Քոչարեան. «Պիտի վիճարկենք ընտրութիւններու արդիւնքները»

ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարեց, որ դաշինքը պիտի վիճարկէ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները՝ մատնանշելով, որ ընտրական գործընթացը տեղի ունեցած է «իշխանական համատարած ճնշումներու, ընդդիմադիրներու ձերբակալութիւններու, վարչական լծակներու աննախադէպ շահագործման եւ բազմաթիւ ընտրախախտումներու պայմաններու տակ»։

Քոչարեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Հայաստան» դաշինքին վստահութիւն տուած բոլոր քաղաքացիներուն՝ նշելով, որ իւրաքանչիւր քուէ կարեւոր նշանակութիւն ունի իրենց քաղաքական ուժին համար։

Ան նաեւ տեղեկացուց, որ ներկայիս դաշինքը հետագայ քայլերու շուրջ քննարկումներ կը կատարէ ընդդիմադիր դաշտի իր գործընկերներուն հետ, իսկ յառաջիկայ գործողութիւններուն վերաբերեալ աւելի մանրամասն մօտեցումները պիտի ներկայացուին այդ խորհրդակցութիւններու աւարտէն ետք։

«Մէկ բան յստակ է՝ չենք ընկրկիր եւ չենք լքեր պայքարի մեր խրամատը», ընդգծեց Քոչարեան։