առկայ են Երեւանի զարգացման 2014ի ծրագիրին մէջ: «Զարգացման ծրագիրը իրավիճակային է, որը կարճաժամկէտ խնդիրներ է լուծում եւ մայրաքաղաքի առջեւ դրուած մարտահրաւէրներին չի պատասխանում: Երեւանի գլխաւոր խնդիրներից մէկը քաղաքաշինութիւնն է, որից բխում են բազմաթիւ խնդիրներ», յայտնած է Լիլիթ Գալստեան՝ նշելով, որ իրենք արդէն խօսած են նաեւ Երեւանի երթեւեկի, կանաչապատման, աղբահաւաքման եւ այլ խնդիրներու մասին: Անոր համաձայն, իրենք քաղաքապետարանին առաջարկած են Երեւանի կեդրոնը յայտարարել քաղաքաշինական գործունէութեան յատուկ գօտի: «Մենք առաջարկել ենք, որ բնակարանային շինարարութիւնը Երեւանի կենտրոնում արգելանք ունենայ, մենք առանց այն էլ ապրում ենք սէյսմիկ վտանգաւորութեան պայմաններում: Երեւանի մշակութային պահպանութեան վերաբերեալ առաջարկել ենք, որ քաղաքաշինական տեսչութիւն ձեւաւորուի, որը վերահսկողութիւն կը հաստատի մշակութային արժէքների նկատմամբ», դիտել տուած է Լիլիթ Գալստեան:
ՀՅԴ Երեւանի կառոյցի անդամ Բագրատ Եսայեան ըսած է. «Երեւանի զարգացման ծրագիրն ու բիւջէն ունեն մի քանի թերութիւններ՝ կոնցեպտուալ մօտեցում չեն որդեգրում որեւէ հարցի նկատմամբ, ընդամէնը 1 տարուայ լուծումներ են տալիս». իբրեւ խօսուն օրինակ ան անդրադարձած է քաղաքաշինութեան կամ շէնքերու՝ երկրաշարժէն պահպանուած չըլլալու խնդիրին:
«Միւս տարի նախատեսւում է Աջափնեակ համայնքում մի քանի շէնքերի վերանորոգում, սակայն Երեւան քաղաքում կան մօտ 400 ոչ սէյսմակայուն շէնքեր: Եթէ այդ շէնքերի վերականգնումը կամ ամրացումը նման տեմպերով ընթանայ, ապա կը պահանջուի մօտ 100 տարի՝ պայմանով, որ այդ ընթացքում միւս շէնքերը չեն դառնայ ոչ սեյսմակայուն», դիտել տուած է ան:
Բ. Եսայեան անդրադարձ կատարած է Երեւանի պիւտճէին միայն մուտքային եւ ոչ ծրագրային ըլլալուն՝ օրինակ բերելով կուպրապատումը: Ան դիտել տուած է, որ միայն Երեւանի կեդրոնական փողոցները կը կուպրապատուին, փոխանակ որդեգրելու տարբեր համայնքերու մէջ շատ վատ վիճակի մէջ գտնուող փողոցներու հետեւողական ծրագրային վերականգնման քաղաքականութիւն:
Մայրաքաղաքի բնապահպանական խնդիրներուն առումով՝ Բագրատ Եսայեան տուած է Դալմայի այգիներուն օրինակը, ուր նոր կառուցուած մայրուղիի յարակից հողաշերտերը արդէն բաժնուած են կառուցապատման համար: Մինչդեռ, այդ այգիները Երեւանի համար այն յարմարաւէտ վայրերն էին, ուր իրապէս կարելի էր այգիներ տնկել, զարգացնել բնազբօսաշրջութիւնը կամ Երեւանի կեդրոնը բնակիչներուն համար ստեղծել հսկայական զբօսայգի մը:
«Կանաչ գօտիների վերականգնում կամ զարգացում ասելով՝ քաղաքապետարանն իր բիւջէում կամ ծրագրում նորից հասկանում է թփերի ներմուծում, ծաղկապատում», նշած է Բագրատ Եսայեան:
Անդրադառնալով հաշմանդամներուն խնդիրներուն՝ ան յիշեցուցած է, որ նախորդ տարի միայն երկու փոխադրամիջոցեր օժտուած էր հաշմանդամներու համար նախատեսուած վերելակներով, իսկ այս տարի նախատեսուած է միայն մէկ փոխադրամիջոց։
Երեւանի երթեւեկութեան հիմնախնդիրներու լուծման նպատակով ՀՅԴ Երեւանի կոմիտէն քաղաքապետարանին ներկայացուցած է համակարգային մօտեցում, որուն համաձայն, առաջարկուած է սահմանել տարբեր սակեր՝ փոխադրութեան միջոցին եւ ընկերային խաւերու ապահովուածութեան համաձայն։
Լիլիթ Գալստեան փոխանցած է նաեւ, որ ներկայացուած առաջարկներուն արձագանգած է Երեւանի քաղաքապետարանը՝ ընդունելով որոշ դրոյթերու վերաբերեալ քննադատութիւնը եւ խոստացած է վերանայիլ ծրագիրը: «Մեզ ասացին, որ՝ այո՛, ճիշդ է այն քննադատութիւնը, որ ծրագրային բիւջետաւորում քաղաքապետարանը դեռ չունի, բայց նախատեսում է 2015 թուականից անցնել բիւջետային ծրագրաւորման: Այս պատասխանը շատ ենք լսում՝ առայժմ միջոցներ չունենք, հաշուի կ՛առնենք, կը քննարկենք եւ այլն։ Չնայած նրան, որ ՀՅԴն ներկայացուած չէ Երեւանի աւագանու կազմում, բայց մենք ձեռքներս ծալած չենք նստելու եւ ամէն հնարաւոր եղանակով ապահովելու ենք մեր անընդհատ ներկայութիւնը Երեւանի խնդիրների բարձրաձայնման գործում», դիտել տուած է Լիլիթ Գալստեան: