Ֆրեզնոյի Մէջ Օգոստոս 31-ը Հռչակուած է Ուիլեըմ Սարոյեանի Օր

Ֆրեզնոյի քաղաքապետարանի յատուկ որոշումով` Օգոստոս 31-ը հռչակուած է Ուիլեըմ Սարոյեանի օր: Ֆրեզնոյի քաղաքային խորհուրդի նախագահը որոշումը հրապարակած է մեծանուն գրողի տուն-թանգարանի պաշտօնական բացումէն մէկ օր առաջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Փանորամա»-ն։

Ֆրեզնոյի քաղաքապետին խօսքով, որ անձամբ տեսած է Ուիլեըմ Սարոյեանը` քաղաքը յարգանքի տուրք կը մատուցէ այստեղ ապրած ու ստեղծագործած հանրայայտ գրողին:

«Ես կը սիրէի կարդալ անոր գիրքերը: Չափազանց կարեւոր է հանրայայտ գրողին թողած գրական ժառանգութիւնը, ուստի այսպէս կը փորձենք մեր յարգանքի տուրքը մատուցել»,-նշած է Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Լիի Պրենտ:

Ֆրեզնոյի քաղաքային խորհուրդի նախագահ Էսմերալտա Սորիան կարեւոր համարած է Ուիլեըմ Սարոյեանի թողած գրական ժառանգութեան պահպանումը: «Ան Ֆրեզնոյի առասպէլը դարձած է: Հայ համայնքը եւս Ֆրեզնոյի համար կարեւոր է, քանի որ կը նպաստէ մեր քաղաքի զարգացման: Իսկ Սարոյեան այն անհատներէն է, որ ամբողջութեամբ կը ներկայացնէ Ֆրեզնոյին հայ համայնքի տուած արժէքները»,- նշած է ան:

«Intellectual Renaissance» հիմնադրամի տնօրէն Յակոբ Յակոբեանի կարծիքով` ուրախալի պիտի ըլլայ, եթէ Ֆրեզնոյի քաղաքապետարանի որոշումը օրինակ ծառայէ նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի համար եւ այստեղ ալ Օգոստոս 31-ը հռչակուի Սարոյեանի օր: «Սարոյեան կ՛ըսէր` «բոլոր մարդիկ պէտք է մեռնին, բայց միշտ մտածած եմ, որ իմ պարագային բացառութիւն պիտի ըլլայ: Այո՛, փաստացի այդ բացառութիւնը եղած է, մեծանուն գրողը միշտ կենդանի պիտի ըլլայ` իր թողած մեծ ժառանգութեամբ»,-ըսած է Յակոբեան:

Նշենք, որ այսօր` Օգոստոս 31-ին, մեծանուն գրողի 110-ամեակին, ԱՄՆ Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ բացումը պիտի կատարուի գրողին տուն-թագարանին` «Սարոյեան Հաուս»-ին: Սարոյեանի տունը գնելու եւ զայն թանգարանի վերածելու գաղափարին հեղինակն ու իրականացնողը բարերար Արթուր Ջանիբեկեանի կողմէ հիմնադրուած «Intellectual Renaissance» հիմնադրամն է:

Յիշեցնենք, որ Արթուր Ջանիբեկեանի կողմէ հիմնադրուած հիմնադրամը Ուիլեըմ Սարոյեանի առանձնատունը գնած էր 2015 թուականին, վերակառուցած որպէս տուն-թանգարան եւ Սարոյեանին պատկանող եւ առնչուող հնարաւոր բոլոր նիւթերը հաւաքած այնտեղ: Տուն-թանգարանը պիտի ապրի ստեղծագործական բուռն կեանքով` հանդիսանալով մշակութային օճախ ոչ միայն համայն հայութեան, այլեւ ամբողջ աշխարհի համար: Այնտեղ պիտի կազմակերպուին գրական երեկոներ, փառատօններ եւ այլ մշակութային ձեռնարկներ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.