Մինսքի Խումբը, Չի Գործեր Ինչպէս Էր Նախապէս, Բայց Լիազօրութիւնն Ու Նպատակը Կը Մնան Նոյնը» Կ՛ըսէ Ռիքըր

Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կը պնդէ, որ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խմբակի մեքանիզմը այլեւս չի գործեր, եւ Ուաշինկթըն լծուած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ լուծման` միայն Պաքուի եւ Երեւանի հետ անմիջական փոխադարձ գործակցութեան միջոցով:

«Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ քննարկումներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ 16 նոյեմբերին տեղի ունեցած քննարկումներուն ընթացքին յայտարարած է Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ, Կովկասի բանակցութիւններու հարցերով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըր:

«Կը կարծեմ, թէ այս գործընթացը զարգացած է այնքան, որ մենք կրնանք համախոհութեան միջոցով վերջ տալ այս լիազօրութեան»: «Այնուամենայնիւ, լիազօրութիւնը ինքնին բաւական օգտակար է: Թէեւ Մինսքի խմբակի համանախագահներու (փոխադարձ գործակցութեան) հոլովոյթը այլեւս չի գործեր: Մենք ուղղակիօրէն կը մասնակցինք կողմերու հետ անոնց խաղաղ հոլովոյթին», յայտնած է Ռիքըր:

«Մինսքի խումբը, այն ձեւաչափով, որ կար նախապէս, չի գործեր: Լիազօրութիւնը կը մնայ: Լիազօրութեան նպատակը, ի հարկէ, կը պահպանուի: Եւ ԵԱՀԿ-ն կը գործէ համախոհութեան հիմամբ: Ես շատ սերտ կապ կը պահեմ իմ ֆրանսացի գործընկերոջս հետ, Եւրոպական Միութեան հետ, որ այժմ այնքան ներգրաւուած է տարածաշրջանին մէջ, նաեւ` այլ շահագրգիռ կողմերու հետ, ինքնին ԵԱՀԿ-ի հետ», նշած է Ռիքըր:

«Ազրպէյճան ուղղակի յայտարարած է, որ այլեւս Մինսքի խմբակին հետ գործ պիտի չունենայ», աւելցուցած է ան:

Յիշեցնենք, որ Մինսքի խմբակի համանախագահներն են Ռուսիան, Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան:

«Ես տարածաշրջան այցելեցի սեպտեմբեր 13-14-ին տեղի ունեցած զինուորական գործողութեան ընթացքին եւ հանդիպում ունեցայ նախագահ Ալիեւի հետ, որպէսզի կոչ ուղղեմ` դադրեցնելու բռնութիւնը: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու հետ իմ հանդիպումներս զուգորդուած են երկու երկիրներու ղեկավարութիւններուն հետ, արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի, Ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվընի, արտաքին գործոց նախարարի օգնական Տանֆրիտի, արտաքին գործող նախարարի օգնականի տեղակալ Էրիքա Օլսընի, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան մեր գործընկերներու հետ հրատապ եւ շուրջօրեայ հաղորդակցութիւններով:

«Այդ ժամանակէն ի վեր հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ գործընկեր երկիրներու միացեալ ջանքերը ճամբայ հարթած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու միջեւ` խաղաղութեան հարցի քննարկման նպատակով շարք մը հանդիպումներու: Հակառակ վերջին ռազմական գործողութիւններուն, մենք ոգեւորուած ենք խաղաղութեան հոլովոյթի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան ներգրաւուածութեան կշռոյթով», ըսած է Ռիքըր` յիշեցնելով հոկտեմբեր 6-ին Փրակայի մէջ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը:

Ըստ ամերիկացի դիւանագէտին, այդ հանդիպումը տուաւ երկու իմաստալից արդիւնք, որ ունի խաղաղութեան ճամբայ հարթելու ներուժ. 1991 թուականի Ալմաթիի հռչակագիրի` իբրեւ սահմանային հարցերու քննարկումներու հիմք փոխադարձ ճանաչումը եւ Եւրոպական Միութեան «Մշտադիտարկման կարողութիւններու» ընդունումը` կողմերու միջեւ վստահութեան կառուցման եւ զինուորական հաւանական գործողութիւններու մեղմացման ներուժ:

Ռիքըր նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ ներգրաւուած են Եւրոպական Միութեան նման գործընկերներու, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի նման միջազգային կազմակերպութիւններու միջոցով:

«Ինչպէս որեւէ խաղաղութեան բանակցութիւններու պարագային, ատոնք բարդ քննարկումներ են, որոնք կը կեդրոնանան պատմութեան շերտերով բարդացած հարցերու վրայ: Սակայն ընթացիկ քննարկումներու կշռոյթն ու խորութիւնը ցոյց կու տան լուծման յստակ ներուժ, որ կրնայ աւարտել տասնամեակներով երկարող հակամարտութիւնը:

«Ի հարկէ, տակաւին երկու կառավարութիւններուն կողմէ կատարուելիքներ շատ բան կան, ներառեալ` հետաքննել մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային մարդասիրական օրէնքի խախտման պնդումները, պատասխանատուութեան ենթարկել մեղաւորները, դադրեցնել հռետորաբանութեան բորբոքումը ու խթանել դիւրութիւնը», ըսած է Ռիքըր:

Ամերիկացի դիւանագէտը նշած է, որ թէեւ Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը կը նպաստեն կողմերու միջեւ բանակցութիւններուն, սակայն այս քննարկումներու էութիւնը կը վարեն իրենք` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչները:

«Երկու երկիրներու նախաձեռնութեամբ վարուող ուղիղ բանակցութիւնները, որոնք պայմանաւորուած են անոնց, եւ ոչ թէ արտաքին դերակատարներու շահերով, ունին երկարաժամկէտ յաջողութեան մեծագոյն կարելիութիւնը: Մենք ամէն ձեւով պիտի աջակցինք այդ ջանքերուն: Արտաքին գործոց նախարարը ոչ միայն առաջարկած է իր խորհրդատուական, այլ նաեւ առաջարկած է Միացեալ Նահանգներու թեքնիք աջակցութիւնը` սահմաններու սահմանազատումէն մինչեւ փոխադրամիջոցային ուղիներու ծրագրաւորումը», նշած է դիւանագէտը:

Ռիքըր յայտարարեց, որ, թէեւ վիճելի հարցերու լուծումը կը մնայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պատասխանատուութիւնը, սակայն ինք յստակ ըսած է, թէ միջազգային ընտանիքը առանձնայատուկ պատասխանատուութիւն կը կրէ երաշխաւորելու, որ էթնիկ հայերու իրաւունքներն ու ապահովութիւնը վստահելիօրէն եւ խաղաղութեան լուծման համահունչ հասցէագրուած ըլլան:

«Այդ նպատակով ես բազմիցս խրախուսած եմ երկու երկիրներու ղեկավարները` սերտել միջազգային մեքանիզմ` ապահովելու, մշտադիտարկելու ու Արցախին վերաբերող որեւէ համաձայնագիրի մասին զեկուցելու համար:

«Կողմերը կը գտնուին պատմական խաչմերուկի վրայ: Մենք զանոնք կը խրախուսենք ընտրել բարգաւաճման ապագան եւ ցոյց տալ խաղաղութեան համար միասին աշխատելու խոհեմութիւնը», ըսած է Ռիքըր` շեշտելով, որ խաղաղութիւնը օգուտ պիտի բերէ տարածաշրջանի ժողովուրդներու յառաջիկայ սերունդներուն:

Ան աւելցուցած է, որ ամերիկեան կողմին ջանքերը` այս նպատակին հասնելու, պիտի շարունակուին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.