Ժողովրդավարութիւնը եւ մանդատները վերցնելու թէ վար դնելու (ընդդիմութեան) տիլեման
- (0)

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Անկախութենէն ի վեր, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը գրեթէ նոյնացաւ իշխանութեան վրայ գտնուող, այսինքն՝ պետական մեքենային վրայ ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատած եւ, հետեւաբար, վարչական լծակներու անկաշկանդ շահագործման կարողութիւն ունեցող քաղաքական ուժի վերարտադրման օրինականացումը արձանագրող ընտրական գործընթացին հետ: Փաստօրէն, միայն երկու առիթով իշխանութեան վրայ գտնուող ուժի շարունակականութիւնը բացառուած է. մէկը 1998-ին, պալատական յեղաշրջման ճամբով, միւսն ալ քսան տարի յետոյ զանգուածային զօրաշարժով:
Ընտրութիւններուն յաղթած քաղաքական ուժը միշտ ալ հետամուտ եղած է, որ իշխանութիւնը բացարձակ ըլլայ: Այսինքն՝ Խորհրդարանէն ներս երբեք չձեւաւորուի հակակշռութիւն բանեցնելու տոկոսի ընդդիմութիւն, որուն հետ պարտի ինչ որ համաձայնութեան հասնիլ: Ընդ որում, ընտրական գործընթացէն անդին ժողովրդավարական քաղաքական մշակոյթ, ուր երկխօսութիւնը, փոխ-հասկացողութիւնն ու, ի հարկին, փոխադարձ զիջումներով համաձայնութեան հասնելու նախանձախնդրութիւնը հիմնարար տարրեր են, չէ կազմաւորուած:
Պարագան տարբեր չէ 2018-էն ի վեր իշխանութեան վրայ գտնուող ուժին, որ ուզած է բրենդաւորել հայկական ժողովրդավարութիւնը, կամ բրենդաւորուիլ որպէս Հայաստանի ժողովրդավարութեան միակ «երաշխաւոր»: Եւ յաջողած է, որովհետեւ այդ տարուան իշխանափոխութիւնը գունաւորուեցաւ որպէս Թաւշեայ, Ժողովրդավար, Սիրոյ… «յեղափոխութիւն», Արեւմուտքին ոչ միայն սրտամօտ երեւոյթ մը, այլ հոն պատրաստուած եւ Հայաստան ներածուած տեսութիւններ եւ գործնական քայլեր, որոնք, 2018-ը վկայ, յաջող կերպով ադապտացուեցան հայաստանեան իրականութեան: Հետեւաբար, եթէ անկախութենէն յետոյ տարբեր ընտրութիւններուն ներկայ միջազգային դիտորդներ միշտ ալ արձանագրած են, որ «եղած են խախտումներ, բայց անոնք չեն ազդած արդիւնքին վրայ», նոյնը շատ աւելի համոզումով պիտի ըսուէր ժողովրդավարութեան բրենդակիր իշխանութեան մը համար, առանց շատ ուշադրութիւն դարձնելու ժողովրդավարութեան քաղաքական մշակոյթի կազմաւորման վերոնշեալ միւս երեսներուն:
Ընտրութիւնները նաեւ կարեւոր են, գոնէ Պաղ Պատերազմի աւարտէն ի վեր, իշխանութեան մը օրինականութեան միջազգային վաւերագրման համար, ի մասնաւորի եթէ անոր ետին կան աշխարհաքաղաքական շահեր: Ժողովրդավարութեան քաղաքական մշակոյթի կազմաւորումը ներքին գործընթաց մըն է, այնքան ատեն որ նման շահագրգռութիւն եւ խօսոյթ ըլլայ հասարակութեան մը քաղաքական վերնախաւին մօտ – ինչ որ պարագան չէ հայաստանեան քաղաքական վերնախաւին, եւ նուազ՝ ժողովրդավարութեան բրենդակիր հատուածին, որ քաղաքական երկբեւեռման ու սեւուսպիտականացման մշակոյթն է որ ամրագրեց անցնող հինգ տարիներուն:
