«Մեր նպատակն է դիւանագիտական աւելի հաստատ ներկայութիւն դառնալ Հայաստանի մէջ». Գանատայի Արտգործ նախարար Քրիստիա Ֆրիլանտ
«Մեր նպատակն է աւելի բեղուն, խորաթափանց եւ աւելի արդիւնաւէտ յարաբերութիւններ զարգացնել Հայաստանի հետ, ներառեալ՝ դիւանագիտական աւելի հաստատ ներկայութիւն դառնալը», «Հորիզոն» շաբաթաթերթի հետ յատուկ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց Գանատայի Արտաքին Գործոց նախարարուհի Քրիստիա Ֆրիլանտ:
«Գանատացիները հպարտ են գանատահայ համայնքով»:
Երեքշաբթի, 15 Յունուար 2019-ին, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ Գանատայի Արտաքին Գործոց նախարարուհի Քրիստիա Ֆրիլանտի հետ:
Առիթէն օգտուելով Ֆրիլանտ անդրադարձաւ Գանատայի Չինաստանի հետ ունեցած դիւանագիտական տագնապին, ինչպէս նաեւ NAFTA-ի հետ վերամիաւորման վերաբերեալ հարցերուն: Երկու պարագաներուն ալ Ֆրիլանտ ընդգծեց կախեալ հարցերու լուծման անհրաժեշտութիւնը, նշելով Գանատայի տնտեսութեան բարգաւաճման ոլորտին մէջ՝ միջազգային առեւտուրի կարեւորագոյն դերը:
Արտաքին Գործոց նախարարուհին նաեւ բացայայտեց Հայաստանի Հանրապետութեան հետ առեւտրական եւ դիւանագիտական յառաջիկայ յարաբերութիւններուն նպատակները, յատկապէս 2018 Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովին առթիւ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի Երեւան այցելութենէն ետք: Խմբագիր Գարագաշեան շեշտեց, թէ Գանատայի մշտական ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ եւ գանատական դեսպանատան մը հաւանական հիմնադրութիւնը Երեւանի մէջ անհրաժեշտութիւն են գանատահայ համայնքին համար:
Նախարարուհին «Հորիզոն»ին յայտնեց վարչապետ Թրուտոյի ոգեւորութիւնն ու խոր տպաւորութիւնները՝ Հայաստան այցելութեան առթիւ, ինչպէս նաեւ ուրախութիւնը՝ երկիրը անգամ մը եւս այցելած ըլլալուն եւ նորակազմ կառավարութեան հետ հանդիպման առթիւ: Որպէս լրագրող, Հայաստան նախապէս այցելած ըլլալով 90-ական թուականներուն, ան յայտնեց, թէ իրեն համար հասկնալի էր վարչապետին ոգեւորութիւնը, ապա աւելցուց. «Գանատացիները հպարտ են գանատահայ համայնքով» եւ կ“արժեւորեն անոնց ներդրումը երկրին բարգաւաճման:
Նախարարուհին նաեւ շեշտեց, թէ ամրապնդուած է հիմքը երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններ մշակելու, որուն հիմամբ յետագային աւելի բեղուն եւ արդիւնաւէտ դիւանագիտական յարաբերութիւններ կրնան ծաւալիլ ինքնաբերաբար:
Ֆրիլանտ նաեւ անդրադարձաւ 2012-ին իր հրատարակած «The Rise of the New Global Super-Rich and the Fall of Everyone Else» գիրքին, որ կ՚անդրադառնայ ընկերային հաւասարութեան վերաբերող հարցերու:
Հարցազրոյցի տեսանիւթը դիտել այս յղումով՝