Գրախօսական. Եըլտըզի Պոմպան
ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ
21 Յուլիս 1905. սաստիկ թնդիւն մը կը ցնցէ ամբողջ Պոլիսը, երբ ռումբ մը կը պայթի Սուլթանական Եըլտըզ պալատի յարակից մզկիթին դիմաց, ուր կը գտնուէր Օսմանեան կայսրութան սուլթանը՝ Ապտիւլ Համիտ Բ.ը, Ուրբաթ օրուան Սելամլըքը (ծիսակարգ դարձած սուլթանին աղօթքի արարողութիւնը): Պայթիւնը, որ պատմութեան մէջ կը յիշուի որպէս «Եըլտըզի պոմպան» կամ Դաշնակցութեան պատմագրութեան մէջ՝ «Նժոյգ Գործողութիւնը» վրիպած էր իր բուն թիրախէն՝ սուլթանէն, սպաննելով 26 եւ վիրաւորելով քանի մը տասնեակ ուրիշներ: Համիտեան մենատիրական կայսրութեան եւ յատկապէս մայրաքաղաք Պոլսոյ մէջ ինչպէ՞ս կը կազմակերպուէր այսպիսի յանդուգն գործողութիւն մը։ Որո՞նք էին այս դրուագին հիմնական դերակատարները եւ ի՞նչ դրդապատճառներէ մեկնած կը մասնակցէին աննախադէպ այս արարքին։ Քաղաքական ի՞նչ հետեւանքներ ունեցաւ Սուլթանի դէմ այս մահափորձը եւ միջպետական յարաբերութիւններու մէջ ինչ փոփոխութիւններ յառաջացուց։ Ահա քանի մը հարցեր, որոնք առանցքը կը կազմեն նոր գիտաշխատութեան մը՝ “To Kill a Sultan: A Transnational History of the Attempt on Abdelhamid (1905)” (Palgrave Macmillan, 2018) հրատարակուած այս տարեսկիզբին եւ խմբագրուած Էտհեմ Էլտեմի, Հուսին Ալլուլի եւ Հենք տը Սմայէլի կողմէ:
Գիրքը, որ կազմուած է ութ հիմնական գլուխներէ եւ գրուած տարբեր պատմաբաններու կողմէ, մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւն մըն է, որ կը վերլուծէ Սուլթան Համիտի դէմ կատարուած այս մահափորձը՝ իր բազմակողմանի երեսներով փորձելով պատմագիտական մեկնաբանութիւններ տալ այն հարցադրումներուն, որոնք ցարդ մնացած էին անպատասխան: Ինչպէս վերնագիրը կը վկայէ, սոյն աշխատութիւնը առաջին հերթին փորձ մըն է Սուլթանին մահափորձը տեղադրելու աւելի լայն պարունակի մը մէջ եւ զայն դիտարկելու որպէս ազգայինի (national) եւ անդրազգայինի (transnational) պատմական համադրում: Միջպետական եւ միջկազմակերպական յարաբերութիւններու լոյսին տակ է, որ գիրքին ներածականին մէջ երեք խմբագիրները կ՛ուրուագծեն հատորին ընդհանուր կառոյցը՝ ներկայացնելով տաբրեր մօտեցումները, որոնք որդեգրուած են աշխատութեան ընթացքին: Երկար ներածութեամբ մը խմբագիրները կը բացատրեն, թէ ինչո՛ւ Եըլտըզի մահափորձը ցարդ լիարժէք գնահատումը չէ գտած Օսմանեան պատմագրութեան մէջ. պատճառներէն հիմնականը, անշուշտ, այն պարզ իրողութիւնն է, որ մահափորձը ձախողեցաւ՝ դատապարտելով դէպքը պատմութեան փոշոտ էջերուն:
Վերաբանալով մոռցուած այս անցեալը, գիրքին հիմնական նպատակը ոչ միայն այս դէպքին խորքային վերլուծումն է, այլ նաեւ բացայայտումը որոշ կապակցութիւններու միջպետական ազդակներու եւ պատմական զուգահեռ գործընթացներու, որոնք պատմագրական նորանոր մօտեցումներով հանրութեան կը հրամցուին այստեղ: Հետեւաբար, սոյն գիրքը սկզբնակէտ առնելով Յուլիս 1905ին կատարուած դէպքը՝ ոստում մը կը կատարէ «մանրա-պատմութենէն» (micro-history) դէպի «համաշխարհային պատմութիւն» (global history), ուր կը յստականան տարբեր դերակատարներու միջեւ գոյացած յարաբերութիւններն ու անոնց ծաւալը, զանոնք տեղադրելով համաշխարհայինի եւ տեղայինի խաչմերկուներուն վրայ, աստիճանաբար ճանապարհը հարթելով դէպի «խաչաձեւ պատմութեան» (Histoire croisee) ամբողջական ներկայացում: Այս առաքելութիւնը իրականացնելու միտումով, խմբագիրները ժողուած են պատմաբաններու խումբ մը, որուն անդամները իրենց մասնագիտութիւնը ի սպաս դրած են ուսումնասիրելու օսմաներէն, հայերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ այլ լեզուներով զանազան փաստաթուղթեր, որոնց քննարկումը միայն կը նպաստէ դէպքին ամբողջական մեկնաբանութեան եւ վերլուծութեան: Յիշարժան է նաեւ, որ այս խումբի պատմաբանները կու գան տարբեր մասնագիտութիւններէ, ինչպիսին են՝ միջազգային օրէնսդրութիւն, դիւանագիտական պատմութիւն, հասարակական կամ մշակութային պատմութիւն, ու շնորհիւ իրենց կատարած միջգիտակարգային (interdisciplinary) աշխատանքին, ընթերցողին առջեւ կը պարզեն ուշ Օսմանեան պատմութեան այս դրուագի բազմաշերտ կողմերը իրենց խորութեամբ:
Ներկայացնելէ ետք իրենց առաքելութիւնը, խմբագիրները կը շարունակեն ներածականը ընդհանուր ակնարկ մը նետելով 19րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20րդի առաջին տասնամեակին տիրող աշխարհաքաղաքական եւ օսմանեան կացութեան: Անոնք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ կազմակերպուած այս գործողութիւնը կը դիտարկեն իր լայն միջավայրին մէջ զուգահեռներ գծելով Եւրոպայի եւ Ռուսական կայսրութեան մէջ մինչ այդ արմատացած անիշխանական (anarchist) եւ յեղափոխական (ընկերվարական, մարքսիստական) խմբակներու եւ օսմանեան հողատարածքներու վրայ 1890ականներէն թափ առած յեղափոխական խմորումներու միջեւ: Օրինակներ բերելով տարբեր ահաբեկչական գործողութիւններէ, ինչպէս՝ Ռուսական ցար Ալեքսանտր Բ.ի (1881), Իտալիոյ թագաւոր Ումպերթօ Ա.ի (1900) եւ Ամերիկայի նախագահ Ուիլիըմ Մքինլիյի (1901) սպանութիւնները, խմբագիրները Հայ յեղափոխական կուսակցութիւններու օսմանեան գործունէութիւնը կը վերլուծեն 20րդ դարասկիզբը յատկանշող քաղաքական ահաբեկչութեանց (political violence) ընդհանուր պարունակին մէջ: Հետեւաբար, տարածաշրջանային յեղափոխական խմբաւորումներու արմատականացման ընդհանուր ծիրին մէջ է որ պէտք է հասկնալ եւ վերլուծել Եըլտըզի մահափորձն ու անոր նախորդող դէպքերու շարքը: Ինչպէս էր պարագան եւրոպական միւս պետութիւններուն կամ պետական մարմիններուն, որոնք թիրախ կը դառնային նմանատիպ յարձակումներու, Եըլտըզի մահափորձը ցոյց կու տար օսմանեան եւ համիտեան վարչակարգի ապահովական