Գանատայի խորհրդարանին մէջ նախարար Ճէյսըն Քէնի հանդիպում ունեցաւ գանատահայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ
February 25, 2014Փետրուար 24-ին, Գանատայի խորհրդարանին մէջ Գանատայի ընկերային զարգացման բազմամշակութային հարցերու նախարար հանդիպում ունեցաւ գանատահայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ: Մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպման ընթացքին, նախարարին հետ արծարծուեցան գանատահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր: