Կաթողիկոսը իրաւաբաններու եւ իրաւապաշտպաններու հետ քննարկեց Եկեղեցւոյ դէմ կառավարութեան զեկոյցն ու քննիչ յանձնաժողովը

ԷՋՄԻԱԾԻՆ.- Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ խումբ մը իրաւաբաններու, իրաւապաշտպաններու եւ սահմանադրագէտներու հետ քննարկեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ վերաբերեալ կառավարութեան պատրաստած զեկոյցը, ինչպէս նաեւ անոր հետեւանքով Ազգային ժողովին մէջ իշխանական պատգամաւորներու նախաձեռնութեամբ քննիչ յանձնաժողովի ստեղծումը։

Մայր Աթոռի հաղորդագրութեան համաձայն՝ խորհրդակցութեան մասնակիցները դատապարտեցին քննիչ յանձնաժողովի ստեղծումը՝ զայն նկատելով Եկեղեցւոյ ներքին կեանքին, ինքնակառավարման եւ կանոնական համակարգին միջամտելու փորձ։ Անոնք ընդգծեցին, որ Եկեղեցւոյ ղեկավարութեան, ներքին կառավարման եւ կանոնական կեանքին առնչուող հարցերը չեն կրնար խորհրդարանական վերահսկողութեան առարկայ դառնալ։

Սեպտեմբերի վերջաւորութեան կառավարութիւնը հրապարակած էր «Եկեղեցւոյ մէջ առաջացած ճգնաժամի եւ լուծման ուղիներուն մասին» զեկոյց մը, որ պատրաստուած էր Նիկոլ Փաշինեանի յանձնարարութեամբ։ Փաշինեան անցեալ տարուընէ ի վեր բացայայտ պայքար կը մղէ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը գահէն հեռացնելու ուղղութեամբ՝ անոր դէմ առաջադրելով շարք մը մեղադրանքներ՝ կուսակրօնութեան ուխտը խախտելէն մինչեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցին օտար ազդեցութեան գործիք դարձնելու պնդումները։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կառավարութեան զեկոյցը որակած է «հակասահմանադրական, հակականոնական եւ ապօրինի»։ Զեկոյցը խիստ քննադատութեան ենթարկուած է նաեւ Հայաստանի շարք մը իրաւապաշտպաններու կողմէ, որոնք նկատած են, որ բաց աղբիւրներու վրայ հիմնուած փաստաթուղթը աւելի շատ դեղին մամուլի հրապարակում կը յիշեցնէ, քան պետական լուրջ ուսումնասիրութիւն մը։

Իշխանութիւնները, մինչդեռ, կը շարունակեն պնդել, թէ իրենց նախաձեռնութիւնները կը միտին Եկեղեցւոյ «բարենորոգման»։ Կաթողիկոսի հեռացման եւ տեղապահի ընտրութեան հարցը ներառուած է նաեւ Փաշինեանի կառավարութեան հնգամեայ ծրագրին մէջ։

Էջմիածինի խորհրդակցութեան մասնակիցները քննարկեցին նաեւ Եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականներու իրաւունքները ներհայաստանեան եւ միջազգային իրաւական հարթակներու վրայ պաշտպանելու կարելիութիւնները։

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերահաստատեց, որ Հայ Եկեղեցին կը գործէ օրէնքի սահմաններուն մէջ եւ կը պահանջէ սահմանադրական կարգի պահպանումը։

«Հայ Եկեղեցին գործած է եւ կը գործէ օրէնքի շրջանակներուն մէջ, իսկ Մայր Աթոռի պահանջն է իրաւունքի եւ օրէնքի գերակայութեան ապահովումն ու Եկեղեցւոյ սահմանադրական ինքնավարութեան յարգումը», յայտարարեց Վեհափառ Հայրապետը։