Այսօր Գետաշէնի արծիւ ԹաթուլԿրպէյեանը կը դառնար 52 տարեկան

Ապրիլի 21-ը Գետաշէնի արծիւ, Ազգային հերոս ԹաթուլԿրպէյեանի ծննդեան օրն է։

1991 թուականի ապրիլ-մայիս ամիսներուն Արցախի մէջ ծաւալած բռնութիւններու ալիքը հասաւ իր գագաթնակէտին։ Հայերուն տեղահանելու նպատակով ատրպէյճանական զինուած ջոկատները Խորհրդային ներքին գործերու նախարարութեան ուժերու աջակցութեամբ բացայայտ պատերազմ սկսան Շահումեանի և Գետաշէնի հայ բնակչութեան դէմ։ «Օղակ» գործողութեան արդիւնքում՝ դաժան մարտերէ ետք, անոնք գրաւեցին Գետաշէն և Մարտունաշէն գիւղերը։ Այս գործողութեան ընթացքին զոհուեցաւ հայկական ինքնապաշտպանութեան ջոկատի մարտիկ Թաթուլ Կրպէյեանը։

՚ԹԱԹՈՒԼ ԿՐՊԷՅԵԱՆ

Ծնած է 21 Ապրիլ 1965-ին, Արեգ (Թալինի շրջան, Արագածոտնի մարզ): 1984-1985-ին ծառայած է Խորհրդային բանակին նէջ: 1987-1990-ին ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին մէջ: 1990-ի Սեպտեմբերէն պատմութեան ուսուցիչ եղած է Գետաշէնի դպրոցէն ներս: Եղած է Գետաշէն-Մարտունաշէն ենթաշրջանի ինքնապաշտպանութեան հրամանատար: 1991-ի Ապրիլին ատրպէյճանցի հրոսակները եւ խորհրդային զօրքերը սկսած են Կոլցօ գործողութիւնը, որուն նպատակը Գետաշէնի ենթաշրջանի հայութեան բռնի տեղահանումն էր: Թաթուլը պատանդ վերցուցած է այդ գործողութեան ղեկավար ԽՍՀՄ ներքին զօրքերու Պաքուի գունդի հրամանատար գնդապետ Մաշկովը: Զոհուած է 30 Ապրիլ 1991-ին Գետաշէնի մէջ: անդամ էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ): ՀՀ Ազգային Հերոս (յետմահու, 20.09.1996):

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.