Սերժ Սարգսեան․ Ընդդիմադիր ուժերը պէտք է միասին որոշեն յաջորդ քայլերը
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՀ երրորդ նախագահ եւ Հանրապետական կուսակցութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, անդրադառնալով ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներուն եւ հետընտրական զարգացումներուն, յայտարարեց, թէ խորհրդարան անցած ընդդիմադիր ուժերը պէտք է միասին որոշեն՝ ստանալ մանդատները եւ մտնել խորհրդարան, թէ հրաժարիլ անոնցմէ, շեշտելով, որ երկու տարբերակներով ալ կարելի է յաջողութեան հասնիլ, եթէ գոյութիւն ունի յստակ ռազմավարութիւն։
Սարգսեանի խօսքով՝ խորհրդարան անցած քաղաքական ուժերը պէտք է միասին կայացնեն այդ որոշումը, իսկ մնացեալները պէտք է ենթարկուին այդ որոշման եւ գործադրեն զայն։ Ան նաեւ նշեց, որ փողոցային պայքարը միշտ ալ կարեւոր դեր կրնայ ունենալ քաղաքական յաջողութեան հասնելու ճանապարհին։
Անդրադառնալով ընտրական գործընթացին՝ Սարգսեան յայտարարեց, թէ թէ՛ նախընտրական շրջանին եւ թէ՛ քուէարկութեան օրը արձանագրուած են զանգուածային խախտումներ։ Ան կարծիք յայտնեց, որ եթէ նման ընտրութիւններ տեղի ունեցած ըլլային 2017-ին, միջազգային դիտորդները զանոնք պիտի բնութագրէին որպէս համատարած խախտումներով ընթացած ընտրութիւններ, սակայն այժմ նման գնահատական չի ակնկալեր։
Սարգսեան նաեւ վստահութիւն յայտնեց, որ վերահաշուարկներու արդիւնքով «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը պիտի յաղթահարէ ընտրական շեմը եւ խորհրդարանական մանդատներ ստանայ՝ աւելցնելով, որ հակառակ պարագային իրավիճակը անհասկնալի պիտի ըլլայ։