Լաչինի ճակատագիրը ՀՀ խորհրդայնացումէն ետք. Ռուբէն Տէր Մինասեանի վերլուծումը

 

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Ռուբէն Տէր Մինասեանի ստորեւ ներկայացուած վերլուծողական յօդուածը Լաչինի ճակատագրին մասին լոյս տեսած է «Դրօշակ»ի 1925 թուականի վեցերորդ թիւին մէջ։

Ինչ կը վերաբերի հին Ղարաքիլիսէի գաւառակի մէկ մասէն նոր Տաթեւի գաւառակ մը կազմելու (8 գիւղ 250 քառ. Վերստով եւ մօտ 7000 ազգաբնակչութեամբ), անտեղի է: Այդ շրջանին կա՛մ պէտք է միացուէին նախորդ Դ. Արծեւանիկ գաւառակի 19. 8. 11 գիւղախումբերը, եւ կա՛մ ան պէտք է ինքը միանար Դեղի, Գորիսի գաւառակներուն: Առաջինը չեն ըներ, որովհետեւ մէկ-երկու հազար Թաթար իրենց բերրի հողերով կրնան իյնալ Հայերիու սահմանները: Իսկ երկրորդը չեն ըներ, որպէսզի ըմբոստներուն վրայ աւելի մօտէն հսկեն իրենց Չէկայով: Այսպէս կամ այնպէս, նորէն փառք տալու է, որ Տաթեւը Հայաստանի մաս կը կազմէ:

Գլխաւոր անարդարութիւնը, քաղաքական, ազգային եւ տնտեսական հարուածը եկած է Հայաստանի գլխուն նախկին Դեղի գաւառակէն, որ բաժնուած է չորս մասի. մէկ փոքրիկ մասը կտրած եւ տուած են Շուշի գաւառին, մօտ 500 քառ. Վերստ տարածութիւն կտրած եւ կցած են Հայաստանին, բաժնելով երկու գաւառակի (Դեղի եւ Գորիսի), իսկ 1500 քառ. Վերստ տարածութիւն ալ նոր հանրապետութեան են վերածեր, Քիւրտկրայ (Լաչին), որ կ’իյնայ Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի միջեւ, եւ կը գտնուի Ատրպէյճանի թեւարկութեան տակ:

Համաձայն 1913-ի կովկասեան տարեցոյցի, այդ շրջանի ազգագրական պատկերը կը ներկայացնէր.- հայ 34.911, մահմետականներ 21.677, իսկ 1902-ի տարեցոյցով կար 23 գիւղախումբ, 75 գիւղ, 44.626 ազգաբնակչութիւն, որոնցմէ հայ՝ մօտ 24.000, քիւրտ՝ մօտ 17.000, թաթար՝ 3.600: Արդ, ազգագրական տեսակէտով այդ գաւառակը պէտք էր միացնել Հայաստանին, քանի որ հայերը մեծամասնութիւն են. իսկ եթէ քիւրտերը անջատելու անհրաժեշտութիւն կար Քիւրտկրայը պէտք է իյնար Հայաստանի թեւարկութեան տակ, որովհետեւ այդ գաւառակին մէջ Ատրպէյճանը ունի միայն 3-4000 թաթար, իսկ Հայաստանը՝ 24.000 հայ, եւ որ գլխաւորն է, այդ ափ մը քրտութիւնը շրջապատուած է Ջիւանշիրով, Շուշիով, Վարանդայով, Գորիսով,Դեղով.- զուտ հայութեամբ:

