ԻՆՉՈՒ՞ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԱԾ Է ՍԵՒԱՆ ՆՇԱՆԵԱՆԸ


 

Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք Թուրքիոյ “Ռատիքալ“ եւ “Զաման“  օրաթերթերու աշխատակից, նաեւ փաստաբան, լրագրող եւ մարդկային իրաւանց հարցերու ջատագով` Օրհան Քեմալ Ճէնկիզի մէկ յօդուածը.-

 

Թուրքիան դրախտավայր մըն է մասնաւորաբար  երբ հերթը կու գայ  ապօրինի շինարարութեան:  Հազարաւոր շէնքեր կան Իսթամպուլի մէջ որոնք շինուած են առանց արտօնագրի, կամ` շինուած են հակասելով  քաղաքային արտօնագրի կանոնները: Զննէ՛ կաշառքի վերջին պարագանեները որ տեսնես թէ շինարարութեան արտօնագրերը զեղծարարութեամբ կամ այլ ձեւերով ինչպէս ձեռք կը ձգուին:

Այո՛, ապօրինի շինարարութիւններու դրախտավայր է Թուրքիան, բայց կը թուի թէ բանտարկած ենք միայն մէ՛կ անհատ , որ իր ունեցած հողին վրայ կարծեցեալ ապօրինի շինարարական շէնք մը կառուցած է: Եւ այդ անհատը Սեւան Նշանեանն է:

Նշանեանը շատոնց կ’ապրի Իզմիրի Շիրինճի գիւղը: Կ’ըսուի թէ ան  այս անյայտ շրջանը զբօսաշրջիկներու համար գլխաւոր ու գրաւիչ վայր մը դարձուց: Նշանեանը հայ ծագումով Թուրքիոյ քաղաքացի մըն է: Ան այնպիսի հակադարձ մտաւորական մըն է,  որ վրդովեց մեր ընկերութեան զանազան հատուածները: Քեմալականները, իսլամականները, ձախակողմեաններն ու  իգական սեռի իրաւունքներուն ջատագով (ֆէմինիստ)  եղող անհատները, եւ այս բոլո՛րն ալ, ունին իրենց իւրայատուկ պատճառները ատելու Սեւան Նշանեանը: Նշանեանը  ծայրայեղօրէն բացայայտ անձնաւորութիւն մըն է , եւ  հոգը չէ թէ իր մտածելակերպին պատճառով ուրիշներ զինք կ’ ընդունին կամ ոչ:

Ան շարունակաբար Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը Թուրքիոյ կառավարութեան  ծրագիրներուն մէջ կը մտցնէ:

Եւ հիմա, ան երկու տարի բանտարկաութեան ենթարկուած է  Թորպալի  բանտին մէջ: Սեւան Նշաշեանը  բանտարկուած չէ հայկական ցեղասպանութեան մասին ըսած  իր խօսքերուն համար, ո՛չ ալ իր արտայայտած այն մտքերուն`  որոնք ընդունուեցան իբր անարգանք  ուղղուած իսլամական  կրօնքին,  եւ անոնց պատճառով իսկ ան 11 ամիս բանտարկուեցաւ:

Այսօր ան բանտարկուած է ապօրինի՜ շինարարութիւն մը իրագործած ըլլալուն  պատճառով…

Կրնա՞ք  հաւատալ:

Բանտ մտնելէ առաջ Նշանեանը  խօսած է վեթերան լրագրող Հասան Ճեմալի հետ: Դառն են իր խօսքերը եւ գրգռիչ: Նշանեանը ըսած է.

Ամբողջ կեանքիս ընթացքին փորձեցի լաւ բան մը ընել մարդոցԵւ փոխարէնը ի՞նչ ստացայԻշխանութենէն միշտ ստացայ կասկած,թշնամութիւն եւ բռնապետութիւնՍտիպուած էի միշտ բարոյական եւ քաղաքական նախապաշարումներու հանդէպ անպատկառութեամբ եւ արհամահանքով մօտենալ:  Հինգ կառավարութիւններութը ենթակառավարիչներեւ չեմ գիտեր քանի նախարարներ եւ քաղաքապետներ փոխուեցանԵրբեմն քանի մը պարկեշտ մարդիկ կու գան եւ նոր յոյսեր կը ծագին մեր մէջ.  բայց յետոյ… ոչի՛նչ կը փոխուի:“

“Ակօս“ շաբաթաթերթին մէջ նախապէս իր ըրած դիտողութիւններով Նշանեանը վերլուծած է իսկական շարժառիթը իր բանտարկութեան:Ակներեւ է որ իմ հայ ըլլալը դեր կը խաղայ այս գործարկութեան մէջ:Թուրքիոյ մէջան որ տուփէն դուրս ելլէ կը պատժուինոյնիսկ եթէզուտ  թրքական մականուն ունենայԻսկ եթէ տուփէն դուրս ելլողը հայէպատիժը կը բազմապատկուի:“

Թերեւս հարցը հետեւեալ ձեւով պէտք է դնել:

Եթէ Նշանեանը հայ չըլլար, եթէ ան հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսած չըլլար, եւ եթէ ան իր արտայայտութիւններով իսլամականները խռոված չըլլար, այսօր`  միթէ  ան բանտարկուած պիտի ըլլա՞ր:

Սոսկալին այն է, որ այլ պարագաներ, խնդիրներ ալ կան որոնք  նոյնպէ՛ս կը կը դատապարտեն Նշանեանը  կարծեցեալ ապօրինի շէնքեր կառուցած ըլլալուն համար: Եթէ ասոնցմէ ամեն մէկուն համար նոյնպիսի պատիժ մը ստանայ, ան իր ամբողջ կեանքը բանտին մէջ կրնայ անցնել:

Պատմական հեգնանք մը ըլլալ կը թուի կառավարութեան ըրածը: Որովհետեւ մինչ  հո՛ս` պետական իր ազդեցութեան եւ կարողութեան մէջ գտնուող բոլոր կարելիութիւնները օգտագործելով  կառավարութիւնը կը փորձէ սանձել խոշոր կաշառակերութեան մը խուզարկման խնդիրը (միլիոնաւոր տոլար արժող կաշառակերութիւն մը`  շինարարական արտօնագրեր ձեռք ձգելու համար…), իսկ հոն` Սեւան Նշանեանը բանտ կը նետուի իրեն պատկանող 40 քառակուսի մեթրին վրայ շէնք մը կառուցած ըլլալուն համար: կարծես կատակ մըն է …: Բայց այս կատակը ահռելի հետեւանք ունի: Որովհետեւ` կը ձգտի լռեցնել քննադատող այնպիսի ձայն մը, եւ այնպիսի մէկ պահուն, որուն կարիքը զգալի է առաւելապէս նոյն այդ պահուն:

 

 Գրեց`  Օրհան Քեմալ Ճէնկիզ Զաման  

Թարգմանեց`  Յարութիւն Մըսրլեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.