Գանատա եւ Թուրքիա ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնութիւն կնքեցին

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը դատապարտէ Օթթաուայի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններու խորացումը՝ ահազանգելով Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց խախտումներուն, շրջանային քաղաքականութեան եւ Գանատայի սկզբունքային յանձնառութիւններուն առնչութեամբ։

ԱՆԳԱՐԱ/ՕԹԹԱՈՒԱ.- Գանատայի վարչապետ Մարք Քարնի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հոկտեմբեր 22-ին յայտարարեցին երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան հաստատումը՝ ներկայացնելով եռամեայ գործողութիւններու ծրագիր մը, որ կը նախատեսէ առեւտրական, ուժանիւթային, պաշտպանական եւ դիւանագիտական համագործակցութեան զգալի ընդլայնում։

Համաձայնութեան ծիրին մէջ կողմերը յանձնառու եղան յառաջ մղելու ազատ առեւտուրի համաձայնագիրի բանակցութիւնները, խթանելու փոխադարձ ներդրումները եւ զարգացնելու համագործակցութիւնը օդանաւաշինութեան, արհեստական բանականութեան եւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ։ Էրտողան յայտարարեց, որ կողմերը կը ձգտին երկկողմ առեւտուրի տարեկան ծաւալը հասցնել մինչեւ 10 միլիառ ամերիկեան տոլարի։

Ուժանիւթի մարզին մէջ նախատեսուած է համագործակցութիւն բնական հեղուկ կազի, հիւլէական ուժանիւթի, վերականգնուող ուժանիւթի եւ հանքային ռազմավարական պաշարներու ոլորտներուն մէջ։

Առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ պաշտպանական համագործակցութեան վերաբերող փոխըմբռնման յուշագիրը, որ կը նախատեսէ երկու երկիրներու պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտներուն միջեւ կապերու սերտացում եւ նոր ծրագիրներու մշակում։ Կողմերը նաեւ համաձայնեցան անվտանգութեան հարցերով համագործակցիլ Ուքրանիոյ, Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի մէջ։

Համաձայնութիւնը կը նախատեսէ նաեւ տարեկան ռազմավարական խորհրդակցութիւններու հաստատում, ինչպէս նաեւ գործակցութեան ընդլայնում հակաահաբեկչութեան, քրէական գործերով իրաւական փոխօգնութեան, արտայանձնման, գաղթականութեան եւ սփիւռքեան համայնքներու հետ յարաբերութիւններու մարզերուն մէջ։

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը դատապարտեց Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները խորացնելու Օթթաուայի որոշումը՝ զգուշացնելով, որ տնտեսական եւ ռազմավարական շահերը պէտք չէ գերադասուին Գանատայի մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան սկզբունքային յանձնառութիւններէն։

Յանձնախումբը մասնաւոր մտահոգութիւն յայտնեց պաշտպանական գործակցութեան ընդլայնման առնչութեամբ՝ յիշեցնելով, որ 2020-ի Արցախի պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճան օգտագործած էր թրքական անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք օժտուած էին գանատական արտադրութեան թիրախաւորման համակարգերով։ Այդ իրադարձութիւններէն ետք Գանատա 2021-ին ջնջած էր Թուրքիոյ տրուած զինուորական արտածման 29 արտօնագիրներ։

Յանձնախումբը մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով Անգարայի կողմէ հաւանական դիւանագիտական ճնշումներուն առնչութեամբ։ Գանատա պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը 2004-ին, եւ այդ դիրքորոշումին մէջ որեւէ փոփոխութիւն չէ յայտարարուած։

Նոր գործընկերութեան եռամեայ ծրագրին իրականացումը պիտի վերահսկեն երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները։ Ազատ առեւտուրի վերջնական համաձայնագիրի կնքումը եւ պաշտպանական ու ուժանիւթային նոր ծրագիրներու իրականացումը տակաւին կը կարօտին յաւելեալ բանակցութիւններու։