բացթողումները եւ յեղափոխական գործողութեանց կարողականութիւնը՝ օգտագործելու զանոնք հարուածելու համար տուեալ թիրախը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը որպէս հիմնական դերակատար եւ կազմակերպիչ «Նժոյգ» գործողութեան, բնականաբար պիտի կազմէր գիրքին երկրորդ գլուխը (ներածականէն ետք): Հեղինակը՝ Կայծ Մինասեան, օգտագործելով արխիւային հարուստ նիւթեր՝ կը նկարագրէ 1899էն ետք ընթացք առնող Դաշնակցական գործունէութիւնը, ինչպէս՝ «Փոթորիկ» դրամահաւաքը, որ պիտի ֆինանսաւորէր «Նժոյգ»ի կազմակերպումը, Քրիստափոր Միքայէլեանի գլխաւորութեամբ Ցուցական մարմինի մը կազմութիւնը, որուն հիմնական աշխատանքը պիտի ըլլար ծրագրել Սուլթան Համիտի դէմ կատարուելիք մահափորձը՝ իբրեւ պատժական եւ վրէժխնդրական արարք 1894-1896 թուականներու համիտեան կոտորածներուն: Մինասեան ընթերցողին նաեւ կը ներկայացնէ, թէ ինչպէ՛ս Պելճիքացի անիշխանական Էտուար Ժորիս, որ յետագային պիտի ձեռբակալուէր եւ դատուէր գործողութեան մեղսակից ըլլալու յանցանքով, սերտ կապեր մշակելով ցուցական մարմնի անդամ Վռամշապուհ Քենտիրեանի հետ՝ յաջողած էր մաս կազմել սոյն խմբակին եւ գործօն դերակատարութիւն ունենալ Սուլթանի մահափորձի կազմակերպական աշխատանքներուն մէջ: Մինասեան ժամանակագրական ձեւով կ՛ուսումնասիրէ «Նժոյգ» գործողութեան տարբեր հանգրուաններն ու հանդիպած խոչընդոտները, ինչպէս՝ Քրիստափորի եւ Վռամշապուհի վաղաժամ մահը Պուլկարիոյ Վիտոշ լեռան լանջերուն, օսմանեան ոստիկանութեան խիստ հսկողութիւնը եւ դէպքի ձախողութենէն ետք կուսակցական պատկան մարմիններու կեցուածքն ու վրդովմունքը, որ յանգեցուց Սաֆոյի կուսակցութենէն արտաքսման՝ իբրեւ Ցուցական մարմինի գլխաւոր պատասխանատու (1907 ՀՅԴ 4րդ Ընդհանուր ժողովին): Այս առումով, Դաշնակցութեան արխիւները, որոնց վրայ հիմնուած է Մինասեանի գիտաշխատութիւնը, ոչ միայն հարուստ նիւթեր կը պարունակեն հետեւելու «Նժոյգ» գործողութեան պարբերականացման (periodization), այլ կը մղեն նաեւ քննական պատմաբանը՝ կատարելու նոր հարցադրումներ: Մինասեան կ՛ամփոփէ եւ կ՛եզրափակէ իր աշխատութիւնը տալով նորանոր հարցումներ, որոնցմէ են պուլկարական եւ ռուսական պետութիւններուն գործողութենէն տեղեկացուածութեան հարցը, կամ Քրիստափորի եւ Վռամշապուհ Քէնտիրեանի կեանքերը խլող ռումբին խափանարարման հաւանականութիւնը:
Ինչ գործ ունէր Պելճիքացի Ժորիսը Ցուցական մարմինին մէջ եւ ինչպէս յայտնուեցաւ «Նժոյգ» գործողութեան պատրաստութեան աշխատանքներուն մէջ։ Ահա՛ հետաքրքրական հարցում մը, որուն Մարթին Վան Կինտըրախթըր կը փորձէ պատասխանել գիրքին երրորդ գլուխին մէջ, որ յատկացուած է Էտուար Ժորիսի հոգեմտաւոր աշխարհին եւ յեղափոխական գործունէութեան վերլուծութեան:
