Քեսապի հարցով զեկոյց Գանատայի խորհրդարանի Մարդկային Իրաւանց ենթայանձնաժողովի նիստին – քաղաքական հանդիպումներ Օթթաուայի մէջ
April 07, 2014\n Հինգշաբթի, 3 Ապրիլ 2014-ին, Օթթաուայի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Ռուբէն Գույումճեան եւ Գանատայի Առաջնորդարանի Կառավարական Յարաբերութեանց գրասենեակի տնօրէն Յակոբ Արսլանեան Քեսապի հարցով Գանատայի խորհրդարանէն ներս շարք մը հանդիպումներ ունեցան, որոնց շարքին Գանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըրի խորհրդարանական քարտուղար երեսփոխան Paul Calandra-ի ...