Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը դատապարտեց իշխանութիւններու միջամտութիւնները Եկեղեցւոյ ներքին կեանքին մէջ

ԷՋՄԻԱԾԻՆ.- Սեպտեմբեր 15-17-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի հերթական ժողովը։

Ժողովին ընթացքին քննուեցան Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն մէջ առկայ խնդիրները, եկեղեցականներու նկատմամբ ընթացող քրէական վարոյթներն ու իրաւական գործընթացները, ինչպէս նաեւ Ազգային ժողովին մէջ քննարկուած օրենսդրական նախաձեռնութիւններն ու կառավարութեան ծրագրին մէջ Հայ Եկեղեցւոյ վերաբերող դրոյթները։

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը անընդունելի նկատեց իշխանութիւններուն կողմէ Եկեղեցւոյ ներքին կեանքին միջամտելու շարունակուող քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ պետական լծակներու գործադրմամբ իրականացուող ճնշումներն ու սահմանափակումները։ Խորհուրդը ընդգծեց, որ նման քայլեր կը խախտեն Եկեղեցւոյ ինքնավարութեան եւ հաւատացեալներու խղճի ու կրօնի ազատութեան սահմանադրական երաշխիքները։

Ժողովականները անդրադարձան նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բնականոն գործունէութեան ընթացքին պետական եւ տեղական մարմիններու կողմէ ստեղծուող խոչընդոտներուն, մասնաւորաբար բարեգործական եւ կրթական ծրագիրներու իրականացման, գոյքային իրաւունքներու գրանցման եւ շինարարական արտօնութիւններու տրամադրման հարցերուն։

Խորհուրդը շեշտեց Եկեղեցւոյ իրաւունքներու պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը՝ արձանագրելով, որ հոգեւոր, կրթական եւ բարեգործական գործունէութեան խոչընդոտումը կը վնասէ նաեւ հանրային ու ազգային շահերուն։

Ժողովին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Եկեղեցւոյ ներքին կեանքը կանոնակարգող փաստաթուղթերու լրամշակման, հոգեւոր կրթութեան, կիրակնօրեայ դպրոցներու զարգացման եւ թեմերու գործունէութեան վերաբերող հարցեր։