ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ Կ՚ԱԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՔԱՅԼԵՐՈՒՆ
Թուրք մտաւորական, հրատակարիչ եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան Ռակըփ Զարաքօլու Hye Tert-ի մէջ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ կ՚անդրադառնայ Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած քայլերուն։
Ան կը գրէ, որ «որոշ պատմաբաններ վերջապէս եկան այն եզրակացութեան, որ 1915-ին տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն էր։ Սակայն գոյութիւն ունի խումբ մը, որ մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւնը օսմանցիներու խղճին ձգելով՝ կը փորձէ այդ «կեղտոտ» գործէն հեռու պահել ժամանակակից հանրապետութիւնը։
«Այժմ կ՚ուզեմ ձեզի ներկայացնել 1915-ին սկսած ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնն ու ցոյց տալ, որ ատիկա Թուրքիոյ հանրապետութեան ստեղծման ընթացքին ալ տեղի ունեցած է։
«Տոքթ.Մարք Հ. Ուարտ 1922-ին լոյս տեսած գիրքին մէջ կը պատմէ Անատոլուի մէջ 1921-1922-ին տեղի ունեցած տեղահանութիւններու մասին։ Օրինակ՝ 1921-ի մայիս 29-ին Պիլեճիքէն դուրս եկած 300 մարդոցմէ միայն 30 հայ եւ 110 յոյն տեղ հասան։ Մնացեալը ճամբան մահացան։
«Յունիս 3-ին Էսքիշեհիրէն եւ Քիւթահիայէն անոր հիւանդանոց 320 մարդ հասաւ։ Անոնք ճամբան թալանուած էին եւ միայն խոտ ուտելով էր որ յաջողած էին ողջ մնալ։ Անոնցմէ 125-ը յոյն էին, 187-ը՝ հայ։
«Յունիս 13-ին 574 հոգի բերին Քիւթահիայէն, Աֆիոնէն, Պիլեճիքէն։ Անոնցմէ 200-ը յոյն, իսկ 374-ը հայ էին։ 35 օր մաքրանոց մնալէ ետք, անոնք ցրուած են Խարբերդի շրջակայ գիւղերուն մէջ։
«Տոքթ. Ուարտի տուեալներով՝ 1921-1922-ին արտաքսուած է 20 հազար 526 մարդ։
«Առաջին տեղահանութենէն փրկուելէ ետք հայրենիք վերադարձած փոքրաթիւ մարդիկ վեց տարի ետք դարձեալ տեղահանութեան, աքսորի եւ կոտորածի ենթարկուեցան։
«Յոյսով եմ՝ օր մը թուրք ակադեմականները սպաննուած շարք մը գիտնականներու ցանկին մէջ, առանց կրօնական եւ ազգային խտրականութեան, 1915-ին սպաննուածներն ալ կը ներառեն։
«1915-ին սպաննուած երկու հայ լրագրողներուն Տպագրութեան թանգարանին մէջ տեղ տալով արդէն կարեւոր քայլ մը կատարուած է։ Պիտի փափաքէի, որ բժիշկները, տպագրիչները, դեղագործները, արհեստակցական միութիւններու անդամները, ակադեմիկոսները եւս 1915-ին սպաննուած իրենց գործընկերները յիշեն եւ իրենց հրատարակութիւններուն մէջ անոնց տեղ տան։
«Սպաննուած երեսփոխաններուն նուիրուած յուշարձան կառուցելը Թուրքիոյ խորհրդարանի խղճի պարտքն է.
«իսկ ընկերվարականները, անիշխանականները, տարբեր ազգերու եւ կրօններու ներկայացուցիչները ե՞րբ պիտի սկսին ուսումնասիրել, յիշատակել։
«Իսկ նկարիչնե՞րը, երաժշտութեան, թատրոնի, ճարտարապետութեան, արուեստի գործիչնե՞րը. 100-ամեակի համար դուք ի՞նչ կը մտածէք, ի՞նչ կը զգաք։ Իսկ կրօնավւորնե՞րը…»։