Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած իսլամացուած տերսիմցի հայերու մասին «Վանքի զաւակները» վաւերագրական ժապաւէնը

Ուզայ Պուլութ armenianweekly.com կայքին վրայ կը գրէ‚ թէ Փետրուարին Պոլսոյ մէջ սկսած է ցուցադրուիլ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած իսլամացուած հայերու մասին թրքական վաւերագրական նոր ժապաւէն մը։ «Վանքի զաւակները» վաւերագրական ժապաւէնը կը պատմէ‚ թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ Տերսիմի մէջ 1915-ի ցեղասպանութենէն եւ 1937-1938-ի ջարդերէն քանի մը վերապրածներու։

Ըստ վաւերագրական ժապաւէնին‚ այս երկու աղէտներէն վերապրած հայերը թրքական կառավարութեան կողմէ աքսորուած են Թուրքիոյ տարածքին այլ վայրեր։

Թրքական կառավարութեան կողմէ կիրարկուած բռնի թրքացման ու իսլամացման քաղաքականութեան պատճառով վերապրողներուն հայկական անունները փոխուած են եւ անոնց տրուած՝ թրքական անուններ։ Ապա անոնց ստիպած են իսլամանալ՝ արտասանելով «Շահատէ»ն՝ իսլամութեան կրօնափոխ եղող բոլորին կողմէ յայտարարուած իսլամական հաւատքի հրապարակաւ արտասանութիւնը։ Անոնցմէ ոմանք մեծցած են իբրեւ ալեւիներ՝ ալեւիական ընտանիքներու մէջ։

Ժապաւէնը կը կրէ անունը Սուրբ Կարապետ վանքին‚ որ կը գտնուի Տերսիմի Հալուորի գիւղին մէջ։

Սուրբ Կարապետ վանքը‚ որ կը կարծուի կառուցուած ըլլալ 9-րդ դարուն, Տերսիմի մէջ պաշտամունքի հայկական միակ վայրն է‚ որ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին չէ քանդուած։

Վանքը 1937-ին ռմբակոծուեցաւ թրքական ուժերու կողմէ, եւ անոր հոգեւոր հովիւը ձերբակալուեցաւ։ 1938-ի ջարդերուն ամբողջութեամբ քանդուեցաւ, եւ հոգեւոր հովիւը բիրտ կերպով սպաննուեցաւ Հալուորի Վանք գիւղին մէջ այլ հայերու եւ քըզըլպաշ-ալեւիներու կողքին։

Ֆիլմի արտադրիչ Քազիմ Կիւնտողան armenianweekly.com-ին կը յայտնէ. «Թրքական պետութիւնը 1937-1938-ի ցեղասպանութեան ընթացքին ամբողջ Տերսիմի տարածքին թիրախ դարձուց բոլոր քըզըլպաշ-ալեւիները‚ ինչպէս նաեւ այդ գիւղին մէջ քրիստոնեայ համայնքը: Գրեթէ բոլորը սպաննուեցան։ Ահա թէ ինչո՛ւ‚ ցեղասպանութենէն 75 տարի ետք այդ մարդոց պատմութիւնը կոչեցինք «Վանքի զաւակները»։

Ժապաւէնի հետազօտողներ Քազիմ Կիւնտողան եւ Նեզահաթ Կիւնտողան, այդ երկու ցեղասպանութիւններէն վերապրածներուն հետքերը հետաքննեցին Քոնիայի‚ Պոլուի‚ Պոլսոյ‚ Իզմիրի ու Տերսիմի մէջ‚ եւ անոնց հետ հարցազրոյցներ կատարեցին։ Քազիմ Կիւնտողան նաեւ Տերսիմի հայերուն մասին «Վարդապետին զաւակները՝ Տերսիմի հայերը 1» խորագրով գիրք մը գրեց։ «Տերսիմի հայերուն մասին մեր հետազօտութիւնը կը շարունակուի։ Տերսիմի ալեւի‚ իսլամ‚ անհաւատ եւ քրիստոնեայ հայերուն մասին երկրորդ գիրք մը պիտի հրապարակենք այս տարուան աւարտին»‚ կ’ըսէ Կիւնտողան։