Գործողութենէն մէկ օր անց, Ժորիս կը ձերբակալուէր օսմանեան ոստիկանութեան կողմէ, որպէս գլխաւոր կասկածելի: Խուզարկումին ընթացքին, ոստիկանութիւնը անոր յարկաբաժինէն կը յայտնաբերէ ատրճանակներ, պայթուցիկ նիւթեր եւ յեղափոխական թերթեր: Անոր ձերբակալութիւնը պատճառ պիտի դառնար, որ «Նժոյգ»ի ցանցը բացայայտուի եւ դատավարութիւնը Եւրոպական մամուլին մէջ ստանայ «Ժորիսի Գործը» (L’affaire Joris) խորագիրը: Օգտագործելով պելճիքական պետական փաստաթուղթերու եւ Ժորիսի կողմէ գրուած նամակներու հաւաքածոյ մը՝ Վան Կինտըրախթըր Ժորիսի մասնակցութիւնը կը բացատրէ Եւրոպական եւ յատկապէս պելճիքական յեղափոխական-անիշխանական կազմակերպութիւններու գործունէութեանց լոյսին տակ: Նկարագրելով Պելճիքայի մէջ Ժորիսի անդամակցութիւնը անիշխանական եւ ձախակողմեան խմբաւորումներու՝ Վան Կինտըրախթըր կը վերլուծէ Ժորիսի յօդուածները Եւրոպական մամուլին մէջ, ուր ան պիտի գրէր նաեւ Հայկական Հարցին մասին: Աշխատանքի եւ շատ հաւանաբար արկածախնդրութեան փնտռտուքով, Ժորիս 1903ին կը հասնէր Պոլիս, ուր ան պիտի ծանօթանար Վռամշապուհ Քենտիրեանի հետ՝ որպէս «Սինկըր» հաստատութեան մէջ աշխատող իրեն աշխատակից եւ սենեկակից: Քենտիրեան, իր կարգին յաջողած էր Ժորիսի հետաքրքրութիւնը արթնցնել Հայկական Հարցին շուրջ եւ նաեւ համոզել Քրիստափորն ու Ցուցական մարմինի ընկերները, թէ Ժորիսի անդամակցութիւնը ռազմավարական շահեր պիտի բերէր գործին՝ տրուած ըլլալով Ժորիսի Պելճիքայի քաղաքացիութիւնն ու անոր յարաբերութիւնները Եւրոպական շրջանակներու ու մամուլին հետ: Իբրեւ անիշխանական գործիչ, Ժորիս կը հաւատար, թէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու փրկութիւնը պէտք էր գար միայն դուրսէն՝ տրուած ըլլալով, որ աշխատաւորական դասակարգը կը պակսէր եւ, հետեւաբար, յեղափոխութիւնը չէր կրնար կայսրութեան ներսէն պայթիլ: Ինչպէս Վան Կինտըրախթըր կը վերլուծէ՝ Ժորիս հասած էր այն համոզումին, որ միայն քաղաքական ահաբեկչութեան միջոցաւ է, որ օսմանեան հասարակական կարգը կրնար փոխուիլ: Քենտիրեանի մահը, ըստ Վան Կինտըրախթըրի, անկիւնադարձային էր Ժորիսի համար եւ եկաւ աւելիով խորացնելու անոր համոզումները Հայկական Հարցին լուծման ճանապարհին քաղաքական ահաբեկչութեան անհրաժեշտութեան մասին: Վան Կինտըրախթըրի վերլուծումը ոչ միայն պատմագիտական է, այլ նաեւ կ՛ընդգրկէ հոգեբանական որոշ մօտեցումներ, որոնց շնորհիւ հեղինակը կրցած է վերարտադրել Ժորիսի քաղաքական հայեացքներն ու մտաւոր աշխարհը:
Համիտեան գաղտնի ոստիկանութեան ընդարձակ ցանցը՝ շնորհիւ Ժորիսի ձերբակալութեան եւ մանրակրկիտ հետաքննութեան կրցած էր բացայայտել «Նժոյգ» գործողութեան ամբողջ մանրամասնութիւններն ու մասնակից անդամները: Գիրքին չորրորդ գլուխին մէջ, Թոյկուն Ալթընթաշ կ՛ուսումնասիրէ համիտեան վարչակարգի եւ ոստիկանութեան հակազդեցութիւնը ու բացուած հետաքննութիւնը: Ալթընթաշ, օգտագործելով օսմանեան ոստիկանական եւ պալատական արխիւները՝ կը վերարտադրէ հետաքննութեան ամբողջ գործընթացը եւ ընթերցողին կը ներկայացնէ օսմանեան պետական տեսակէտը եւ ահաբեչութեան պետական հասկացողութիւնը: Հեղինակը ոստիկանական գործողութիւնները կը դիտարկէ որպէս Համիտեան վարչակարգի պատերազմը անիշխանական հոսանքներու դէմ, որ արդէն սկսած էր 1880ական թուականներէն, երբ ամբողջ ժողովուրդներ եւ յատկապէս հայերը կը բնութագրուէին
