Ճատրակ. Մարիա Գէորգեան Գրաւեց 3-րդ Դիրքը


maria-kevorkyan_122816

Հայաստանի ճատրակի աղջկանց հաւաքականի ներկայացուցիչ Մարիա Գէորգեան երրորդ տեղը գրաւեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի ունեցած Շարժայի աղջկանց բաժակի միջազգային մրցաշարքին:

Վերջին` 9-րդ հանգրուանին, ան հաւասարութիւն մը արձանագրելով Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչին` Արմինէ Բաբայեանի հետ, մրցաշարքը աւարտեց 6,5 կէտով:

Սուսաննա Գաբոյեան, վերջին հանգրուանին յաղթանակ մը արձանագրելով, Բաբայեանի նման ապահովելով 6 կէտ, անոր հետ բաժնեց 7-8 դիրքը:

Տիտղոսին տիրացաւ Պելճիքան ներկայացնող Աննա Զոզուլիա, որ ապահովեց 7,5 կէտ:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.