101 տարի առաջ, այսօր. Մուսա Լերան հերոսամարտի Երրորդ օրհասական ճակատամարտը

 

Օգոստոս 15-16, տեղի ունեցաւ Մուսա Լերան քառասնօրեայ հերոսամարտի չորս ճակատամարտներէն ամէնէն վճռական եւ օրհասական կռիւը՝ երրորդ ճակատամարտը։ Այս ճակատամարտով վճռուեցաւ Մուսա Լերան հայութեան գոյութիւնը։ Ստորեւ, քաղուածաբար կը ներկայացնենք այդ ճակատամարտի մասին «Յուշամատեան Մուսա Լերան» հատորէն հատուածներ։

Առաջին օր (Կիրակի)

Օգոստոս 15-ին, Կիրակի օր (ըստ Վեր. Տիգրան Անդրէասեանի Օգոստոս 19-ին, Հինգշաբթի օր) արշալոյսին, թրքական կանոնաւոր զօրքերը, ընկերակցութեամբ պաշըպոզուքներու, աւարարուներու, չորս տարբեր կէտերէ (Գզըլճա, Սաւուլուգ, Տամլաճըգ եւ Եօլ Աղըզը) ընդհանուր յարձակումի կը ձեռնարկեն:

Յարձակող բանակը կը հաշուէր շուրջ 5000 կանոնաւոր զինուոր՝ լաւ զինուած եւ անոր կ’ընկերանային շուրջ 4000 պաշըպոզուք, որոնք եկած էին յատկապէս կողոպուտի եւ հայ կանանց եւ աղջիկներու տիրանալու նպատակով: Բանակին կ’ընկերանար նաեւ երկու լեռնային թնդանօթ:

Թրքական բանակի հրամանատարն էր Ֆախրի փաշան:

Կիրակի առաւօտ հոգեպարար սուրբ պատարագ կը մատուցուէր: Ժողովուրդը եւ մարտիկներէն ոմանք երկիւղածութեամբ կը հետեւէին սրբազան արարողութիւններուն: Հայոց պատարագն էր, որ կը մատուցուէր Մուսա Լերան բարձունքներուն վրայ, պատարագը հաւատքի, յոյսի ու յաղթանակի:

Ճակատներէն հասնող սուրհանդակները տեղեկութիւններ տուին թշնամիին շարժումներու մասին: Բոլոր պահեստի մարտիկները ճակատ փութացին: Թիկունքը իր կարգին զինուեցաւ թշնամիին դէմ հրաշէկ ատելութեամբ եւ պատուով մեռնելու վճռակամութեամբ:

Առաջին բուռն կռիւները մղուեցան Թաթարալանկի առջեւ: Դժբախտաբար այս ճակատի պաշտպանութիւնը շատ տկար էր: Դիրքերու մէջ հսկող մարտիկներու թիւը սահմանափակ էր: Կեդրոնէն օգնութիւն կարենալ ստանալու համար քանի մը ժամ էր հարկաւոր: Ուրիշ անպատեհութիւն մը՝ ամենէն խիզախ քաջամարտիկները այդ օր պատահմամբ ուրիշ դիրքեր ղրկուած էին:

Կը մղուէր համաժողովրդական պայքար մը: Մարտիկին քով, դիրքը պաշտպանելու նուիրական յառաջադրանքով դիրք գրաւած էին նաեւ ծերեր, կիներ ու պատանիներ: Ոմանք զինուած էին հասարակ հրացաններով, կիները եւ պատանիները՝ փայտի կտորներով, քարերով եւ իրենց եղունգներով: Ուրիշ ճամբայ չկար: Դիրքերուն մէջ ամուր կենալ եւ պատուաւոր մահ:

Մութը իջնելուն՝ թշնամին իր բոլոր ուժերը համախմբելով, ընդհանուր յարձակողականի ձեռնարկեց: Թնդանօթներուն որոտը եւ երկուստեք արձակուող անհամար գնդակներու ճարճատիւնը, կռուողներուն հանած վայնասունները դժոխային աղմուկով մը համակած էին լեռ ու ձոր: Թշնամին անդադար կը յարձակէր առանց հաշուի առնելու մարդկային կորուստները:

Կռիւը տեւեց ժամեր: Գիշերուան մթութենէն օգտուելով թշնամին ի վերջոյ կրցաւ գրաւել դաշտը: Սկսաւ գիրկընդխառն կռիւ մը: Խիզախութեան ու հերոսութեան հրաշքներ գործեցին հայ մարտիկները: Անոնք կատաղաբար կը պաշտպանէին իրենց դիրքերը, իրենց նուիրական լեռը, իրենց կեանքն ու պատիւը: Սակայն ուժերը անհաւասար էին: Ի վերջոյ անոնք ստիպուեցան լքել պաշտպանութեան առաջին դիրքերը եւ քանի մը հարիւր մեթր ներսը նոր դիրքեր գրաւել:

Թշնամիին միւս թիւը անտառին մէջ դարանամուտ եղած, գաղտագողի յառաջանալով անտառներու մէջէն, մանաւանդ Քեպուսիացի երկու մատնիչ եղբայրներու ցուցմունքներով մէկէն երեւցաւ Տամլաճըգի մօտերը: Ահաւոր իրարանցում մը ծայր տուաւ ժողովուրդին մէջ: Թշնամիին գնդակները կարկուտի պէս կը տեղային զօրանոցին շուրջ եւ հիւղակներու բոլորտիքը: Խումբ մը քաջամարտիկներ կը նետուին թշնամիին վրայ եւ ծանր կորուստներ պատճառելով անոր՝ կը պարտադրեն որ նահանջի ճամբան բռնէ:

