Խօսք՝ ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի Պապայեան Մանկապարտեզի, Գոլոլեան Նախակրթարանի եւ Լափոյեան Երկրորդականի Աւարտականի Առթիւ
Րաֆֆի Սարգիսեան
Վարժարանի տնօրէն
Հայ վարժարան հիմնելը սուրբ գործ է եւ մեծ պարգեւ՝ գաղութի մը համար: Աւելի քան 40 տարիներ առաջ, հեռատես եւ նուիրեալ ղեկավարներ եւ բարերարներ, հիմը դրին այս վարժարանին, որպէսզի ապրի արեւմտահայերէնը, ապրին հայկական արժէքներն ու հայ մշակոյթը եւ ծաղկի Թորոնթոյի գաղութը: Այսօր, մեր գաղութի բարգաւաճումը, յառաջդիմութիւնը եւ մեր վարժարանի կենսունակութիւնը վկայ են, որ այդ հեռատես հերոսներու զոհողութիւնները ապարդիւն չմնացին:
Հայ վարժարանը կը ներկայանայ որպէս անխորտակ հիմք, որուն յենած՝ մեր զաւակները պիտի դառնան օրինակելի հայեր եւ քրիստոնեաներ: Պիտի դառնան հայ համայնքներու ղեկավարներ, հայ մշակոյթի եւ լեզուի պահապաններ, հայ դատի զինուորներ:
Մինչեւ այն ատեն, որ հայ վարժարանները կանգուն են եւ իրենց կառչած են հայ ընտանիքներ, մինչեւ այն ատեն, որ հայ վարժարանին պահապան են բարերարներ եւ նուիրեալ դաստիարակներ՝ հայու ոգին պիտի շարունակէ գոյատեւել, մեր ժողովուրդին սիրտը պիտի շարունակէ բաբախել:
Մեր 40-ամեայ վարժարանը, այսօր կը վայելէ համախումբ ներկայութիւնը բազմաթիւ անցեալի շրջանաւարտներու, որոնք ստացած են իրենց բարձրագոյն ուսման վկայականները եւ վերադարձած են այսօր որպէս ուսուցիչներ, մեր միութիւններուն մէջ կամաւորներ եւ որպէս ծնողք:
Սիրելի աշակերտներ, կամքէ անկախ պատճառներով վերջին երեք ամիսներուն առցանց միացանք մեր դասերը շարունակելու համար: Այս մէկը կը պահանջէր ձեզմէ եւս նուիրում եւ աշխատասիրութիւն եւ դուք այդ մէկը կատարեցիք մեծ սիրով:
Զօրավար Գարեգին Նժդեհի խօսքերով՝ դուք բացագանչեցիք «Ինձ թեթեւ գործ մի՛ տաք, ես ուզում եմ բարձրանալ այդ հսկայ լեռը եւ նետել ծովը:» Լաւ իմացէ՛ք, որ ձեր մէջ հոսող արեան մէջ է մեր վերապրող նախահայրերէն ժառանգուած վճռակամ ոգին եւ այդ մէկը զգացինք ձեր մէջ այս դժուար օրերուն ընթացքին:
Ընդունի՛նք, որ ձեր սերունդն է մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի ներկան եւ ձեզի վիճակուած է պահել եւ զարգացնել մեր ինքնութիւնն ու մշակոյթը: Կրկին Նժդեհի խօսքերով՝ «Կեանքդ նուիրէ՛ բաներու որ չեն մեռնիր»: Ծառայասէր ըլլալով նմանինք մեր անցեալի եւ ներկայի ազգափրկիչ նուիրեալներուն, որոնց շնորհիւ է, որ մենք այսօր պատիւը ունինք ապրելու որպէս հայ եւ քրիստոնեայ:
Մեր հայրենիքի վերելքի սիրոյն եղէ՛ք ինքնաճանաչ եւ ինքնավստահ ու ապա՝ ամէնակարող հայ երիտասարդներ: Հազա՜ր ապրիք, սիրելի աշակերտներ, ձեր այս տարուայ տարած բոլոր աշխատանքներուն համար: Աւելիները կը սպասեն ձեզի եւ մենք պատրաստ ենք ձեզի հետ պայքարելու, որպէսզի այս օրուան ձեր երազները, վաղը դառնան իրականութիւն: Մենք միշտ ձեր կողքին ենք եւ մեծ պատիւ է առիթը ունենալ ծառայելու ձեր վերելքին, մեզի շատ սիրելի աշակերտներ: Կ՚աղօթենք որ Աստուած տայ մեզի կորով եւ իմաստութիւն, որպէսզի շարունակենք լաւագոյնս ծառայել ձեզի:
