Հ.Յ.Դ.-ի կեցուածքը Էօճալանի նամակին նկատմամբ՝ Ողջունելի, բայց լուրջ վերապահումներով


Հ.Յ.Դ. Մամլոյ Դիւանի լրագրողը դիմեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին.

Հարցում – Մօտ չորս շաբաթ առաջ հրապարակուեցաւ Փ.Ք.Ք.-ի առաջնորդ Ապտուլլահ Էօճալանի նամակը՝ Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցին առիթով, որ նախ հրատարակուեցաւ Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթին մէջ։ Հ.Յ.Դ.-ն ցարդ պաշտօ­նա­պէս չարձագանգեց այդ նամակին. այս նամակի մասին ի՞նչ է կուսակցութեան կեցուածքը։

Յ.Տ.Խ. – Նախ ըսեմ, որ Էօճալանի նամակը նախատեսուածէն ուշ հրապարակուեցաւ, ենթադրաբար՝ որովհետեւ պէտք է անցներ թրքական համապատասխան կառոյցներու բովէն։ Հրապարակումէն մօտ քսան օր առաջ, Էօճալան «մինչեւ Հրանդին սպանութեան տարելիցի օրը» — այսինքն՝ 19 Յունուար — «մեր հայ հայրենակիցներուն ուղղուած» նման նամակ մը գրելու մասին արդէն հրապարակում կատարած էր։ Այդ ճիշտ այն օրերուն էր, երբ Էօճալանի գլխաւորած մէկ կազմակերպութեան՝ Քիւրտիստանի Համայնքներու Միութեան (KCK) համանախագահ Պէսսէ Խոզաթ խնդրահարոյց յայտարարութիւն կատարած էր հայութեան մասին։ Էօճալան, արձագանգելով Խոզաթի ըսածներուն նկատմամբ ստեղծուած ընդվզումին, ըսած էր, թէ հայերուն համոզելու համար պիտի գրէ իր նամակը։ Էօճալանի նամակը, սակայն, յստակ կերպով անհրաժեշտ սրբագրութիւնը չի կատարեր։

Հարցում – Այսինքն, դժգո՞հ էք նամակէն։

Յ.Տ.Խ. – Ողջունելի է այն փաստը, որ քիւրտ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի բանտարկուած առաջնորդը՝ Աբոն հայութեան ուղղուած նամակ գրած է։ Պէտք է անպայման նկատի ունենալ այն հանգամանքները, իր բառերով՝ «դժուար պայմաններ»ը, որոնց մէջ կը գտնուի Էօճալանը եւ նամակին բովանդակութիւնը ըստ այդմ պէտք է հասկնալ, արժեւորել։ Ուրախ ենք, որ Էօճալան անգամ մը եւս Հայոց Ցեղասպանութեան ճիշդ բնորոշումը կու տայ եւ Թուրքիոյ հանրապետութեան համար այս ցաւոտ պատմութեան հետ առերեսումը անխուսափելի կը նկատէ:

Ինչ որ անհասկնալի է Էօճալանի նամակին մէջ, յղումներն են «լոպիներու» եւ «համայնքանման կառոյցներու»։ Հայութեան ուղղուած նամակի մը մէջ այս յղումները առնուազն շփոթմունք կը ստեղծեն՝ արդեօ՞ք խօսքը Սփիւռքի հայկական համայնքային կառոյցներու եւ լոպիներու մասին է։ Մանաւանդ՝ երբ Էօճալան հայ ժողովուրդին կ՚առաջարկէ «առանց ցեղապաշտ-ազգայնական թակարդներու մէջ իյնալու շարունակէ իր պայքարը» եւ այդ բոլորին «դէմ զգուշութեան, յստակ դիտարկումով մը խնդիրը քննարկելու կը հրաւիր[է]»։ Սփիւռքի թէ Թուրքիոյ մէջ հայկական լոպիներու մասին բացասական արտայայտութիւն կար նաեւ Խոզաթի ըսածին մէջ, եւ ըսած ըլլալու վերագրում՝ մօտ մէկ տարի առաջ, նոյնինքն Էօճալանին։ Սփիւռքի մէջ «հայկական լոպի» կոչուածը հայութեան ժողովրդային լայն խաւերու կամքը արտայայտող գործունեայ կառոյցներ են:

Չեմ անդրադառնար նաեւ նամակին մէջ արտայայտուած եւ կամ չարտայայտուած մտքերու մասին արժեւորումներուն եւ քննադատութիւններուն, որոնք տեղ գտան հայկական լրատուա­միջոցներու մէջ։ Այս բոլորէն անկախ, մենք, մեղմ ըսած՝ խիստ վերապահ ենք Աբոյի ակնարկած Թուրքիոյ հեռանկարին նկատմամբ, թէ՝ ան կրնայ ըլլալ «ժողովրդավարութեամբ պսակադրուած հանրապետութիւն մը[, որ] թէ՛ պիտի յաջողի անցեալի հետ հաշտուելու եւ թէ բոլոր տարբեր ինքնութիւններուն ազատապէս ապրած հանրապետութիւն մը դառնալու»։

Ամենայնդէպս, կը կրկնեմ որ այս կոչը ինքնին, որքան ալ պակասաւոր կամ նոյնիսկ հակասական մտքերով խճողուած, ողջունելի է որպէս քայլ մը, որ կրնայ ճամբայ հարթել հայ-քիւրտ յարաբերութիւններու զարգացման։ Այդ յարաբերութիւնները անշուշտ պէտք է խարսխուին նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ հայութեան իրաւունքներուն նկատմամբ արդարութեան վրայ՝ որպէս գրաւական իսկական ժողովրդավարութեան եւ համահաւասար իրաւունքներու հաստատման:

Հ.Յ.Դ. ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ

28-02-2014

 

Նկար

1.- Ձախէն՝ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան (BDP) համանախագահ Սալահէտտին Տէմիրթաշ եւ նոյն կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու, Վանէն ընտրուած Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Նազմի Կիւր, Հայ Դատի Յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակին մէջ, 29 Հոկտեմբեր 2013։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.