Անգլիական Ֆութպոլ. Մխիթարեանի Կազմը` Մանչեսթըր Եունայթըտը` Յաղթական


heno_01317

Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի կազմը` Մանչեսթըր Եունայթըտ, իր դաշտէն դուրս 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:

Խուան Մաթթայի եւ Զլաթան Իպրահիմովիչի նշանակած կոլերուն շնորհիւ ապահովելով 39 կէտ, այժմ Մանչեսթըր կը գրաւէ 6-րդ դիրքը:

Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, 65-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.