որպէս ապահովական սպառնալիքներ: Հետեւաբար, այս տրամաբանութենէն մեկնած ամբողջ համայնքը ապահովական սպառնալիք մըն էր մինչեւ որ իրենց հաւատարմութեամբ ապացուցէին հակառակը: Ալթընթաշ դիպուկ կերպով կը բացատրէ, թէ ինչպէս 20րդ դարու արդիականացումը նաեւ կը նշանակէր ժողովուրդները վերահսկելու եւ դասելու նոր մօտեցումներ եւ գործիքներ, որոնք կը բարձրացնէին պետութեան կարողականութիւնը թափանցելու ժողովուրդին ամէնէն ցած եւ ցարդ անտեսանելի մնացած խաւերէն ներս անգամ: Ահա նման նոր արհեստագիտական եւ արդիական գործիքներն էին, որոնց շնորհիւ Օսմանեան ոստիկանութիւնը կարողացաւ բացայայտել Ժորիսի մեղսակցութիւնը, թաքնուած միւս ռումբերն ու կուսակցական զինանոցները ինչպէս նաեւ ձերբակալել տասնեակ ուրիշ հայ եւ յոյն յեղափոխականներ, որոնք առնչուած էին «Նժոյգ»ի զանազան աշխատանքներուն հետ: Սուլթանի ահաբեկումը ձախողած էր բայց ոստիկանութիւնը յաջողած էր կազմաքանդել Պոլսոյ եւ Իզմիրի մէջ դաշնակցական ցանցը՝ գործնական հսկայական խոչընդոտներու եւ վնասներու առջեւ դնելով կուսակցութիւնը: Պէտք է նաեւ յիշել, որ օսմանեան պետութիւնը համագործակցութեան մէջ էր Եւրոպական միւս միապետական վարչակարգերուն հետ, որոնք 1898ի Հռոմի համաժողովով որոշած էին անիշխանական հոսանքներու պայքարին դէմ միասնական քայլեր ձեռնարկել:
Ալթընթաշի աշխատութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս պայթումէն ընդամէնը քանի մը օր ետք համիտեան վարչակարգը կրցած էր իրավիճակը իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ առնել, քաղաքը դարձնելով ոստիկանական բոյնի մը, ինչպէս նաեւ գերատեսչութիւն բանեցնելով լուրերու շրջանառութեան վրայ կիրառելով գրաքննական խիստ միջոցներ: Հակառակ անոր որ մասնակիցներէն շատեր մահապատիժի դատապարտուած էին, նեռարեալ Ժորիսը եւ կինը, որ արդէն լքած էր Պոլիսը գործողութենէն առաջ, Պելճիքացի յեղափոխականը Սուլթան Համիտի կողմէ շնորհուած համաներումով մը ազատ արձակուեցաւ Դեկտեմբեր 1907ին, ձերբակալութենէն մօտաւորապէս երկու տարի ետք: Թէ ի՛նչ պայմաններու մէջ էր, որ Սուլթանը համաձայնեցաւ ահաբեկչական նման արարքի մը հեղինակը ներել, կը մնայ պատմական առեղծուած մը, որուն պատասխանը տակաւին կը մնայ վարկածական (speculative), ինչպէս Ալթընթաշ կ՛ընդգծէ իր աշխատութեան եզրափակիչ մասին մէջ: Արդեօք Սուլթանին կողմէ ձեռնարկուածը որոշ խաղ մըն էր, որ կը միտէր սէպ մը խրել յեղափոխական հոսանքներուն միջեւ կամ պելճիքական դիւանագիտութեան ճնշումներու արդիւնք էր. դժուար է սպառիչ պատասխան մը գտնել:
