Արցախի անկախութեան 25-ամեայ ճանապարհը
«Պայքարով պէտք է նուաճենք մեր ապրելու իրաւունքը»
Արթուր Մկրտչեան
ԼՂՀ երագոյն Խորհուրդի առաջին նախագահ
Պատմութեան ընթացքին, հայ ժողովուրդը իր դիմագրաւած արհաւիրքներէն ետք վերազարթնած ու կենսաւորուած է ապրելու ու պայքարելու նոր աւիւնով: Այդպէս է, որ ունեցած ենք մեր հաւատքի վէմ Աւարայրը, Դաւիթ Բէկի օրով օրհասական Մարաղան, Եղեռնէն ետք յառնող Մայիս 28-ը, բռնութեան դէմ ծառացող Փետրուար 18-ը եւ պատմական անարդարութեան դէմ յեղափոխականացած Արցախը:
25 տարի առաջ, երբ Արցախի գոյութեան կը սպառնար ատրպէյճանականի յարձակապաշտ ու ջարդարար քաղաքականութիւնը, Հայ ժողովուրդը, հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ, բռնցաքացած պատնէշ դարձաւ Արցախի դէմ թշնամական ոտնձգութեանց, ու այնուհետեւ, Արցախը դարձաւ Հայ Դատի պայքարի ճակատային գիծը, վերածուեցաւ հայութեան գոյատեւելիութեան միջնաբերդին, որովհետեւ յստակ էր, որ Արցախի կորուստով, ստոյգ վտանգի կը մատնուէր Հայաստանի Հանրապետութեան արեւելեան սահմանագիծը։
Լինելութեան գուպարի ընթացքին, տարաբնոյթ դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները Արցախի հայութիւնն ու իրեն զօրակցող համայն հայ ազգը՝ դիմագրաւեցին միասնական ուժերով, ու ի վերջոյ, ազատագրելով պատմական Հայաստանի արեւելից կողմանց դարպասապահ Արցախը՝ ամրապնդեցին հայրենի սահմանները։
Այսօր, Արցախի ժողովուրդի 1988-ի Փետրուարեան արդարացի պոռթկումն ու անոր յաջորդող հնգամեայ գոյամարտը, տուած են իրենց արգասիքը, ի գին բազում զոհողութիւններու ու հազարաւոր նուիրեալներու կեանքին։ Ազատ ապրելու, իր ճակատագիրն ու ապագան ինքնորոյն տնօրինելու Արցախի ժողովուրդի այդ ձեռքբերումը՝ հայոց պատմութեան տոմարներուն մէջ արձանագրուած ամենէն խիզախ նուաճումներէն է։
Եթէ քառորդ դար առաջ հաւատացինք Արցախի կանչին ու ամրօրէն փարեցանք զայն ազատագրելու տեսլականին, այսօր նոյն այդ կամքը ամուր ու անխախտ պահելով, պէտք է հաւատանք նաեւ ապագային կերտելիք մեր յաղթանակներուն։ Ճիշդ այդ նոր յաղթանակներու սկզբնակէտը պէտք է նկատել այն կարեւոր իրադարձութիւնը, երբ վերջին տարիներուն, Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի եւ Միացեալ Նահանգներու Ռոտ Այլընտի, Մասաչուսէցի եւ այլ նահանգներու օրէնսդիր մարմինները ճանչցան Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը եւ իրենց երկիրներու դաշնակցային իշխանութիւններուն կոչ ուղղեցին նոյնպէս ճանչնալ ԼՂՀ անկախութիւնը։ Այս ծիրէն ներս, անժխտելի էր Սփիւռքի դերակատարութիւնը այս ձեռքբերումին մէջ, յատկապէս վերոնշեալ երկիրներու մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու քարոզչական անվկանդ ճիգն ու աշխատանքը։
1988-ի Փետրուար 20ին, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի (ԼՂԻՄ) մարզխորհուրդի 20րդ գումարման նստաշրջանը, երկրի սահմանադրութեան համապատասխան որոշում ընդունեց ԼՂԻՄ-ը Ատրպէյճանի կազմէն դուրս բերելու եւ Հայաստանի կազմին մէջ ընդգրկելու մասին։ Հաւատացած ենք, որ Փետրուարեան նման օր մը, ազատ ու անկախ Արցախի Հանրապետութիւնը կը միաձուլուի իր մայրենի հողին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան։
25 տարի առաջ Հայոց արեւելից կողմանց դարպասը հանդիսացող Արցախի ազատագրումը պատմական անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն էր: Հայութեան վիճակուած էր տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքական քարտէսները արդարօրէն գծելու պատմական առիթը։ Արցախի ազատագրումով, տասնամեակներ շարունակ ձեւազեղծուած սահմանները կը վերադառնային պատմականօրէն ճշդուած իրենց հորիզոնականներուն։
Փա՜ռք հայ ժողովուրդի պաշտպան հայոց հզօր բանակին, փա՜ռք Արցախի անկախութեան կերտիչ անձնուէր հայ ազատամարտիկին եւ յաւե՛րժ փառք Արցախի պատնէշները անխորտակ պահող սահմանապահ հայ զինուորին:
«ՀՈՐԻԶՈՆ»