Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը քննեց Փարիզի, Ալմելոյի եւ Արմաւիրի մէջ կեդրոններու հիմնադրման ծրագրերը
July 20, 2020Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Ուրբաթ, 17 Յուլիսին կատարեց 2020-ի իր երրորդ առցանց լիագումարը՝ օրակարգի վրայ ունենալով միութեան քառամեայ ծրագիրները Քորոնայի արտակարգ դրութեան պայմաններուն պատշաճեցնելու անհրաժեշտութիւնը։ Լիագումարին սկիզբը, Կեդրոնական Վարչութիւնը մտահոգութեամբ անդրադարձաւ վերջին օրերուն Հայաստանի սահմանային գիւղերուն դէմ կատարուած ազրպէյճանական յարձակումներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ...