Ազատագրուած Տարածքները Զիջելու Կոչերը Կ՛արագացնեն Պատերազմը. Արթուր Եղիազարեան
ԵՐԵՒԱՆ.- Երեքշաբթի, 26 Փետրուարին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդերուն 31ամեակին նուիրուած հանրահաւաք՝ «Հողեր չունենք տալու» կարգախօսով:
Այս առիթով տեղի ունեցած ասուլիսին ընթացքին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Եղիազարեան նշեց, որ հաւաքը ո՛չ իշխանական է, ո՛չ ալ ընդդիմադիր, այլ ազգային խնդիրներու պարունակին մէջ կարելի է զետեղել զայն: «Կարելի է ըսել, որ ասիկա դէմ է իշխանութեան, եթէ սխալ որոշում տայ, եւ թեր է, եթէ ճիշդ ընթացքով երթայ: Այստեղ, ամէնէն կարեւոր հանգամանքը այն է, որ արցախեան հարցը կը սկսի որոշ չափով փոխուելու՝ նկատի ունենալով տեղեկատուութեան նոր հոսքերը, ապատեղեկատուութիւնը: Հողեր տալու-չտալու մասին խօսիլը անհեթեթ է, որովհետեւ նախ եւ առաջ կայ հայրենիք եւ պետութիւն ընկալումը: Արցախի մէջ այսօր չկան ազատագրուած տարածքներ, այլ՝ Սահմանադրութեամբ ամրագրուած վարչական շրջաններ: Արցախի Սահմանադրութեան 175րդ յօդուածը յստակօրէն կ՛ըսէ՝ ոչ մէկ հարց կարելի է քննարկել, այնքան ատեն որ չէ ճանչցուած Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը: Տակաւին այստեղ, խօսքը չի վերաբերիր տարածքներուն: Այսօր մենք ունինք դրացի մը, որ իր բնոյթով ոչ թէ որոշ հարցով հակառակորդ է, այլ մեր թշնամին է: Կը տարածեն խաղաղասիրական կեղծ խօսակցութիւններ, թէ պէտք է հաշտուիլ, իսկ որո՞ւն հետ պիտի հաշտուինք: Ատրպէյճանի դասագիրքերուն մէջ Հայաստանի ամբողջ տարածքը իբրեւ արեւմտեան Ատրպէյճան ներկայացուած է, տեսանք 2016ի ապրիլեան պատերազմը, երբ նոյնիսկ զոհուած զինուորը կը գլխատէին, այսինքն՝ կայ յստակ ազգային թշնամութիւն», յայտնեց ան:
Ըստ Եղիազարեանի՝ խաղաղութեան հոլովոյթ կ՛ըլլայ այն պարագային, երբ Ատրպէյճանի վարքագիծին մէջ փոփոխութիւն նկատենք, հակառակ պարագային յանձնուած կ՛ըլլանք:
«Արցախեան շարժումը սկսաւ ինքնորոշման իրաւունքէն, երբ Խորհրդային Միութիւն էր: Խորհրդային Միութեան ժամանակ էր, որ Արցախ Ատրպէյճանի կազմին մէջ յայտնուած էր, այդ մէկը 1918-20 թուականներուն չէ եղած, չէ եղած նոյնիսկ Ատրպէյճանի անկախացման մասին յայտարարութենէն ետք: Արցախը 1923ին բռնակցուած է Ատրպէյճանին: Եւ երբ Խորհրդային Միութիւնը սկսաւ փուլ գալու, Խորհրդային Ատրպէյճանի տարածքին մէջ յառաջացաւ երկու միաւորում՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը՝ ԼՂԻՄի եւ Շահումեանի շրջանին մէջ, եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը: Հայերը մինչեւ 1990 կը սպաննուէին, անոնց ինչքը կը թալանուէր եւ կը բռնագրաւուէր, իսկ Հայաստանի տարածքէն ատրպէյճանցիներուն մեծագոյն մասը իր գոյքը վաճառելով՝ հեռացած է կամ իրեն հետ տարած է: Ասկէ ետք տեղի ունեցաւ պատերազմ, զոր մենք չսկսանք, մենք ընդամէնը պահանջեցինք այդ տարածքին մէջ հայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը», ընդգծեց Եղիազարեան՝ աւելցնելով, որ հայկական ենթակայութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ որեւէ քար շրջելով կարելի է տեսնել, թէ հայկականութիւն կ՛արտացոլայ, այսինքն՝ մենք հող չենք գրաւած:
Ըստ անոր՝ նաեւ կան անվտանգութեան հարցեր. այսօր ստեղծուած է նոր իրավիճակ, զոր կարելի չէ համեմատել 1990ականներու սկիզբը եղածին հետ: «Մեր հայրենիքի այդ տարածքները մեր հետագայ կենսագործունէութիւնը պիտի ապահովեն, եւ անոնք, որոնք կոչ կ՛ուղղեն զիջելու այդ տարածքները, կ՛արագացնեն պատերազմը եւ մեր կործանումը: Մեղրիի շրջանը Հայաստանի ամէնէն հարաւային մասն է, եւ եթէ Նախիջեւանի Օրտուպատի շրջանէն չափենք մինչեւ նախկին Զանգելանի շրջանը՝ այսօր Բերձորի հարաւը, ընդամէնը 30 քմ. է: Այսինքն՝ երկու կողմէն հրետանային ամէնէն պարզունակ միջոցներով կարելի է անդամալուծել եւ մեր երկրի կենսագործունէութիւնը թուլցնել: Այդ գօտին այսօր կ՛ապահովէ Հայաստանի անվտանգութիւնը: Կը վստահեցնեմ, որ խաղաղութեան կողմնակից են հիմնականօրէն այն անձերը, որոնք պատերազմի փուլէն անցած եւ այդ ժամանակը ապրած են: Այս կեղծ կարգախօսները մեզ կործանման տանող ճամբաներ են: 1994էն ի վեր մեր գոյութիւնը պահպանած են այն սահմանները, որոնք այսօր կան: Ասիկա նուազագոյնն է, զոր կարելի է ընել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան հետագայ գոյութեան համար», նշեց Արթուր Եղիազարեան: