Էրտողան ընդունած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանը
- (0)

ՊՈԼԻՍ․ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այսօր ընդունած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանը։ Հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան Ստամբուլի պատգամաւոր Սեւան Սվաճըօղլու, արդարադատութեան նախարար Աքըն Կիւրլեք եւ մշակոյթի ու զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմեթ Նուրի Էրսոյ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Պոլսոյ հայ համայնքին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ կարծիքներ փոխանակուած են Իսկենտերունի Սուրբ Քառասուն Մանկանց եւ Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) Սուրբ Սարգիս եկեղեցիներու վերանորոգման աշխատանքներուն շուրջ։
Պատրիարքարանը տեղեկացուցած է, որ Նորին Ամենապատուութիւնը համայնքի անունով շնորհակալութիւն յայտնած է Էրտողանին անոր ցուցաբերած ուշադրութեան համար։