Հաճիեւ․ Հայաստանի մէջ շուտով նոր Սահմանադրութեան ընդունման գործընթաց պիտի սկսի

Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով օգնական Հիքմէթ Հաճիեւ յայտարարած է, որ Պաքու «ազդակներ» կը ստանայ Հայաստանի մէջ մօտ ապագային նոր Սահմանադրութեան ընդունման գործընթաց սկսելու վերաբերեալ։

Թրքական «Հապեր Կլոպալ» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ան ըսած է, որ Հայաստանի մէջ կրնայ հանրաքուէ կազմակերպուիլ։

«Հայաստանի Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ Ատրպէյճանի նկատմամբ առկայ պահանջներու վերացումէն ետք խաղաղութեան համաձայնագիրի վերջնական ստորագրման համար այլեւս որեւէ խոչընդոտ չենք տեսներ», յայտարարած է Հաճիեւ՝ պնդելով, որ շրջանին մէջ արդէն խաղաղութիւն հաստատուած է։

Պաքու Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը նախապայման դարձուցած է խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան համար՝ պահանջելով անկէ հեռացնել Անկախութեան հռչակագիրին յղումը։ Նիկոլ Փաշինեան եւս կողմ արտայայտուած է նոր Սահմանադրութեան ընդունման՝ պնդելով, որ հռչակագիրէն հրաժարիլը կը բխի Հայաստանի շահերէն։

Հաճիեւ․ Իսրայէլ լուրջի առած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Պաքուի ուղերձները

Հաճիեւ անդրադարձած է նաեւ Իսրայէլի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նախաձեռնութեան՝ յայտնելով, որ Պաքու դիւանագիտական աշխոյժ աշխատանք տարած է անոր ընդունումը կանխելու համար։

Անոր համաձայն՝ Ատրպէյճան իսրայէլեան կողմին փոխանցած է, որ նման որոշում «անարդար» պիտի ըլլար եւ պիտի չարտացոլէր պատմական իրականութիւնը։ Հաճիեւ պնդած է, որ Իսրայէլ լուրջի առած է Պաքուի ուղերձները, եւ ճանաչման գործընթացին հետագայ յառաջխաղացքը կանխուած է։

Իսրայէլեան «Հաարէց» օրաթերթը աւելի կանուխ հաղորդած էր, որ հարցը Քնեսէթի քուէարկութեան չէ ներկայացուած՝ Ատրպէյճանի կողմէ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի վրայ գործադրուած ճնշումին պատճառով։

Հայաստանի իշխանութիւնները հարցին զուսպ արձագանգած էին։ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած էր, որ կառավարութիւնը արձագանգելու անհրաժեշտութիւն չի տեսներ՝ պնդելով, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան «զէնքի վերածման» գործընթացին չմասնակցիլը կը բխի Հայաստանի Հանրապետութեան շահերէն։