«Օգնիր հայրենակցիդ» նախաձեռնութիւնը հասաւ Լոռի

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան (ՀԵՄ) եւ ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութեան (ՆԱՈՒՄ) անդամները Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր մարզերու մէջ հարիւրարաւոր ընտանիքներու օգնութեան փաթեթներ տրամադրեցին անցնող օրերուն։
 
Յունիս 3-ին դաշնակցական երիտասարդները սկսան Լոռիի մարզին մէջ օգնութեան փաթեթներու բաշխումը։
 
«Օգնիր հայրենակցիդ» նախաձեռնութեամբ ցարդ 1600 ընտանիքներու տրամադրուած է օժանդակութիւն։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.