Այդ բոլորը անտես են առած քաղաքական նկատումներով, եւ բաժանումը կատարած են արհեստականօրէն, ասոնք են հին Բ. գաւառակէն (Դեղ) Ալիխալիքէնտի, Գերընձորի, Գորիսի, Դեղի, Խոզնակարի, Խանածախի գիւղախմբերը եւ կազմեր են երկու փոքրիկ գաւառակ, Դեղի եւ Գորիսի, 18,300 զուտ հայ ազգաբնակչութեամբ, իսկ մնացած հայ, թաթար եւ քիւրտ գիւղախմբերը մօտ 63 գիւղերով (10 հայ, 4 թաթար, 49 քիւրտ) – 2000 թաթար, 6000 հայ, 17,000 քիւրտ ազգաբնակչութեամբ – առանձին հանրապետութիւն շիներ եւ կապեր են Ատրպէյճանին: Այս գործողութեան նպատակը ոչ թէ քիւրտերուն ազատութիւն տալ է, այլ Զանգեզուրը տկարացնել եւ 200,000 Ղարաբաղ-Գիւլիստանի հայութիւնը Հայաստանէն բաժնել եւ Ատրպէյճանի մէջ ձուլել: Կը հետեւի թէ Քիւրտկրայի հարցը ոչ թէ տեղական՝ Զանգեզուրեան խնդիր է, այլ ընդհանուր հայկական, քանի որ այդ փոքրիկ երկիրը իր 25,000 ազգաբնակչութեամբ իրարմէ կը բաժնէ Հայաստանի մէկ միլիոն եւ Ղարաբաղի 200,000 հայութիւնը: Զանգեզուրի քիւրտերը որեւէ շահ չունին գործիք դառնալու Ատրպէյճանի ձեռքը: Անոնք իբրեւ ցեղակից հայերու եւ հետեւաբար իբրեւ քաւութեան նոքազը թուրանականութեան, իրենց ճակատագիրը աւելի պիտի կապեն հայուն քան թուրքին, թաթրին հետ, պահելով իրենց ինքնավարութիւնը: Զանգեզուրի նախկին Բ. գաւառակը միացնելով Հայաստանին, Ատրպէյճանն ու Սովէտները վտանգաւոր ական մը դրած են Զանգեզուրի մէջ, Հայաստանի եւ Ղարաբաղի միջեւ եւ երբ պատրոյգը վառեն, պիտի կործանեն թէ՛ Ղարաբաղը եւ թէ՛ Հայաստանը, խնդացնելով թուրքը:

Զանգեզուրի նախկին Գ. Արծեւանիկ գաւառակը նոյնպէս բաժան-բաժան է եղած, բայց այստեղ երեւոյթը այնքան ալ վտանգաւոր չէ: Թէեւ Զանգեզուրի տնտեսական շահը կը պահանջէ, որ հին սահմանը պահուէր եւ Բարքուշատը ըլլար սահմանը Սիւնիքի, բայց քանի որ թաթար ազգաբնակչութիւնը անմիջականօրէն կապուած է Ատրպէյճանի հետ, կարելի է զոհել տնտեսական շահերը: Այս գաւառակէն կարելի է զիջել Ատրպէյճանին Ռաբունտի, Խօջավանք, Գալի, Մօլլապրունի, Սաֆուլիի գիւղախմբերը, անպայման  Ղափանին կցելով Արծեւանիկի, Օխտարի, Նորապէնիկի, Ուչանիսի, Խալաջի, Դերզէլուի գիւղախմբերը, իսկ մնացածը վիճելի պիտի մնայ Քիւրտկրայի հետ, քանի որ մեծ մասը քիւրտ են: Ասոնք պէտք է միացնել կա՛մ Տաթեւին, կա՛մ նախկին Բ. գաւառակին:

Գալով Ղափանի ներկայ գաւառակին, վերը յիշուած փոփոխութիւններով եւ սահմանային փոքրիկ ճշդումներով կարելի է ընդունելի համարել: Միայն այստեղ գաւառակի ամբողջութեան եւ տնտեսական զարգացման համար անհրաժեշտ է, որ Գ. գաւառակի գիւղախումբերու միացումէն զատ, Գիագալի, Դարզիլի գիւղախումբերն ալ մաս կազմեն ներկայ Ղափանի, մանաւանդ որ Մեղրիի շրջանը բաժնուած ըլլալով Ղափանէն, յարաբերութեան, տնտեսութեան եւ գաւառի յառաջդիմութեան տեսակէտով մեծ դժուարութեանց պիտի մատնուի առանց ատոր:

