Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը Պիտի Ոգեկոչուի Նաեւ Տերսիմի Մէջ
- (0)
«Ակունք»ը Տերսիմի հայերու հաւատքի եւ ընկերային փոխօգնութեան միութեան նախագահ Միհրան Փրկիչ Կիւլթեքինէն տղեկացած է, թէ այդ կազմակերպութիւնը այս տարուան Ապրիլ 24ին կը նախատեսէ Տերսիմի մէջ հանդէս գալ մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը: Միջոցառումը պիտի իրականացուի Տերսիմ քաղաքի «Սէյիտ Ռըզա» այգիին մէջ:
Կիւլթեքին նաեւ աւելցուցած է. «Մենք, թերեւս առաջին անգամ ըլլալով հոս հայկական ինքնութեամբ հանդէս գալով՝ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ մամլոյ հաղորդագրութիւն պիտի տարածենք: Ըստ էութեան՝ հարցը մայրենի հողի վրայ ապրող ժողովուրդի մը իր սեփական մշակոյթէն հարիւրամեայ հեռացման մասին է, որուն տարբեր հոգեբանական ազդեցութիւնները կը կրենք ներկայիս: Մենք, որպէս կազմակերպութիւն, Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին առթիւ պիտի իրականացնենք նաեւ ոգեկոչման արարողութիւն: Այս տարուան միջոցառման միայն ժողովրդավարական եւ քաղաքացիական հասարակական կազմակերպութիւններուն կ՛առաջարկենք մասնակցիլ: Մենք, զգացական առումով՝ միասնական ենք: Կը կարծեմ, որ սոյն միջոցառումը պիտի յաղթահարէ այն անզգայութիւնը, որ առկայ է Արեւելեան եւ Արեւմտեան Հայաստաններուն միջեւ ու պիտի ամրապնդէ մեր միասնականութիւնը, պիտի ապահովէ մեր եղբայրութիւնը, որ կը բխի նոյն ազգէն ծագելու փաստէն՝ միաժամանակ մեզի տալով համատեղ ապրելու նպատակ»:
Կիւլթեքին յոյս յայտնած է, որ միջոցառումը լուսաբանելու նպատակով Տերսիմ պիտի ժամանեն նաեւ հայաստանեան լրատուամիջոցներ: