Հանդիպում Տաւուշի Մարզի Բնակիչներու Եւ «Հայաստան» Դաշինքի Մարզային Ընտրական Գրասենեակներու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Հայաստանի երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեանը եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը երէկ` հինգշաբթի, 3 յունիսին, Իջեւան քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցած են Տաւուշի մարզի բնակիչներու եւ «Հայաստան» դաշինքի մարզային ընտրական գրասենեակներու ներկայացուցիչներուն հետ:

«Հասկնալի պատճառներով, Տաւուշը մեզի համար իւրայատուկ թիրախ է: Տաւուշի մարզին մէջ եւ յատկապէս` Իջեւանի մէջ, մենք պէտք է շեշտակի յաղթանակ ապահովենք», ըսած է Ռոպերթ Քոչարեանը:

Ան նշած է, որ ամէն ինչ պիտի ընեն դաշինքի ծրագիրը ամբողջութեամբ իրականացնելու համար. «Եթէ դուն պատասխանատու մարդ ես, վերցուցած ես այդ բեռը, ուրեմն պէտք է տանիս: Եթէ մարդ ինքզինք չի կրնար կառավարել, երկիրը ինչպէ՞ս կրնայ կառավարել: Իսկ մեր այսօրուան կառավարութիւնը այդպիսին է` մարդիկ իրենց ընելիքը չեն գիտեր: Ասիկա նոյնիսկ քաղաքական խումբ անուանել չես կրնար: Նաեւ ըսեմ, որ կը բացառեմ վերադարձը հին բարքերուն»:

Իր կարգին, Իշխան Սաղաթէլեան նշած է, որ այս ընտրութիւններուն պէտք է մօտենալ այն համոզումով, որ դրուած է երկրի գոյութիւն ունենալ կամ չունենալու հարցը. «20 յունիսին պէտք է քշենք այս չարիքի կառավարութիւնը եւ ձեւաւորենք նոր որակի ազգային իշխանութիւն, որ պիտի կարենայ պահել, պաշտպանել մեր պետութեան, երկրի եւ ժողովուրդի շահերը»:

Անդրադառնալով տարածուող այն կարծիքին, որ եթէ գայ քաղաքական այլ ուժ, պատերազմ պիտի ըլլայ, Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ. «Իրականութեան մէջ եթէ պարտութեան եւ քաոսի այս խորհրդանիշը վերարտադրուի, մեր երկիրը պիտի երթայ նոր պատերազմի, նոր անկայունութեան: Մենք ենք այն դաշինքը, որ կրնայ երկրին բերել անվտանգութիւն ու կայունութիւն, կազմակերպել մեր սահմաններու անվտանգութիւնը, զարգացնել մեր տնտեսութիւնը: Մենք ունինք այդ խումբը, ունինք այդ կամքը: Մենք գիտենք, թէ ի՛նչ ծանր բեռի տակ կը մտնենք եւ պատրաստ ենք այդ բեռը պատուախնդրօրէն տանիլ յառաջ` յանուն Արցախի, յանուն Հայաստանի, յանուն մեր պետականութեան»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.