ՀՄԸՄ Լիբանանի պասքեթպոլի Բաժակակիր

Լիբանանի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, որ Մայիս 1-ի երեկոյեան իրարու դէմ հանեց ՀՄԸՄ-ը եւ Ռիատի Պէյրութը, աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի տինամիք կազմին փայլուն յաղթանակով: ՀՄԸՄ 77-70 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը:

2018 տարուան բաժակի մրցաշարքի աւարտականի ճակատումը տեղի ունեցաւ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ` ներկայութեամբ մեծաթիւ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն:

ՀՄԸՄ-ի հազարաւոր համակիրներ մրցումին ազդանշանին տրուելէն քանի մը ժամ առաջ ուղղուեցան դաշտ` քաջալերելու համար իրենց կազմը:

Աւարտին, ՀՄԸՄ-ականները վայելեցին փառաւոր յաղթանակ մը` նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ հանդիսացաւ Լիբանանի բաժակակիր` 77-70 (21-15, 17-15, 19-24 եւ 20-16) արդիւնքով յաղթելէ ետք Ռիատիի, որուն համակիրները երկու առիթով փորձեցին խանգարել մրցումին ընթացքը, իսկ աւարտին անոնք կոտրեցին նաեւ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին քամերաները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.