Գիրքին հինգերորդ եւ վեցերորդ գլուխները կարելի է համախմբել մէկ վերնագիրի տակ, որն է՝ միջազգային իրաւունքն ու դիւանագիտութիւնը: Այս աշխատութիւններուն հեղինակները՝ Հուսինէ Ալլուլ եւ Ուիլ Հենլի, իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ առնչուող կողմերու իրաւական փաստարկներն ու դիւնագիտական կեցուածքները, դէպքին յաջորդող օրերուն եւ ամիսներուն: Օգտագործելով դիւանագիտական նիւթեր եւ ժամանակակից միջազգային օրէնքի ուսումնասիրութիւններ, Ալլուլ կը նկարագրէ պելճիքական կառավարութեան ձեռնարկած քայլերը «ազատելու» համար Պելճիքացի Ժորիսը«Կարմիր Սուլթանի Ճիրաններէն կամ Արեւելեան Բռնակալէն»: Անշուշտ, պելճիքական դիւանագիտական կեցուածքը որոշ չափով հիմնուած էր Եւրոպական պետութիւններու կողմէ՝ Արեւելքն ու յատկապէս օսմանեան պետութիւնը իբրեւ ստորադաս դիտելու մարմաջէն կամ, ինչպէս յաճախ կը յիշուի, «օրիանթալիս»չ (Orientalist) աշխարհայեացքէն: Ալլուլ ոչ միայն կը ներկայացնէ պելճիքական կառավարութեան օգտագործած իրաւաբանական փաստարկները, այլ նաեւ կը վերլուծէ անոր խորքը, թաքնուած հակասութիւններն ու ներհակութիւնը: Իբրեւ օսմանեան հողատարածքին վրայ տնտեսական շահեր ունեցող պետութիւն, պելճիքական կառավարութիւնը չէր կրնար պահանջել Ժորիսի արտայանձնումը (extradition) եւ նոյն ժամանակ վտանգել տնեսական առաձնաշնորհումները: Դիւանագիտական ճնշումներն ու օսմանեան հակափաստարկները, ինչպէս Հենլի կը նկարագրէ վեցերորդ բաժինին մէջ, կու գային ցոյց տալու միջազգային օրէնքի իրաւաբանական «որմածակեր»ը (loophole) կամ թերացումները: Պելճիքական կառավարութիւնը կը պնդէր, թէ Ժորիս իր քաղաքացին էր, եւ ըստ Օսմանեան-Պելճիքական 1838ի համաձայնագիրին, պէտք էր դատուէր իր իսկ երկրին մէջ: Ինչպէս Հենլի կը բացատրէ, օսմանեան իրաւաբանները՝ գլխաւորութեամբ Կապրիէլ Նորատունկեանի, կը վիճարկէին՝ հաստատելով, թէ կատարուած դէպքը կը վերաբերէր օսմանեան սուլթանին եւ, հետեւաբար, օսմանեան դատաստանն էր, որ պէտք էր վճռէր Ժորիսի պատիժը: Միջազգային օրէնքով եւ փոքր պետութիւններու դիւանագիտութեամբ հետաքրքրուող ընթերցողներուն համար, այս երկու գլուխները յատկապէս շահեկան են, որովհետեւ հեղինակները հմուտ կերպով կը ներկայացնեն այն իրաւական գործիքները, որոնք իւրաքանչիւր պետութիւն ունէր իր իրաւագիտական զինանոցին մէջ եւ որոնցմով պէտք էր «պայքարէր» Ժորիսի համար կամ դէմ: Հելլի, իր կարգին, շեշտը կը դնէ օսմանեան դիւանագիտութեան վրայ եւ կը բարձրացնէ եւրոպական պետութիւններուն ընձեռնուած առանձնաշնորհումներու (capitulations) հարցերը, որոնք ուրիշ ոչինչ էին, եթէ ոչ օսմանեան պետութեան վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցնելու քաղաքատնտեսական գործիքներ, եւ որոնք շղարշուած