Յունիս 7-ի ընտրութիւններուն արդիւնքով միակ փոփոխութիւնը անցնող հինգ տարիներուն Ազգային Ժողովէն ներս «ամենախոշոր ընդդիմադիր ուժ»ին տեղափոխումն է երկրորդ կարգ, ի հետեւանք նուազ ձայներ ստանալուն: Իր տեղը զիջած է իշխանութեան վրայ գտնուող ուժի անհանդուրժողականութեան մէկ ապօրինի եւ վայրագ դրսեւորումէն յետոյ կազմուած քաղաքական ուժին: Եւ եթէ քուէներու վերջնական հաշուեհամարով երրորդ ընդդիմադիր ուժ մը Խորհրդարան չանցնի, իշխանութեան վրայ մնալու յաջողած ուժը, թէկուզ եւ հինգ տարի առաջուան բաղդատած նուազ տոկոսի քուէներ հաւաքած ըլլայ, ոչ միայն կառավարութիւն պիտի կազմէ, այլ խորհրդարանական իր մեծամասնութեամբ պիտի վարուի այնպէս ինչպէս անցնող հինգ տարիներուն. առանց երբեք մտահոգուելու որ ամէն առաջարկ, որ տանի Ազգային Ժողով, պիտի անցնի, կառավարութեան ոչ մէկ նախաձեռնութիւն պիտի կասեցուի, իսկ ընդդիմութենէն եկած որեւէ օրէնսդրական նախաձեռնութիւն, թէկուզ եւ պարզ յայտարարութիւն, պիտի ձախողի օրակարգի անցնիլ: Այս կացութիւնը նաեւ քաղաքական հրամայական մըն է արագացնելու համար արտաքին եւ աշխարհաքաղաքական բոլոր այն պատուէրներու գործադրումն ու օրինականացումը, որոնց միջոցաւ ալ պիտի ամրագրուի «իրական» Հայաստանի իր ծրագիրը:
Եթէ ի վերջոյ Ազգային Ժողովէն ներս կազմաւորուի մեծամասնութիւնը զսպելու չափ պատգամաւոր ունեցող ընդդիմութիւն մը, ապա եւ թերեւս այդ մէկը, թէկուզ եւ ստիպողաբար ու ակամայ, յանգեցնէ փոխ-համաձայնութեան հասնելու ձգտող երկխօսութեան մը, եթէ ոչ մշակոյթին, գոնէ պրակտիկայի սկզբնաւորումին: Այդ պայմաններուն մէջ, ընդդիմութեան համար մանդատները վերցնելը աւելի քան հրամայական է:
Այլապէս, Խորհրդարանէն ներս իմպոտենտ ընդդիմութիւն մը միջազգային համայնքին մօտ պիտի օրինականացնէ իշխանութեան բոլոր քայլերը. ներքին ոլորտին մէջ՝ ոչ միայն կանխատեսելի այլ բառացիօրէն խոստացուած ճնշումները, ձերբակալութիւնները, յարուցուած դատական հարցերը…, եւ արտաքին-աշխարհաքաղաքական պատուէրներու անխափան կատարումը:
Մանդատները վար դնելը սահմանադրականօրէն չի խանգարեր մեծամասնութեան կողմէ իշխանութեան վրայ մնալու որոշումը: Կազմուելիք կառավարութեան միջազգային օրինականացումն ալ մասնաւոր խնդիր պիտի չդիմագրաւէ այդ պարագային: Այս իրողութեան լոյսին տակ, կարգ մը դիտորդներու համաձայն, մանդատները վար դնելով ընդդիմութիւնը աւելի անկաշկանդ պիտի կարենայ ժողովրդային մակարդակի զօրաշարժով դիմադրել կառավարութեան, քան այն ինչ փորձուած է անցնող հինգ տարիներուն «խորհրդարանական եւ փողոցային պայքար»ի տարբերակով: Պիտի աւելցնել, որ այդ մէկը անհրաժեշտ բայց ոչ բաւարար պայման է Հայաստանի նման արտաքին եւ աշխարհաքաղաքական գերկախուածութեան տակ գտնուող փոքր ու խոցելի երկրի մը համար: Ձեւը պէտք է գտնել հասնելու արտաքին ուժերուն, ինչ որ, պարզ է աւելի դժուար է մանդատները վար դնելէն յետոյ:
Եւ ամէնէն կարեւոր հարցումը. նման պլան Բ. երբեք մտածուա՞ծ է ընդդիմութեան կողմէ…