Օսմանեան հայերը եւ Թուրքիոյ նախագահի ցաւակցութեան հասցէն եւ սահմանները

Յ. Պալեան

Ապրիլ 24-ին, Պոլսոյ Ֆէրիքէօյ շրջանի Ս. Վարդանանց եկեղեցին Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Էրտողանի կողմէ «ցաւակցական ուղերձ» մը ղրկուած է եւ կարդացուած ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցին առիթով մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին:

Ինծի պէս շատեր տեսած են, լսած կամ կարդացած, Թուրքիոյ նախագահին ուղերձը: Լաւ պիտի ըլլար, որ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), հայերը եւ իրենց բարեկամները, հետեւէին նամակի պարունակութեան, ճիգ ընելով մտածէին չըսուածի մասին:

Թուրքիոյ նախագահին կողմէ Ապրիլ 24-ի յիշուած ըլլալու փաստը դիւանագիտական ճապկումով պէտք չէ վարագուրէ չըսուածը:

Թուրքիոյ նախագահը «իրենց կեանքը կորսնցուցած օսմանեան հայերու թոռներուն» ցաւակցութիւն կը յայտնէ:

Flou artistique… Այդպէս է նախագահ Ռ. Էրտողանի ցաւակցական ուղերձի բովանդակութիւնը:

Կը գրէ.

«Այս տարի նոյնպէս յարգանքով կը յիշեմ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի դժուար պայմաններուն մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցած օսմանեան Հայերը եւ ցաւակցութիւն կը յայտնեմ անոնց թոռներուն»:

Հարցում. ինչպէ՞ս իրենց կեանքը կորսնցուցած են այդ օսմանեան հայերը: Քանի որ նախագահ Ռ. Էրտողան յարգանքով կը յիշէ, յարգանքով նաեւ տուրք պէտք է տայ ճշմարտութեան: Այդ մարդիկ իրենց «կեանքը կորսնցուցած» են ռազմաճակատի՞ վրայ, մեռած են համաճարակի՞, հեղեղի՞ կամ երկրաշարժի՞ զոհ երթալով: Այդ մարդիկ իրենք կրաւորական կերպո՞վ կորսնցուցած են իրենց կեանքերը: Ինչպէ՞ս կարելի եղած է զանգուածային կերպով կեանք կորսնցնել: Եթէ չէ եղած բնական աղէտ, եթէ այդ օսմանեան հայերը զանգուածաբար հարա քիրի չեն ըրած, ինչպէս այդ պատահեցաւ կարգ մը աղանդներու պարագային, այդ «յարգանքի» ուղերձը պատասխանատուներու անուններ եւ հասցէներ ինչո՞ւ չի ճշդեր, յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան:

Նախագահ Ռ. Էրտողան պատմութեան մասնակի ընթերցումը կ’ընէ, երբ կ’ըսէ. «Որպէս տարածաշրջանի երկու հնագոյն հասարակութիւններ՝ Թուրքերն ու Հայերը հազար տարի է ուս-ուսի տուած կ’ապրին նոյն տարածքին մէջ, կը կիսեն նոյն պատմութիւնն ու մշակոյթը»: Աւելի լաւ պիտի ըլլար, որ Ռ. Էրտողան քիչ մը աւելի յստակ ըլլար եւ ըսէր, որ հայերը այդ տարածաշրջանը կ’ապրէին, ունէին մշակոյթ, քաղաքներ, վանքեր, եկեղեցիներ, Թուրքերու ներխուժումէն դարեր առաջ, ըսէր նաեւ «ուս-ուսի» տուած եւ ապրած երկու հասարակութիւններէն մին, միւսի աշխատանքին, անիրաւման եւ շահագործման համակարգ ստեղծած էր: Ինչ կը վերաբերի «նոյն պատմութիւնը կիսելու», այդ եղած է տիրակալի եւ հպատակի յարաբերութիւն, ճնշողի եւ ճնշուողի, շահագործողի եւ շահագործուողի: Պէտք է ըսէր գէթ, որ «ափսոս, այդպէս պէտք չէ ըլլար», այն ատեն վստահութիւն կը վերականգնէր: Իսկ «նոյն մշակոյթը» ինչպէ՞ս եւ ո՞ւր եղած է:

Ճիշդ է ըսուածը. «Հայ հասարակութիւնը թէ՛ Օսմանեան կայսրութեան, թէ՛ մեր հանրապետութեան 100 տարուան անցեալին, դաստիարակելով թանկագին զաւակներ, շատ մեծ ներդրումներ ունեցած է մեր երկրի զարգացման գործին մէջ»: Ճիշդ է, հայուն տաղանդը եւ ընդունակութիւնները ներդրուած են, փողերանոցէն մինչեւ նաւատորմ, սահմադրութեան մշակում, երգ-երաժշտութեան յօրինում, ճարտարապետական կոթողներ, նոյնիսկ արդի Թուրքիոյ այբուբենի եւ լեզուի բարեկարգումը հայը ըրած է, բայց հայ մշակոյթը զարգացած է առանձին, հետեւած է իր ուղիին, իր բազմադարեան ժառանգութեան շարունակութեան գիծին, հակառակ միւս հասարակութեան կողմէ եղած ամէն կարգի հալածանքներու եւ ճնշումներու:

