Շաբթուան ամփոփումը (17 սեպտեմբեր 2026)

«Հորիզոն Մետիա» կը ներկայացնէ անցնող շաբթուան հիմնական լուրերն ու զարգացումները՝ Գանատայէն մինչեւ սփիւռքեան այլ համայնքներ, Հայաստան եւ միջազգային թատերաբեմ։

Հաղորդումը ամբողջութեամբ դիտել՝ այստեղ։


ԳԱՆԱՏԱ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔ

– Սեպտեմբեր 12-ին Գեմպրիճի Հայ կեդրոնին մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմինի 2025-2027 երկամեակի Բ. լիակազմ ժողովը։ Ժողովը վերջնականացուց հոկտեմբեր 9-12-ին Քրիսթի Լէյքի մէջ կայանալիք «Արմատներուս կանչով» Համագանատական Սեմինար-Բանակումի ծրագիրը եւ արձանագրեց Պատանեկան Միութեան անդամներու թիւի յաւելեալ աճ։ Քննարկուեցան նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի քոյր միութիւններու ձեռնարկներուն մասնակցելու կարելիութիւնները, հաղորդակցութեան եւ ընկերային ցանցերու աշխատանքները, ինչպէս նաեւ վարիչներու վերաորակաւորման ու նոր ղեկավարներու պատրաստութեան յառաջիկայ ծրագիրը։

– Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս խստօրէն դատապարտեց Արցախի մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան աղաւաղումն ու հայկական եկեղեցիները «աղուանական» ներկայացնելու շարունակուող փորձերը։ Անդրադառնալով օտարերկրեայ դիւանագէտներու վերջերս Շուշի կատարած այցելութեան վերաբերող տարածուած տեսերիզներուն՝ Վեհափառ Հայրապետը տեղի ունեցողը որակեց պատմութեան «ահաւոր խեղաթիւրում» եւ հայկական անմիաբանութեան ու անհեռատես քաղաքականութեան հետեւանք։ Ան յորդորեց հայութիւնը համախմբուելու հայրենիքի եւ ազգային գերագոյն շահերուն շուրջ՝ միաժամանակ զգուշացնելով, որ «խաղաղութեան կեղծ շպարի ետին» Հայաստանի այլ տարածքներ եւս կրնան Շուշիի ճակատագիրին ենթարկուիլ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽ

– Ատրպէյճանի մէջ ցմահ ազատազրկման դատապարտուած Արցախի ԱԺ նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեան, Հայաստանի Մարդու իրաւոնքներու պաշտպան Անահիտ Մանասեանը հրաւիրեց Պաքու՝ անձամբ հանդիպելու հայ գերիներուն։ Ան նշեց, որ Մարդու իրաւոնքներու պաշտպանին ուղղած իր նախորդ հարցումները անպատասխան մնացած են, իսկ գերիներու դատավճիռները ձեռք բերելու եւ անոնց հիմնարար իրաւունքներուն առնչուող խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ գործնական քայլեր չեն ձեռնարկուած։

– Հայ Օգնութեան Միութիւնը, Հայ Իրաւական Կեդրոնին հետ գործակցաբար, սեպտեմբեր 24-ին Ժընեւի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ պիտի կազմակերպէ Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի 63-րդ նստաշրջանի յարակից ձեռնարկ մը՝ Արցախի բռնի տեղահանուած հայութեան արդարութեան եւ վերադարձի իրաւունքին նուիրուած։ Քննարկումները պիտի ընդգրկեն անվտանգ վերադարձը, սեփականութեան իրաւունքները, մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը եւ պատասխանատուութեան հարցերը։

– Փարիզ աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ։ Քննարկուեցան Հայաստանի արտահանման շուկաներու բազմազանեցումը, հայ-ֆրանսական տնտեսական համագործակցութիւնը, Սիւնիքի Բարգուշատի փապուղիի ծրագիրը, տիեզերական ոլորտի համագործակցութիւնը եւ շրջանային խաղաղութեան գործընթացը։ Փաշինեան նաեւ մասնակցեցաւ Մաքրոնի նախաձեռնած առաջին Միջազգային տիեզերական գագաթնաժողովին։

– Արցախի իշխանութիւնները քաղաքական խորհրդակցութիւններ սկսած են Հայաստանի խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերուն հետ՝ Արցախի իշխանութիւններու հետագայ գործունէութեան, պետական հաստատութիւններու պահպանման եւ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան շուրջ։ Պետական նախարար Նժդեհ Իսկանդարեան յայտնած է, որ նպատակն է յստակացնել քաղաքական ուժերու դիրքորոշումներն ու համագործակցութեան պատրաստակամութիւնը՝ 2026-ի ընտրութիւններէն ետք ստեղծուած նոր պայմաններուն մէջ։