Արագ Ճատրակի Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Իվանչուք` Ախոյեան, Արոնեան` 9-րդ


levon-9th_122916

Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ աւարտեցաւ արագ ճատրակի աշխարհի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 15-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումները:

Ուքրանացի Վասիլի Իվանչուք, որ վերջին հանգրուանին յաղթանակ մը արձանագրեց առաւելագոյն 15 կէտէն 11-ը ապահովելով հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան:

Նոյնքան կէտ ապահովելով` յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին ռուս Ալեքսանտր Կրիսչուք եւ աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն:

Հայաստանի ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան 9,5 կէտով գրաւեց 9-րդ դիրքը: Ան իր վեց յաղթանակներէն մէկուն ընթացքին պարտութեան մատնեց Իվանչուքը:

Հրանդ Մելքումեան 9 կէտով գրաւեց 15-րդ դիրքը, իսկ Վլատիմիր Յակոբեան 7,5 կէտով` 50-րդ դիրքը:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.