Դաւիթ Իշխանեան. «Միացումը Մեր Ռազմավարական Նպատակն Էր Ու Այսօր Ալ Նպատակն Է»

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան «Լրագիր»-ին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ պատերազմէն ու հրադադարի հաստատումէն ետք Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին մասին, ինչպէս նաեւ պատասխանեց այն հարցումին, որ 1994-ի սահմաններուն վերադառնալու հարցեր կը քննարկուի՞ն արդեօք, եւ ի՞նչ են նման բանի մը կարելիութիւնները:

Պատասխանելով լրագրողի առաջին մատնանշումին եւ տուած հարցումին` Դաւիթ Իշխանեան ըսաւ, որ հրադադարէն ետք առիթ ունեցած են անդրադառնալու Արցախի Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած ընդհանուր իրավիճակին` քաղաքական, ընկերային, ապահովական հարցերուն, նաեւ տնտեսական հիմնախնդիրներուն, գալով այն եզրակացութեան, որ վիճակն ու իրականութիւնը այդքան ալ գունաւոր չեն, ուստի յետպատերազմեան այս ծանր վիճակը յաղթահարելու պրպտումներու սկսած են:

«Այստեղ շատ կարեւոր է, որ Արցախի Հանրապետութեան պետական կառոյցները կարենան ճիշդ ուղղութիւն որդեգրել` իւրաքանչիւրը իր մասով: Անշուշտ, ժողովուրդին ակնկալիքը անվտանգային երաշխիքներն են եւ անվտանգութեան հարցերու հետ կապուած պատասխաններ ստանալը, բայց պակաս կարեւոր չեն այն ընկերային հարցերը, որոնք ծառացած են տեղահանուած բնակչութեան դիմաց:

«Այսօր դժուար է ըսել, թէ մենք կրցած ենք մեզի համար ճիշդ ուղղութիւն որդեգրել եւ ճիշդ ուղիի վրայ կանգնիլ: Բայց նաեւ պէտք է ըսել, որ նշանները եւ ծիլերը այդ առումով ինչ որ տեղ յուսադրող են: Թիւ մէկ խնդիրը, ինչպէս ըսի, անվտանգային հարցերն են, եւ ռուս խաղաղապահներու այստեղ ներկայութիւնը տակաւին կարելիութիւն կու տայ վերակազմակերպելու եւ վերակառուցելու մեր կորսնցուցածը եւ նաեւ նպատակային առումով մեր առջեւ նոր պայմաններու մէջ նոր խնդիրներ դնելու», յայտնեց Իշխանեան:

Լրագրողը հարցուց, թէ ներկայիս ի՞նչ են նոր խնդիրները` Արցախի տարածքներու բռնագրաւումի վերացո՞ւմ, իսկ Արցախի կարգավիճակի հարցերը արդեօք աւելի առաջնահերթ պէտք չէ՞ նկատել:

Դաւիթ Իշխանեան դիտել տուաւ, որ հարցազրոյցը կը կատարուի այնպիսի ժամանակ, երբ շրջան կ՛այցելէ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը, իսկ նախորդ ամիսներուն երկու տարբեր տեսակէտներ հնչած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն կողմէ: Ազրպէյճան կը յայտարարէ, որ Ղարաբաղի հարցը լուծուած է եւ նման հարց այլեւս գոյութիւն չունի: Հայկական կողմը կը շեշտէ, որ մենք ունինք տակաւին չհանգուցալուծուած տագնապ, եւ այդ ուղղութեամբ մեր ջանքերը ի գործ պիտի դնենք:

«Վստահ եմ, որ այդ տեսակէտներու բախման հետեւանքով նաեւ որոշ խնդիրներ պիտի յառաջանան: Մենք` իբրեւ Արցախի Հանրապետութիւն, իբրեւ առանձին կառոյց, նաեւ կը փորձենք մեր խնդիրները ձեւակերպել եւ յառաջացած նոր խնդիրներու մէջ լուծման տարբերակներ գտնել: Բնականաբար, այդ կարգին` նաեւ բռնագրաւման վերացման խնդիրներն են:

«Հպարտութեամբ եւ ուրախութեամբ պէտք է ըսել, որ վերջերս Արցախի խորհրդարանին մէջ ընդունուած յայտարարութիւնը շատ կարեւոր էր Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման եւ մեր հետագայ քայլերուն համար: Մենք կը գիտակցինք, որ, այո՛, պատերազմին պարտուած ենք, որ հարուածն ու կորուստները մեզի համար շատ-շատ ծանր են, բայց մենք պէտք է կարենանք վերակազմակերպել մեր ընդհանուր աշխատանքները:

«Այդ առումով, տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման միտուած հարցերը, մեր համարկումը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ վերջնական միացման գաղափարի իրականացումը այն ռազմավարական նպատակներն են, որոնց շուրջ մենք 30 տարիէ աւելի պայքար մղած ենք: Եւ հասած էինք որոշ հանգրուանի», յայտնեց Դաւիթ Իշխանեան:

Դաւիթ Իշխանեան դիտել տուաւ, որ մեզի համար հարցի թուացեալ հանգուցալուծումը այսօր մեզի կը մատուցէ այլ իրականութիւն, իսկ այս իրականութեան հետ մենք պէտք է որոշ չափով համակերպինք, բայց ասիկա չընդունինք իբրեւ վերջնական հանգուցալուծում եւ վերակառուցենք մեր աշխատանքները: Այդ նպատակին հասնելու համար նաեւ պէտք է գտնենք համապատասխան միջոցները, որոնք թելադրուած չեն միայն այսօրուան մեր պայմաններով:

«Կարեւորը այդ նպատակը սահմանելն է, իսկ այդ նպատակը մենք սահմանած ենք տասնամեակներ առաջ, 100 տարի առաջ, երբ Ղարաբաղը կը բռնակցուէր Ազրպէյճանին` ինքնավար մարզի կարգավիճակով: Եւ պայքարի շարունակութիւնը նաեւ անհրաժեշտութեան պարագային պէտք է պատգամենք մեր սերունդներուն, եթէ չկարենանք ամբողջականօրէն հանգուցալուծել մեր սահմանած նպատակներու շրջագիծին մէջ:

«Միացումը մեր ռազմավարական նպատակն էր ու այսօր ալ նպատակն է», շեշտեց Դաւիթ Իշխանեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.