էին միջազգային օրէնքով: Հելիի վերլուծումը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս 20րդ դարասկիզբին միջազգային օրէնքի փոփոխութիւնները անհատները դրին նոր հարթութեան մը վրայ, ուր անոնք պիտի նոյնանային իրենց պատկանած պետութեան շահերուն հետ, այսպիսով գործօն ազդեցութիւն ունենալով պետութիւններու օրակարգային հարցերու մշակման մէջ: Այսինքն՝ Հելլի կ՛ապացուցէ, թէ ինչպէ՛ս Ժորիսի պելճիքական հպատակութիւնը թոյլ տուաւ այս վերջինիս պետութեան յարիլ միջազգային օրէնքին եւ Ժորիսը ներկայացնել որպէս պելճիքական գերիշխանութեան ենթակայ: Այնուամենայնիւ, Պելճիքայի պետութեան ոչ-սպառնական ուժը, առիթ ընձեռեց օսմանեան պետութեան՝ օգտուելու Ժորիսի դատավարութենէն եւ ներկայանալու միջազգային դիւանագիտութեան հարթակին վրայ ոչ ամբողջովին ստորադաս դիրքերէ:
Եօթներորդ եւ ութերորդ գլուխները ընթերցողը կը փոխադրեն դիւանագիտական հարթակէն եւ միջազգային օրէնքի քննարկումէն դէպի հասարակ ժողովրդական խաւեր եւ Եւրոպական մամուլ: Հենք տը Սմայելի աշխատութիւնը ակնարկ մը կը նետէ Եւրոպական եւ յատկապէս պելճիքական մամուլին մէջ լոյս տեսած յօդուածներուն եւ խմբագրականներուն, որոնք կ՛առնչուէին Ժորիսի դատին եւ Եըլտըզի մահափորձին: Սմայելի մասնագիտական մօտեցումը ցոյց կու տայ, թէ տեղեկութիւններուն մեծամասնութիւնը, որ կու գար Պոլիսէն, դէպքին յաջորդող քանի մը օրերուն եւ ամիսներուն ընթացքին, ճշգրիտ չէր եւ հիմնուած՝ սխալ տարաձայնութեանց վրայ: Համիտեան խիստ գրաքննութիւնը կը խոչընդոտէր Եւրոպայի լրագրողներու եւ թղթակիցներու դէպքին բոլոր մանրամասնութիւններու ամբողջական հասանելիութիւնը: Ոչ միայն Եւրոպական մամուլը կը հրատարակէր խեղաթիւրուած նիւթեր, այլ, ինչպէս տը Սմայէլ կը բացատրէ, գոյութիւն ունէր ժողովուրդը կանխամտածուած ձեւով ապատեղեկացնելու երեւոյթ: «Արեւելեան Բռնակալը», «Ղուրանական արդարութիւնը» կամ «Կարմիր Սուլթանը» ոչ միայն պատումներ էին, որոնց ամէնուրէք կարելի էր հանդիպիլ Եւրոպական մամուլի էջերուն մէջ, անոնք նաեւ քաղաքական գործիքներ էին, որոնք կեանքի կոչուած էին լուծելու ներազգային (հիմնական պելճիքական) հարցեր: Այս երեւոյթին քննարկումն է, զոր Մարնիքս Պէյէն կը կատարէ ութերորդ գլուխին մէջ՝ նկարագրելով այն մտաւորականները, որոնք պելճիքական հասարակութիւնը զօրաշարժի ենթարկեցին՝ ի պաշտպանութիւն Ժորիսի ազատութեան: Պէյէն կը նկարագրէ «մարդկային իրաւունքներ» եզրին գործնականացումը, երբ ձախակողմեան մտաւորականներ (ճանչցուած որպէս «Ժորիսականներ» (Jorisards) կը շեշտադրէին «քրիստոնեայ Ժորիսը» ընդէմ «Բարբարոս Արեւելքի» զգացական պատումը: Այս իմաստով, այս բաժինի օգտագործուած աղբիւրները մեծ մասամբ կը բաղկանան մամուլին մէջ հրատարակուած յօդուածներէ, ծաղրանկարներէ կամ զօրակցական կոչերէ, որոնց հանդէպ քննական մօտեցումը թոյլ կու տայ պատմաբանին