Արթուր Ալեքսանեան` 2016 Տարուան Լաւագոյն Մարզիկ


arthur-news_01317

Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու ախոյեան, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան ճանչցուեցաւ իբրեւ 2016 տարուան Հայաստանի լաւագոյն մարզիկը, News.am-Sport կայքին կողմէ կազմակերպուած լաւագոյն մարզիկի քուէարկութեան ընթացքին: Ան ապահովեց հարցախոյզին մասնակցողներու ձայներուն 46 առ հարիւրը:

2-րդ դիրքը գրաւեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ, անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ խումբի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան (43 առ հարիւր):

Իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Ռիոյի խաղերու փոխախոյեան, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Միհրան Յարութիւնեան (6 առ հարիւր):

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.