Ճակատամարտի առաջին օրը բաւական ծանր կ’ըլլան մեր կորուստները: Կը ստիպուինք լքել շարք մը կարեւոր դիրքեր Թաթարալանկի ճակատի վրայ եւ կ’ունենանք 11 մարտիկի կորուստ եւ երկու վիրաւոր:

 Երկրորդ օրը, Օգոստոս 16

Օրը Երկուշաբթի էր: Թշնամին դարանամուտ կը սպասէր անտառներուն մէջ եւ հրճուանքով կը տօնախմբէր անցնող օրուան յաղթանակը: Ան կը յուսար թէ այդ օր հաշուեյարդարի պիտի ենթարկէ ըմբոստութիւնը:

Տակաւին լուսնուլոյսին թշնամին յարձակումներու վերսկսաւ: Մինչեւ կէսօր թշնամիին յառաջխաղացքը շատ աննշան էր: Կէսօրէ ետք սակայն կացութիւնը կը փոխուի: Թշնամիին նորոգուած եւ ուժեղ մղումին տակ մեր պաշտպանողական գիծերը կը խախտին:

Թշնամիին այսքան մօտիկութեան առաջին հակազդեցութիւնը կ’ըլլայ աննկարագրելի սարսափը եւ ահաւոր յուսահատութիւնը: Կարգ կանոնն ու խոհականութիւնը ի սպառ կը վերնան եւ տարերային բնազդն է, որ կը սկսի գործել: Ժողովուրդին մէկ մասը լքելով ամէն ինչ կը քաշուի աւելի վերերը՝ խուճապային այդ պահուն մտածելով թէ որքան վեր բարձրանայ այնքան աւելի անմատչելի կը դառնայ թշնամիին: Կացութեան անյուսութեան աւելի վերահասու անձեր աչքերնին կը դարձնեն դէպի ծովը՝ փրկարար ծովը, երթալ թափիլ ծովուն մէջ՝ մեծով պզտիկով եւ անոր անհուն կապոյտին մէջ թաղել հայ կնոջ անբիծ պատիւը: Եւ տարերայնօրէն կազմուած հսկայ թափօրը՝ ի խնդիր պատուի պաշտպանութեան գիտակցօրէն դէպի մահ դիմող՝ կ’ուղղուի դէպի ծով, Տէր Աբրահամ Քհն. Տէր Գալուստեանի գլխաւորութեամբ:

Դէպի ծով, դէպի մահ այս խելահեղ վազքը ի վերջոյ կ’արգիլուի խումբ մը մարտիկներու կողմէ:

Եսայի Եաղուպեան, գիրկընդխառն կռիւի ընթացքին՝ հայ դիրքին վրայ խոյացող թուրք սպային ճակատին կրակելով՝ զայն շանսատակ կ’ընէ: Կէսօրին անիկա զօրանոց գալով, քահանայէն սուրբ հաղորդութիւն առնելով ետ ճակատ կը փութայ:

Մանուկ Գըլըճեան, ուրիշ քաջամարտիկ մը, տեսնելով որ խումբ մը դասալիքներ՝ գլուխնին ճերմակ թաշկինակներ փաթթած, կը պատրաստուին յանձնուիլ թշնամիին, մահուան սպառնալիքով կը պարտադրէ անոնց, որ իրենց պարտականութեան գլուխը վերադառնան եւ հեռու մնան ամէն դաւաճանական եւ պարտուողական արարքէ:

Թրքական կայծակնային յարձակման յարուցած խուճապը շատ երկար չի տեւեր: Յուսալքուած մարտիկները մէկ կողմէն խորաչափելով վտանգին ահագնութիւնը եւ միւս կողմէ սրտապնդուելով իրենց պարտականութեան վրայ խիզախօրէն կանգնած քաջամարտիկներու վարակիչ օրինակէն՝ կը վերադառնան իրենց դիրքերը եւ կը շարունակեն կեանքի մահու օրհասական գուպարը:

Մուսա Լերան հերոսամարտի ժողովրդային բնոյթը որեւէ ժամանակէ աւելի այս ճակատամարտին է, որ ի յայտ կու գայ: Ամբողջ ժողովուրդը, բառին ամենէն առարկայական հասկացողութեամբ ոտքի կը կանգնի պաշտպանելու համար իր կեանքը, իր պատիւը, իր նուիրական հողն ու արժանապատուութիւնը: Արդարեւ այս ճակատամարտը ոչ միայն Մուսա Լերան այլեւ հայ ժողովուրդին մղած դարաւոր հերոսամարտերուն մէջ կոչուած է մնալու համաժողովրդական խիզախութեանց ադամանդակուռ դրուագ մը, ճշմարիտ դիւցազնավէպ մը:

Մուսա Լեռցի ժողովուրդը իր Սարդարապատը կերտեց այդ օրը:

Թշնամին ինչ արագութեամբ որ յառաջացած էր, կրկնակի արագութեամբ կը սկսի նահանջել, իր ետին ձգելով մեծաթիւ սպանեալներ, զէնք ու զինամթերք:

Թշնամիին երկու օրուան կորուստները կը գնահատուին շուրջ 6-700 սպանեալ, կորսուած եւ վիրաւոր:

Երկու օրուայ կռիւներու ընթացքին կ’ունենանք 14 մեռեալ եւ 6 վիրաւոր:

 «Յուշամատեան Մուսա Լերան», Պէյրութ, 1970

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.