Սաղաթէլեան․ «Հայաստան» դաշինքը պիտի վիճարկէ ընտրութիւններու արդիւնքները Սահմանադրական դատարանին մէջ

ԵՐԵՒԱՆ․- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ եւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ «Հայաստան» դաշինքը բողոքարկած է յունիսի 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն շարք մը ընտրատեղամասերու արդիւնքները, որոնց վերաբերեալ վերահաշուարկ պիտի կատարուի։

Սաղաթէլեանի նշեց, որ գոյութիւն ունի ընտրատեղամասերու ստորագրուած արձանագրութիւններուն եւ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կայքին մէջ հրապարակուած տուեալներուն միջեւ ակնյայտ անհամապատասխանութիւն։

Ան տեղեկացուց նաեւ, որ դաշինքը կը պատրաստուի Սահմանադրական դատարան դիմելու՝ ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկելու համար՝ նշելով, թէ ընտրութիւնները տեղի ունեցած են ճնշումներու եւ անարդար պայմաններու մէջ, աւելցնելով, որ համապատասխան փաստաթուղթերու փաթեթը ներկայիս պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։

Անդրադառնալով խորհրդարանական լիազօրութիւնները ստանձնելու հարցին՝ Սաղաթէլեան նշեց, որ վերջնական որոշումը պիտի կայացուի ընդդիմադիր քաղաքական ուժերուն հետ խորհրդակցութիւններէն ետք եւ միասնական ձեւով։ Ան ընդգծեց, որ իրենց դիրքորոշումը պիտի բխի հետագայ քաղաքական քայլերու ընդհանուր տրամաբանութենէն։

Սաղաթէլեան նաեւ շեշտեց, որ կարեւոր կը նկատեն հասկնալ՝ արդեօք «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը պիտի յաղթահարէ՞ խորհրդարան մտնելու շեմը՝ նշելով, որ իրենց կարծիքով այդ գործընթացին մէջ եւս լուրջ անօրինականութիւններ արձանագրուած են։

Ճեպազրոյցի աւարտին ան կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն չյուսահատելու եւ շարունակելու իրենց քաղաքական գործունէութիւնը՝ յայտարարելով, որ իրենք պիտի շարունակեն իրենց պայքարը եւ չեն համակերպիր ստեղծուած իրավիճակին։