Վալերի Թորանեանի Ցեղասպանութեան մասին գիրքը Մրցանակակիր


Ֆրանսահայ յայտնի գրող, Elle ամսագիրի նախկին գլխաւոր խմբագիր Վալերի Թորանեանի ընտանիքի պատմութիւնը յայտնուած է ֆրանսական մամուլի եւ հասարակութեան ուշադրութեան կեդրոնին: Թորանեանի «Օտարերկրացին» գիրքը արժանացած է ամենամեայ «Մատամ Ֆիկարօ» մրցանակաբաշխութեան գլխաւոր մրցանակին, Nouvelles d’Armenie պարբերականի յղումով կը գրէ «Արմէնփրէս»-ը:

 Գիրքին մէջ հեղինակի` Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած մեծմօր` Աղաւնիի պատմութիւնն է: ««Օտարերկրացին» գիրքի պատմութիւնը սարսափելի եւ ապշեցնող է: Այն կը պատմէ հայերու ողբերգութեան մասին, այն սարսափելի իրավիճակին մասին, որ յայտնուած են հայերը: Կանայք, որոնք սովէն եւ շոգէն թոյլցած, տեսնելով, թէ ինչպէս կը խոշտանգեն իրենց ամուսիններուն, երեխաներուն, վիշտէն կը խելագարուէին, փորձելով անձնասպան ըլլալ»,- ըսած է Թորանեան` աւելցնելով, որ ողբերգութիւնը չէ կոտրած հայ ժողովրդը եւ ցեղասպանութենէն փրկուածները կրցած են նոր կեանք ստեղծել` միեւնոյն ժամանակ իրենց եւ սերունդներու յիշողութեան մէջ պահելով այն սարսափելի ոճիրը, որ կատարուեցաւ նախորդ դարու սկիզբը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.