Վաւերագրական ժապաւէնը կը ներկայացնէ զարհուրելի կեանքը վանքի վերապրած մանուկներուն ու թոռներուն, ինչպէս նաեւ անոնց քաջարիութիւնը։ Կը նկարագրէ անոնց յուշերը‚ արմատները փնտռելու ջանքերն ու դէպի Տերսիմ վերադարձի երթը։

Կիւնտողան կը շեշտէ‚ որ աշխարհի տարածքին առաջին ցուցադրութիւններ եւ ժապաւէնին մասին քննարկումներ կազմակերպելով կ’ուզէ վաւերագրական ժապաւէնը բաժնեկցիլ անոնց հետ‚ որոնք կ’ուզեն աւելի բան իմանալ Տերսիմի հայերուն եւ 1938-ի ջարդերուն մասին։

Ահմետ Աք‚ որ իր մեծ մօր հայկական ինքնութեան մասին կ’իմանայ ժապաւէնին մէջ, կ’ըսէ. «Կը կարծեմ‚ որ այնքան կը վախնար‚ որ մեզի ոչինչ յայտնած է։ Այս հողերուն վրայ հայ ըլլալը շատ դժուար է։ Եւ անոնք այդ դժուարութիւնները անձնապէս այնքան խոր կերպով ապրեցան»։

Քազիմ եւ Նեզահաթ Կիւնտողան նաեւ արտադրած են երկու վաւերագրական ժապաւէններ 1938-ի Տերսիմի ջարդին մասին՝ «Մազի երկու խուրց՝ Տերսիմի կորսուած աղջիկները» (2010) եւ «Անցեալին մէջ չթաղուած» (2013)։

2012-ին‚ անոնք հրատարակեցին պատմագրական գիրք մը՝ «Տերսիմի կորսուած աղջիկները»‚ որ կը պարունակէ հարիւրաւոր պատմութիւններ‚ ինչպէս նաեւ շարք մը փաստաթուղթեր‚ որոնք կը նկարագրեն ցաւալի կեանքը Տերսիմէն վերապրած մանուկներուն‚ որոնք ջարդէն ետք առեւանգուած են թուրք զինուորներու կամ դիւանակալներու կողմէ։

«Վանքի մանուկներ»ուն առաջին ցուցադրութեան առիթով կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Նեզահաթ յայտնեց‚ որ վաւերագրական ժապաւէնին ամբողջացումը տեւած է չորս տարի։

«Բոլորս գիտենք, թէ պատմական ճշմարտութիւնները թաքցուած են‚ պահուած եւ մերժուած մեր երկրի պաշտօնական գաղափարախօսութեան եւ պաշտօնական պատմութեան մէջ։ Ուստի‚ ճշմարտութեան հետապնդումն ու բացայայտումը շատ ժամանակ կը խլէ», ըսաւ Նեզահաթ՝ աւելցնելով. «Այս հողերուն վրայ դժուար է քիւրտ‚ ալեւի‚ միասեռական‚ կին‚ «միւսը» ըլլալ… հայ ըլլալը նոյնիսկ աւելի դժուար է։ Հայերը կը նկատուին «միւսին միւսը»։

Ըստ Նեզահաթի‚ վաւերագրական ժապաւէնը սոսկ ժապաւէն մը չէ‚ անիկա տեսաժապաւէններու արտադրիչներու կողմէ «ճշմարտութեան համար պայքար մըն է»: «Կը յուսամ‚ որ այս շարժանկարը ճամբայ կը հարթէ բացայայտելու այլ չպատմուած պատմութիւններ»‚ կը նշէ Նեզահաթ՝ աւելցնելով. «Եւ կը յուսամ, որ նպաստէ կանխարգիլելու աւելի մեծ տառապանքներու եւ բռնարարքներու արձանագրումը»։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.