Ամենէն հետաքրքրականը Մեղրիի նորաստեղծ գաւառակին վիճակն է: Այդ գաւառը մինչեւ երէկ Սիւնիքի մէկ գաւառակն էր, բայց այսօր 24 գիւղեր կազմեր են ինքնուրոյն գաւառ մը: Ճիշդ է, որ հաղորդակցութեան միջոցները եւ այլ պարագաներ մեկուսացուցած են այդ փոքրիկ գաւառակը Զանգեզուրի մնացեալ մասերէն: Բայց արդեօք միայն ժողովուրդին յարմարութիւննե՞րը նկատի առած են, թէ նորէն չար միտք մը ծածկուած է այդ բաժանման տակ: Ըստ իս, այո՛:

1918-ին Խալիլ փաշան կ’առաջարկէր հանգուցեալ Արամին՝ իրենց զիջիլ Քիշէթէն Մեղրիի եւ Նիւվարի փոքրիկ տարածութիւնը եւ փոխարէն կը խոստանար Ջիվանշիր եւ Զանգեզուր գաւառները ամբողջ: Ո՞րն է այդ առատաձեռնութեան գաղտնիքը: Այն պարզ պատճառը, որ Ջուլֆա-Օրդուբատ-Մեղրի-Ալեաթ-Պաքու կարճ ճանապարհը կը բացուէր համաթուրանականութեան առջեւ: Պիտի առարկուի, որ Մեղրին չէ թողուած ո՛չ Նախիջեւանին, ո՛չ Ատրպէյճանին, այլ այդ երկուքին մէջտեղ ինկած գաւառ մըն է, որ Հայաստանի մաս կը կազմէ: Դժբախտաբար այնքան պարզ չէ խնդիրը. 24 գիւղէ բաղկացած (7700 ազգաբնակչութեամբ) փոքրիկ գաւառ մը մեծ արժէք չունի, բայց կախուած է օդին մէջ, Հայաստանի հետ կրնայ կապուիլ օդանաւով միայն, որ չկայ Մեղրիի սարերուն վրայ: Եթէ սովետները բարի ցանկութիւն ունենային, պէտք էր Արեւիքը իսկապէս առանձին գաւառ դարձնէին, ընդարձակելով դէպի Նախիջեւան եւ դէպի Զանգէլան, Արաքսի հովիտէն: Օրինակ պէտք է միացնել Մեղրի գաւառին Նիւսանդիի Թաթերը, որոնք սահմանակից են եւ կրօնքով, արիւնով հեռու՝ թաթարէն, միաժամանակ եւ Բարթազի գիւղախումբը, որով Մեղրին չէր կորսնցներ իր ազգագրական նկարագիրը, իսկ գաւառը Արեւելքէն կ’ուժեղանար, կը հարստանար եւ հետեւեալ պատկերը կը ներկայացներ.-

գաւառ գիւղ հայ թաթար թաթ բաբի գումար
Մեղրի գաւ. 24 7215 545 7760
Բարտաղ գիւղաք. 3 900 350 1250
Նիւարի 2 1269 1269
29 7215 1445 1269 350 10,309