Ռ. Էրտողան պէտք է ըսէր, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ «իրենց կեանքը կորսնցուցած են» գրողներ, գիտնականներ, իրաւաբաններ, բժիշկներ, երեսփոխաններ: Ինչպէ՞ս իրենց «կեանքը կորսնցուցած են» իրաւաբանական համալսարանի դասախօս եւ անձեռնմխելիութեան իրաւունք ունեցող «մեպուս» Գրիգոր Զօհրապ էֆէնտի կամ բժիշկ Ռուբէն Սեւակ, եւ շարքը հարիւրներով է:

Լսելով Ռ. Էրտողանի խօսքերը, քիչ կը մնայ, որ զինք դասենք սուրբերու կարգին: Կ’ըսէ. «Բոլորիս միացեալ նպատակն է, որ դարեր շարունակ իր խինդն ու տխրութիւնը միասնաբար կիսած այս երկու ժողովուրդները բուժեն իրենց անցեալի վէրքերն ու աւելի հզօրացնեն մարդկային կապերը…»: Այդ ո՞ր խինդը բաժնած են բաժնած են ջարդողները եւ ջարդուողները, տեղահանողները եւ տեղահանուողները, իրենց զինուոր ընկերները ջարդողները եւ ջարդուողները, հայրենահանուածները եւ անոնց ինչքերուն տիրացողները, անոնց բազմադարեան հայրենիքը իւրացնողները եւ անհայրենիք ըլլալու դատապարտուածները:

Խինդ եւ տխրութիւն բաժնելու ինքնատիպ եղանակ մը…

Այսօր ո՞ւր են «իրենց կեանքը կորսնցուցած օսմանեան հայերու թոռները»… Արժանթին, Աւստրալիա, Քանատա, Միացեալ Նահանգներու մեծ ու փոքր քաղաքները, արաբական հիւրընկալ երկիրները, Եւրոպա, Հայաստան: Անոնց մարդկային եւ ազգային իրաւունքներու մասին ո՞վ պիտի խօսի: Այդ իրաւունքները անհատական են, կը վերաբերին ինչքի, նաեւ ազգային են եւ կը վերաբերին հայրենիքի, որ բռնագրաւուած է:

Մէկ հատիկ տրամաբանական պատճառ պէտք է տալ, թէ ինչպէ՞ս Աղթամարի ս. Խաչ եկեղեցին հայապատկան հողի վրայ չի գտնուիր… կամ այն հողը ուր ան կը գտնուի հայու հայրենիք չէ:

Նախագահ Ռ. Էրտողան պիտի մեծնայ այն օրը, երբ աշխարհի առջեւ քաջաբար յայտարարէ, որ «օսմանեան հայերու» դէմ ցեղասպանութիւն գործուած է հողի տիրացման համար, հող՝ որ հայու հայրենիք էր, եւ այժմ պէտք է արդարահատոյց ըլլալ եւ թոռներուն վերադարձնել հայրերու բռնագրաւուած հայրենիքը:

Նման քաղաքական կեցուածք տարբեր որակ կ’ենթադրէ ցաւակցական դատարկ ընթացիկէն եւ ցեղասպանութիւններու «ճանաչում»ներէն, եւ դուռ կը բանայ պատմական արկածներու անմարդկային հետեւանքներու սրբագրութեան:

Այն ատեն կարելի է, հաւասարութեան եւ իրաւունքի սահմաններուն մէջ «ուս-ուսի ապրիլ» եւ «կիսել խինդ ու տխրութիւն»:

Եւ մուտք գործել «մարդկայնացման» դռնէն:

Պիտի գտնուի՞ խաղաղութեան մրցանակներու դափնեկիր մը, որ բախէ Թուրքիոյ նախագահին ապարանքին դուռը, եւ առանց տուրք տալու բազմագոյն շահախնդրութիւններու, պահանջէ որ ճշմարտութիւնը ըսուի եւ իրաւունքը վերահաստատուին:

Հանրային կարծիք կազմաւորուող եւ քաղաքականութեան վրայ ազդող տիրական լրատուամիջոցները ինչո՞ւ մոռացկոտ եւ մսկոտ են, երբ կարգը կու գայ մարդկային եւ արդարութեան հիմնահարցերուն:

Կամ ո՞ր հաշիւներով ընտրութիւն կ’ընեն, séléctif են:

Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Էրտողանի «ցաւակացական ուղերձ»ը կարդացի Փարիզ լոյս տեսնող «Նոր Յառաջ» թերթի 27 ապրիլ 2017-ին համարին մէջ եւ բարձրաձայն խորհրդածեցի:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.