Երեւանի մէջ կայացաւ Անիի պատմական կամուրջի վերականգնման հարցերով Հայաստան-Թուրքիա աշխատանքային խումբի երկրորդ հանդիպումը

ԵՐԵՒԱՆ — Օգոստոս 4-ին Երեւանի մէջ կայացաւ Անիի պատմական կամուրջի վերականգնման հարցերով Հայաստան-Թուրքիա միացեալ աշխատանքային խումբի երկրորդ հանդիպումը։

Հանդիպման ընթացքին կողմերը կարեւոր նկատեցին Անիի պատմական կամուրջի համատեղ վերականգնման վերաբերեալ 2026-ի մայիս 4-ին Երեւանի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւնը։

Կողմերը պայմանաւորուեցան շարունակել ջանքերը՝ ստորագրուած արձանագրութիւնը կարելի եղածին չափ արագ գործադրելու ուղղութեամբ։

Հայաստան եւ Թուրքիա մայիս 4-ին, Երեւանի մէջ կայացած Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթնաժողովի ծիրին մէջ, փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրած էին Անիի պատմական կամուրջի վերականգնման վերաբերեալ։

Յուշագիրի ստորագրման արարողութիւնը տեղի ունեցած էր Անիի կամուրջի վերականգնման հարցով աշխատանքային խումբի առաջին հանդիպման ընթացքին։