Մինչեւ Այս Տարեշրջանին Աւարտը. Վորօ Կոնզալես` Վալենսիայի Մարզիչ


voro_11117

«Լա Լիկա»-ի կազմերէն Վալենսիայի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը, սպանացի ֆութպոլի մասնագէտ Վորօ Կոնզալես պիտի ըլլայ խումբին մարզիչը:

Ան պիտի փոխարինէ իտալացի Չեզարէ Պրանտելլին, որ երեք ամիս պաշտօնավարելէ ետք հեռացաւ խումբէն:

Նշենք, որ 53 տարեկան Վորօ նախապէս եւս Վալենսիան գլխաւորած էր (ժամանակաւորապէս) Կերի Նեւիլի հեռանալէն ետք:

Նշենք, որ«Լաւ Լիկա»-ի 17-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Վալենսիա 13 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 17-րդ վտանգաւոր դիրքը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.