94 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ արուսետագէտ եւ հայրենասէր Շառլ Ազնաւուր

Շառլ Ազնաւուր, բուն անունով՝ Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեան, ֆրանսահայ նշանաւոր երգիչ, երգահան, դերասան եւ հասարակական գործիչ, ծնած է 22 Մայիս 1924-ին, հայրը՝ Միշան, ծնած է Վրաստանի Ախալցխա քաղաքը, իսկ մայրը՝ Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքը: Անոնք Ցեղասպանութենէն վերապրած էին եւ ամրօրէն կապուած՝ ազգային սովորոյթներուն, մայրենի լեզուին եւ եկեղեցւոյ: Ծնողները կը մասնակցէին հայերու կազմակերպած թատերական ներկայացումներուն, որոնց ներկայ կը գտնուէր նաեւ Վաղինակ: Մանկութենէն մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է արուեստի նկատմամբ: Յաճախած է թատերական դպրոց: Ծնողքին օգտակար դառնալու համար, պատանի Շառլը ելոյթներ կ’ունենայ կարճ ներկայացումներու ընթացքին եւ կը մասնակցի եկեղեցական արարողութիւններուն: 

Աւելի ուշ սկսած է երգեր գրել իր ժամանակին ճանչցուած երգիչներու համար: 1946-ին ծանօթացեր է հանրայայտ երգչուհի Էտիդ Պիաֆի հետ, եւ անոնք միասին շրջագայեր են համերգներով: Սկզբնական շրջանին երգած է Փիեռ Ռոշի հետ: Համընդհանուր ճանաչման արժանացած է 1959 թուականին՝ Փարիզի «Օլիմպիա» համերգասրահի ելոյթէն ետք: Երգած է աշխարհի գրեթէ բոլոր լաւագոյն համերգասրահներուն մէջ, համերգներով հանդէս եկած է նաեւ Երեւանի մէջ:

Ազնաւուր գրած է 1000-էն աւելի երգեր՝ «Այս է վերջը», «Մամա», «Իզապէլ», «Երկու կիթառ», «Սէրէն ետք», «Ջահելութիւն» եւ այլն: Անոր երգերուն սկաւառակները թողարկուած են միլիոնաւոր օրինակներով, բանաստեղծութիւնները թարգմանուած եւ լոյս տեսած են առանձին գիրքերով: Ան իր երգերուն լաւագոյն կատարողն է: Ազնաւուր երգած է Լուչիանօ Պաւարոտիի, Պլաչիդօ Դոմինկոյի, Լայզա Մինելիի, Միրէյ Մաթիոյի, Պատրիսիա Կաասի հետ: Իր դստեր՝ Սեդային հետ կատարած է Սայաթ Նովայի «Աշխարհումս» երգը: Գրած է նաեւ օփերէթային երաժշտութիւն:

Ազնաւուր նկարահանուած է 60-էն աւելի կինոնկարներու մէջ՝ «Հռենոսի անցումը», «Սատանան եւ տասը պատուիրանները», «Հայր Գորիո» եւ այլն, իսկ «Գլուխը՝ պատը» ֆիլմին համար արժանացած է «Բիւրեղեայ աստղ» մրցանակին: Ուշագրաւ է անոր դերակատարումը Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ» ֆիլմին մէջ, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան:

1988 թ. Սպիտակի երկրաշարժէն ետք ան բազմիցս այցելած է Հայաստան, եղած է աղէտի գօտիին մէջ: Փարիզի մէջ ստեղծած է երկրաշարժէն տուժածներու օգնութեան «Ազնաւուրը Հայաստանին» հիմնադրամը, որուն ներկայացուցչութիւնը բացած է Երեւան: Երգիչ եւ երգահան Ժորժ Կառվարենցի հետ գրած է «Քեզ համար, Հայաստան» երգը, թողարկած է տեսահոլովակ` Ֆրանսայի 90 երգիչներու եւ դերասաններու մասնակցութեամբ: Քուպայի մէջ Չ. Վալդէսի հետ թողարկած է ալպոմ (2007 թ., շնորհանդէսը՝ Մոսկուա):

1995 թուականին ՀՀ նախագահին յատուկ յանձնարարութիւններու գծով պատուաւոր դեսպանն նշանակուած էր, ինչպէս նաեւ ԵՈՒՆԷՍԿՕ-ի Հայաստանի մշտական պատուիրակ: 2009-ին նշանակուած է Զուիցերիոյ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան:

Արժանացած է Հայաստանի ազգային հերոսի կոչման, պարգեւատրուած է ԼՂՀ «Գրիգոր Լուսաւորիչ» եւ Թէքէեան մշակութային միութեան ադամանդակուռ «Արարատ» շքանշաններով, Ֆրանսայի Պատուոյ լէգէոնի 2 շքանշանով: 2009-ին ճանչցուած է 20-րդ դարու լաւագոյն երգիչ:

Գրած է «Ազնաւուրը Ազնաւուրի մասին» (1975 թ.), «Անցած օրեր» (2004 թ.) յուշագրութիւնները: 

Ազնաւուրի անունով կոչուած են հրապարակ Երեւանի մէջ, Վաղարշապատի դրամատիկական թատրոնը, իսկ 2000 թ. Կիւմրիի մէջ՝ անոր անուան հրապարակին, կանգնեցուած է յուշարձանը: Ազնաւուրի մոմէ արձանը 2004 թ. դրուած է մատամ Տիւսոյի թանգարանին մէջ: 2009 թ. Երեւանի մէջ բացուած է Ազնաւուրի թանգարանը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.