Սաղաթէլեան՝ իշխանութեան. «Դուք կուրացած էք Թուրքիոյ նկատմամբ վախէն»

ԵՐԵՒԱՆ.- Ազգային ժողովի նիստի ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան անդրադարձաւ իշխանական պատգամաւորներու կողմէ վերջին օրերուն հնչող այն հարցադրումին, թէ ինչո՛ւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները «Հայաստանի Հանրապետութեան շահ» ձեւակերպումին փոխարէն կը գործածեն «հայկական շահ» եզրը։

Սաղաթէլեանի ըսաւ, որ առաջին հայեացքով կրնայ թուիլ, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը կրկին կը փորձէ հակադրութիւն եւ պառակտում ստեղծել, սակայն հարցը շատ աւելի խորքային բնոյթ ունի։

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը, եթէ պէտք չէ առաջնորդուի հայկական շահով, ապա ինչո՞վ պէտք է առաջնորդուի», հարց տուաւ պատգամաւորը՝ շեշտելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան շահն ու հայկական շահը ոչ թէ հակադիր, այլ փոխլրացնող եւ իրարու հետ կենսականօրէն կապուած հասկացութիւններ են։

«Երբ Հայաստանէն կը հանէք հայկական շահը, ան այլեւս հայկական պետութիւն չէ։ Հետեւաբար՝ այո՛, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է առաջնորդուի հայկական շահերով եւ համայն հայութեան շահերով», յայտարարեց Սաղաթէլեան։

Ան իշխանութեան այս մօտեցումը կապեց Նիկոլ Փաշինեանի առաջ քաշած «իրական Հայաստան»-ի եւ այսպէս կոչուած «Չորրորդ Հանրապետութեան» գաղափարներուն հետ՝ դիտել տալով, որ նոր սահմանադրութեան եւ պետական ինքնութեան վերաձեւակերպման նախաձեռնութիւնները արտաքին օրակարգի մաս կը կազմեն։

«Չորրորդ Հանրապետութեան հիմնադիրը դուք չէք, ճարտարապետը Թուրքիան է, կառուցողը՝ Ատրպէյճանը։ Նոյնիսկ ձեւաւորման աշխատանքները ձեզի չեն յանձնարարուած. անոնցմով կը զբաղին եւրոպական որոշ պետութիւններ։ Դուք այդ նախագիծին մէջ փի.առ. մասնագէտներն ու վաճառքի կառավարիչներն էք՝ գաղափարը փաթեթաւորելու եւ մեր ժողովուրդին վաճառելու համար», ըսաւ ան։

Սաղաթէլեանի գնահատումով՝ իշխանութեան այս քաղաքական մտածողութենէն կը բխի նաեւ անոր վերաբերմունքը Սփիւռքին, Հայ Դատին, ազգային կառոյցներուն եւ հայկական շահերով առաջնորդուող գործիչներուն նկատմամբ։

Ան իշխանութեան ներկայացուցիչները մեղադրեց Թուրքիոյ նկատմամբ վախով առաջնորդուելու եւ ազգային օրակարգէն աստիճանաբար հեռանալու մէջ՝ շեշտելով, որ Հայաստանի պետական շահը չի կրնար անջատուիլ համահայկական շահէն։