Իրաւապահները խուզարկած են Նարեկ Կարապետեանի առանձնատունը
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Այսօր կանուխ առաւօտեան, իրաւապահ մարմինները հերթական քաղաքական ճնշման քայլին դիմած են ընդդիմադիր գործիչներու նկատմամբ։ Խուզարկութիւն կատարուած է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Նարեկ Կարապետեանի առանձնատան մէջ։
Քննչական կոմիտէն լրատուամիջոցներուն յայտնած է, թէ սոյն գործողութիւնները կը կատարուին հաւաքներուն մասնակցելու համար քաղաքացիներուն նիւթապէս շահագրգռելու եւ առանձնապէս խոշոր չափերով դրամներու լուացման քրէական վարոյթի շրջանակներէն ներս (Ալեքսան Ալեքսանեանի վերաբերեալ գործով)։
Աւելի կանուխ, իշխանութեանց կամակատար դատախազութիւնը հանրային քրէական հետապնդում յարուցած էր ընդդիմադիր պատգամաւորին դէմ՝ Քրէական օրէնսգիրքի 236-րդ հոդուածի 2-րդ մասով («հաւաքին մասնակցելուն հարկադրելը») եւ 296-րդ հոդուածի 3-րդ մասի 3-րդ կէտով («առանձնապէս խոշոր չափերով փողերու լուացում»)՝ ակնյայտօրէն քաղաքական պատուէր ներկայացնող մեղադրանքներով։ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովն ալ, իր կարգին, անմիջապէս բաւարարած էր Գլխաւոր դատախազութեան միջնորդութիւնը։