«Ուժեղ Հայաստան»-ը պիտի գլխաւորէ Եւրոպական համարկման յանձնաժողովը
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ — Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ շարունակուեցաւ 9-րդ գումարման առաջին նստաշրջանը, որու ընթացքին պատգամաւորները բաշխեցին խորհրդարանի մշտական յանձնաժողովներու ղեկավարումը։
Նախ, 53 կողմ ձայնով Ազգային ժողովի նախագահի երրորդ տեղակալ ընտրուեցաւ ընդդիմադիր «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան թեկնածու Արամ Վարդեւանեան։ Անոր ընտրութեան համար անհրաժեշտ ձայներուն մէկ մասը ապահովեց իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը։
Խորհրդարանը նաեւ հաստատեց 12 մշտական յանձնաժողովներու կազմութիւնը։ Անոնցմէ ութը պիտի գլխաւորէ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը, երեքը՝ «Ուժեղ Հայաստան»-ը, իսկ մէկը՝ «Հայաստան» խմբակցութիւնը։
ՔՊ-ն պիտի գլխաւորէ Պաշտպանութեան, Պետաիրաւական հարցերու, Արտաքին յարաբերութիւններու, Տնտեսական, Կրթութեան, Առողջապահութեան, Աշխատանքի եւ բարեկեցութեան, ինչպէս նաեւ Տարածաշրջանային եւ Եւրասիական համարկման հարցերու յանձնաժողովները։
«Ուժեղ Հայաստան»-ը պիտի գլխաւորէ Ելեւմտական եւ պիւտճէական հարցերու, Տարածքային կառավարման եւ Եւրոպական համարկման յանձնաժողովները։
Խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեան յայտարարեց, որ Եւրոպական համարկման ուղղութեամբ իրենց աշխատանքը պիտի կեդրոնանայ Եւրոպայի հետ առեւտրական շրջանառութեան աճին եւ եւրոպական հաստատութիւններու փորձառութիւնը Հայաստանի մէջ կիրարկելու վրայ։
«Հայաստան» խմբակցութիւնը պիտի գլխաւորէ Մարդու իրաւունքներու մշտական յանձնաժողովը։
Խորհրդարանը նաեւ որոշեց ստեղծել 10 անդամէ բաղկացած Էթիկայի ժամանակաւոր յանձնաժողով, ուր իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը հաւասար ներկայացուածութիւն պիտի ունենան։ Յանձնաժողովի նախագահութիւնը վեց ամիսը անգամ մը հերթափոխով պիտի անցնի իշխանութեան եւ ընդդիմութեան։
Մշտական յանձնաժողովներու նախագահներու թեկնածութիւններու քննարկումները կը շարունակուին, որմէ ետք ընտրութիւնները պիտի կատարուին գաղտնի քուէարկութեամբ։