Իսկ եթէ աւելցնենք Նախիջեւանի նախկին Դ. գաւառակէն Աղայի, Ագուլիսի, Վանանդի, Չանանանի 49 գիւղերու (19,546 ազգաբնակչութիւն) հայկական մասերը, թիւով մօտ 25 գիւղ (8000 հայ, 5000 թաթար) այն ատեն կարելի է իսկապէս գաւառ կոչել Մեղրին, քանի որ կ’ունենայ 54 գիւղ, 15,200 հայ, 6400 թաթար, 1269 թաթ, 350 բաբի – 23,300 ազգաբնակչութիւն: Այդ պարագային կը համոզուինք, որ չար միտք չկայ, թէ ծրագիր չկայ Մեղրին բաժնելով Զանգեզուրէն եւ զայն խուզելով արեւելքէն եւ փոքրացնելով Ջուլֆա-Ալեաթ գիծը, զուտ թաթարական դարձնելու եւ առտու մըն ալ Նախիջեւանին կամ Ատրպէյճանին միացնելու: Այո, այսօր պոլշեւիկներու աջակցութեամբ Մեղրիի համար ալ կը պատրաստուի այն աղետաւոր վիճակը, որուն ենթարկուեցաւ Ագուլիս, եւ եթէ պատրաստ չըլլանք Ագուլիսը միացնելու Մեղրիին, Մեղրին անվրէպ կը միացուի Ագուլիսի Աւերակներուն:

***********

Այս բոլոր բացատրութիւններէն կը հետեւի, որ զանգեզուրի մէկ մասը միայն միացած է Հայաստանին, որ անոր մօտ կէսը բաժնուած է Հայաստանէն ոչ այնքան ազգագրական կամ տնտեսական եւ ուրիշ պատճառներով, այլ աւելի շատ քաղաքական դիտումներով: Եւ այս ծրագրով երեք հիմնական նպատակ կը հետապնդուի,- առաջին՝ թոյլ պահել հայկական Զանգեզուրը եւ անոր կապակցութիւնը Հայաստանի անուանական դարձնել Կուշչի Պիլաքի լեռնանցքով սեղմելով լեռներու մէջ եւ խլելով նոյնիսկ լեռներու բարիքները քոչուորներու ձեռքով: Երկրորդ՝ Հայաստանը բաժնել Ղարաբաղէն, իսկ երրորդ՝ ճամբայ բանալ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւան-Թուրքիոյ միջեւ, կրճատելով Զանգեզուրը հարաւէն Արաքսի հովիտով դէպի Մեղրի եւ Օրտուբատէն դէպի Մեղրի: Այս բոլորը կը նշանակէ Զանգեզուրի մահը պատրաստել: Այդ ճակատագիրը առաջ ալ կը պատրաստուէր Նուրի, Խալիլ փաշաներու, Խանխոյսկի Ջաֆարովներու ձեռքով, եւ իբրեւ հետեւանք, զանգեզուրցին զէնք առաւ եւ դիմադրեց. դեռ աւելին, մահը վանելու համար ինքը հակայարձակման ձեռնարկեց: Մեղրին ու Ղափանը արշաւեցին դէպի Օրտուբատ, Ագուլիս եւ այլուր, Հայաստանին մօտենալու, մանաւանդ ճամբաները մաքրելու համար: Իսկ միւս կողմէ ամբողջ Սիւնիքը ճեղքեց թշնամու շղթան, հրով ու սրով հասաւ Ղարաբաղ, եւ դեռ աւելի հեռուն, մինչեւ Ասկէրան, բայց հաւատալով թէ պոլշեւիկը զինք չպիտի զոհէ թուրքին եւ թաթարին, նահանջեց եւ հանգիստ մնաց:

Արդ, երբ այսօր պոլշեւիկ Մռաւեան կամ Լուկաշին, ձեռք-ձեռքի տուած Հիւսէյնովներու եւ Զինովիէվներու, թուրք-թաթարական զուռնան կը փչեն եւ Զանգեզուրի մահը կը պատրաստեն, ինչո՞ւ կը կարծուի, թէ հետեւանքը տարբեր պիտի ըլլայ: Անունները նոր, ծրագիրները հին են, եւ ճիշդ այն ինչ որ Նուրի փաշաները կը հետապնդէին:

Դեռ շատ շուտ է Զանգեզուրի վերջնական խաղաղութիւնը աւետելու համար:

 Ռուբէն

«Դրօշակ», 1925, թիւ 6

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.