Յատուկ երկու խօսք նաեւ մեր շատ սիրելի 12-րդ աւարտական դասարանի շրջանաւարտներուն: Այսօրուայ ձեր ստացած վկայականներով կը միանաք այն փաղանգին, որ կը կրէ ծանր պատասխանատուութիւններ: Ձեր յաճախած միջավայրերուն մէջ հարկաւոր է դառնալ մեր ժողովուրդի եւ մեր արդար դատի առաքեալներ եւ ձեր յաջողութիւնները միշտ ծառայեցնել մեր ժողովուրդի վերելքին: Այս հոգիով է, որ Թորոնթոհայ գաղութը կրցած է գոյատեւել՝ այս առաքելութեան շնորհիւ է, որ ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարանը ծնաւ 40 տարիներ առաջ: Մենք հպարտ ենք ձեզմով եւ պիտի շարունակենք հպարտանալ ձեր գալիք յաջողութիւններով: Մեր փափաքն է, որ նմանիք անձնազոհ մեր հերոսներուն եւ անոնց վարքերով թող առաջնորդուին ձեր խղճերն ու ամէնօրեայ գործերը:
100 տարիներ առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր՝ Արամ Մանուկեանի յուղարկաւորութեան ժամանակ՝ մեծ մտաւորական Նիկոլ Աղբալեանը, արցունքն աչքերուն, արտասանեց հետեւեալ ճառը. «Երբ գիշերը գայ, մտէ՛ք ձեր հոգու սենեակն ու խօսիք ձեր խղճի հետ հարց տուէք` արդեօք աշխատա՞ծ էք հայ ժողովուրդի համար, ինչպէս Արամը, եղա՞ծ էք անձնազոհ, որքան Արամը, տուա՞ծ էք ձեր ամբողջ կեանքը հայ ժողովուրդին, ինչպէս Արամը…»:
Այս հարցերը տալով դուք ձեզի, ապրեցէ՛ք ձեր օրերը որպէս նուիրեալ հայ զաւակներ: Որպէս մեր սաները, միշտ կը ցանկանք ամենալաւն ու բարին ձեզի համար եւ մի՛ մոռնաք, որ մեր վարժարանը միշտ հարազատ տուն է ձեզի համար, իսկ ուսուցիչները՝ երկրորդ ծնողք:
Շնորհակալ ենք, սիրելի ծնողներ, որ տարիներով քաջալերեցիք մեր վարժարանը, վստահաբար ձեր զաւակներն ալ երախտապարտ են ձեր տարած զոհողութիւններուն համար:
Շնորհակալութիւն մեր բոլոր աշխատակազմին, որոնք անցնող տարիներու ընթացքին, ճիգ չխնայեցին մեր աշակերտները պատրաստելու իրենց գալիք հանգրուաններուն:
Նաեւ շնորհակալութիւն կ՚ուզեմ յայտնել մեր բոլոր քոյր միութիւններուն, բարերարներուն եւ նուիրատուներուն իրենց յարատեւ քաջալերանքին համար:
Ինչպէս Յովհաննէս Շիրազ գրած է.
Աչքերիս մեջ գարնան օրեր,
Ճամբես դէպի աստղերն անմեռ,
Ինձ ելնելու քարեր կան դեռ,
Ինձ ելնելու սարեր կան դեռ,
Քարե՜ր, սարե՜ր, դարե՜ր կան դեռ:
Մեր զաւակները, մեր վարժարանի յարկին տակ, իրենց ցուցաբերած աշխատասիրութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ՝ քարեր եւ սարեր պիտի բարձրանան եւ վճռակամ ոգիով պիտի հասնին իրենց ընտրած աստղին, իրենց հաստատած նպատակներուն: