Նիսի մէջ կ՚ապրին 5000 հայեր. ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ
Ֆրանսայի ծովեզերեայ Քոթ ՏԱզիւրի շրջանի եւ Նիս քաղաքի հայկական համայնքը աւելի քան մէկ դարու կեանք ունի։ Ստորեւ կը ներկայացնենք ամփոփ նկարագրական մը Քոթ Տ՚Ազիւրի զանազան քաղաքներու մէջ ապրող եւ գործող հայկական համայնքներուն մասին։
ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ
Նիսի հին կոմսութեան մէջ հայկական համայնքի գոյութիւնը սկիզբ առած է Ցեղասպանութենէն առաջ, 19-րդ դարու վեըջերը եւ 20-րդ դարու սիզբը, երբ քանի մը հարուստ ընտանիքներ սեփականատէր կը դառնան շքեղ առանձնատուներու Cimiez թաղամասին մէջ։ Անոնցմէ են՝ Սիմոն Քայսէրեան, որ կը զբաղէր Միջին Արեւելքի մէջ ապահովագրութեան գործով, Վահան Խորասանճեան, որ պիտի ըլլար մարսէյի Փրատօ փողոցի հայոց Մայր Եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարներէն մէկը, եւ մասնաւորաբար Նահապետեան անունով պարսկահայ մը, Սպահանէն, որ կը զբաղէր անշարժ գոյքի առեւտուրով։ Այս վերջինը 1920-ական թուականներուն Մարսէյէն կը բերէ բազմաթիւ գաղթական հայեր, որոնք մազապուրծ ազատած էին Ցեղասպանութենէն, Նիսի շրջանի իր գործադաշտերուն մէջ աշխատցնելու համար։ Այս աշխատաւորներն են, որոնք յետագային հաստատուեցան Նիսի Մատլէնի կանաչագեղ շրջանին մէջ, որ տակաւին քաղաքաշինութեան քարտէսի մէջ չէր մտած, իրենց ձեռքերով իսկ շինելով իրենց գեղեցիկ տուները, որոնք կանգուն կը մնան մինչեւ այսօր։ Հայկական թաղամասը կը գտնուի Մատլէնի պողոտայի բարձունքին, գծելով երկար ձորակ մը շրջապատուած բլուրներով, ծովեզերքէն սկսեալ։ Նիսի բնակիչները այս շրջանը կը կոչեն Հայոց Թաղամաս։ Նոյնպէս կը կոչուի նաեւ հանրակառքի կայանը։
Մատլէնի այս թաղամասը 1920-ական թուականներէն սկսեալ եղաւ Ցեղասպանութենէ ազատած հայերու վերընձիւղման վայրը, ուր անոնք աշխատցան կենդանի պահել իրենց աւանդութիւնները։ 1928-ին Մարսէյէն Գրիգորիս Եպս. Պալաքեան կապի մէջ կը մտնէ Պրիւքսէլի հարուստ բարերար Տիգրան Չամքերթենի հետ, որպէսզի նիսի մէջ ապահովէ Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ կառուցումը։ Եկեղեցին Չամքերթենի սեփականութիւնը կը մնայ մինչեւ 1951, երբ բարերարը զայն կը նուիրէ նորաստեղծ Նիսի եւ Շրջակայքի Հայ Եկեղեցւոյ Կրօնական Ընկերակցութեան, որպէսզի շարունակէ իր գործէնութիւնը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ, Ս. Էջմիածնի հովանիին տակ։ Եկեղեցւոյ շինարարութեան մէջ իր ներդրումը կ՛ունենայ եւ երիցատունը կը կառուցէ մեծահարուստ բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեան, որու տիկնոջ յուղարկաւորութիւնը տեղի կ՛ունենայ նոյն եկեղեցւոյ մէջ։
Բ. ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՐՏԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
Երկրորդ համաշխարահային պատերազմին հայերը տեղացիներուն հետ կողք-կողքի պայքարեցան նացի գերմանացիներուն դէմ։ Ոմանք իրենց կեանքը զոհեցին, ինչպէս Նշան Տէր Մարտիրոսեանը, որ զոհուեցաւ Rue de France փողոցին վրայ, ուրիր անունով յիշատակի տախտակ մը կայ մինչեւ այսօր։ Ան ծնած էր 1922-ին Կ. Պոլիս եւ 1923-ին ընտանիքով ներգաղթած էր Մարսէյ։
1970-1980-ականներու գաղթականներու երկրորդ ալիք
Գաղթականներու առաջին ալիքի մեծամասնութեամբ Նիսի մէջ հաստատուելէն ետք, հայերը հետզհետէ տարածուեցան Քոթ ՏԱզիւրի միւս քաղաքներուն մէջ, ինչպէս՝ Քան կամ Մոնաքօ։
1970-1980 տարիներուն գաղթականներու երկրորդ ալիք մը ժամանեց գլխաւորաբար Թուրքիայէն, բայց նաեւ Իրանէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ Եգիպտոսէն, հաստատուելով շրջանին մէջ։ Բարեկեցիկ ըլլալով, այս նոր հաստատուողները կը նուիրուին համայնքային կեանքի վերածաղկումին, որովհետեւ առաջին եւ երկրորդ սերունդի ձուլումը ֆրանսական միջավայրին մէջ այնքան խորացած էր, որ զիրենք հեռացուցած էր իրենց հայկական ինքնութենէն։ Նիսի, Քանի կամ այլ քաղաքներու մէջ միութիւններ կը ստեղծուին որպէսզի հայերէն լեզու եւ հայոց պատմութիւն սորվեցնեն նոր սերունդին:
1988-ին եկեղեցւոյ կողքին կառուցուեցաւ մշակութային եւ կրթական համալիր մը որ կոչուեցաւ «Պարսամեան», Լոնտոն բնակող առատաձեռն բարերարին՝ Թորոս Պարսամեանի անունով, որ նուիրեց ընդհանուր 6,7 միլիոն ֆրանք արժող համալիրին 5.5 միլիոն ֆրանքը։ Մնացեալ գումարը հայթայթեցին՝ 600.000 Ալփ-Մարիթիմի նահանգապետական խորհուրդը, որու նախագահն էր Ժագ Մետըսէն, եւ 600.000 ֆրանք՝ Նիսի եւ շրջակայքի հայկական համայնքը։
Գաղթականութեան վերջին ալիքը հասաւ 1990-ական թուականներէն սկսեալ, երբ Հայաստանէն սկսան ժամանել տնտեսական պատճառներով զանգուածային կերպով արտագաղթող հայերը, որոնք կը կազմէին Հայաստանի աշխատուժը։ Նիսի մէջ կը գործէ Նիսի Հայ Տիկնանց Միութեան Միօրեայ վարժարանը։
Այսօր Քոթ ՏԱզիւրի մէջ կ՛ապրին շուրջ 10 հազար հայեր, որոնցմէ 5000-ը Նիսի մէջ։ Անոնք ցրուած են ընդհանրապէս ծովեզերեայ բայց նաեւ լեռնային շրջաններու մէջ։ ։
Նորպէր Սարաճեան
Հայերէնի վերածեց՝ Գ.Դ.