Ստեղծուած Է Հայաստանի Հանրապետութեան Եւ Մայիսեան Հերոսամարտերու 100-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներու Կազմակերպման Յանձնաժողով
April 21, 2017Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր հրամանագիր ստորագրած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպման պետական յանձնաժողով ստեղծելու մասին: Յանձնաժողովի նախագահը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետն է: Յանձնաժողովին յանձնարարուած է` երկամսեայ ժամկէտին մէջ մշակել եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի հաւանութեան ներկայացնել Հայաստանի Հանրապետութեան ...