կարդալու տողատակի կամ շատ յաճախ ակնբախ հասարակական տրամադրութիւնները եւ հասկնալու ստեղծուած տիսքուրսի (ճառի, խօսքի-Խմբ.) ներքին տրամաբանութիւնը, որ պիտի կարենար կողմնորոշել Եւրոպական հասարակական կարծիքը: Սմայելի եւ Պէյէնի աշխատութիւնները զիրար կ՛ամբողջացնեն այն իմաստով, որ առաջինը կը վերլուծէ հակա-օսմանեան զգացումներու եւ պատումի ներքին տրամաբանութիւն ու սկզբունքները, որոնք կը բխէին եւրոպական պետութիւններու գերադասութեան բարդոյթի աշխարհայեացքէն, իսկ երկրորդը՝ կը վերլուծէ ժողովրդական զօրաշարժը ի պաշտպանութիւն Ժորիսի՝ որպէս սոյն տրամաբանութեան արտացոլման շարժաբանութիւն:
Չորրորդ գլուխէն սկսեալ, գիրքին առանցքը կը զարգանայ Ժորիսի եւ Եւրոպական հակազդեցութեան շուրջ ստուերի մէջ ձգելով հայկական կամ Դաշնակցութեան մէջ ընթացող զարգացումներն ու փոփոխութիւնները, սակայն գիրքին եզրափակիչ մասը կը յաջողի վերստին լուսարձակի տակ առնել պատմութեան այս երեսը: Հեղինակը՝ Իփեք Եոսմաօղլու, ամփոփում մը կատարելով՝ ընդհանուր ակնարկ մը կը նետէ օսմանեան հայերու համայնքային եւ քաղաքական կեանքի 19րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ: Եոսմաօղլու կու գայ ըսելու, թէ Հայ յեղափոխական կուսակցութիւններու գործունէութիւնը պէտք է հասկնալ որպէս օսմանեան հայ համայնքէն ներս ստեղծուած երկփեղկումի (պոլսակեդրոն եւ գաւառահայութիւն), բարենորոգումներ յառաջացնելու օսմանեան պետութեան ապիկարութեան, ինչպէս նաեւ արդիականացման հետ յառաջացած քաղաքական ահաբեկչութեան օգտագործած նորարար գործիքներու (ինչպէս Եըլտըզի մահափորձի ականուած կառքը) մէկտեղում: Ինչպէս հեղինակը դիպուկ կերպով կը բացատրէ, այս երեք հանգամանքները, կարելի չէ տարանջատել եւ միայն անոնց պատմագիտական համարկումով է որ կարելի պիտի ըլլայ ճիշդ պարունակին մէջ զետեղել Եըլտըզի մահափորձը: Սոյն աշխատութիւնը յաջողեցաւ բազմաթիւ պատասխաններ գտնել հարցադրումներու, որոնք թաղուած էին անցեալի ծալքերուն մէջ տրամադրելով գիտական այն աւիշը, որմով կարելի պիտի ըլլայ հարթել ճանապարհը դէպի նորանոր ուսումնասիրութիւններու եւ նիւթերու, որոնք դուրս մնացած են գիրքին տեսադաշտէն՝ ինչպէս ռուսական եւ պուլկարական պետութիւններու հակազդեցութիւննը ու գործօնը, օսմանեան մամուլը եւ այլն։ Անշուշտ նման գիտական նախաձեռնութիւններ կ՛ենթադրեն նոր մօտեցումներ, որոնք կարելի եղածին չափ զերծ պէտք է մնան քաղաքական նախապաշարումներէ, զարգանան քննական մտածողութեան խորքով եւ մասնագիտական եւ լեզուագիտական տարբեր հմտութիւններու համադրումով: Ինչպէս է պարագան այս գիրքին, խմբագիրներն ու հեղինակները կատարած են քաջալերելի աշխատանք մը, որ լոկ ռումբի մը պատմութենէն անդին կ՛անցնի զայն բարձրացնելով միջազգային օրէնքի, դիւանագիտութեան, արդիականացման ձեւերու եւ միջոցներու քննարկման աւելի լայն հարթակ: