Ֆրանսայի եւ Հայաստանի Վարչապետները բացումը կատարեցին Ալֆորվիլի «Գէորգ Արապեան» վարժարանին
July 06, 2015Նոր Յառաջ.- Յուլիս 4-ին Ալֆորվիլ քաղաքը ժողովրդական բացառիկ շարժում մը ապրեցաւ, անբացատրելի տօնական օր մը։ Ամէն կողմէ մարդկային հոսք կար դէպի Կոմիտաս փողոց։ Ներկայ էին ֆրանսական քաղաքական դասի ներկայացուցիչները՝ երեսփոխաններ՝ Ռուքէ, Շվարզէնպէրկ, Ալֆորվիլի եւ Գլամարի քաղաքապետեր՝ Գարվունաս եւ Քալթէնպախ, ...